Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-էն Տիգրան Զէյթճեան Վերստին Ճատրակի Ֆետերասիոնի Փոխնախագահ

Լիբանանի ճատրակի ընտանիքը եւս ընտրեց մարզաձեւը տնօրինող ֆետերասիոնին նոր վարչութիւնը:

Ալ-Ռիատի ակումբի Պէյրութի Մանարա շրջանի կեդրոնին մէջ, Կիրակի, 26 Յունուար 2025-ի առաւօտեան ճատրակի 33 ակումբներու ներկայացուցիչներ մէկտեղուեցան եզրափակելու անցնող տարեշրջանը եւ մեկնարկելու 2025-ի գործունէութիւնը: Ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի լիազօր ներկայացուցիչներ Տիգրան Զէյթճեանն ու Կարէն Պասմաճեանը:

Ժողովականները նախ գումարեցին ընդհանուր ժողով մը, որուն ընթացքին ընթերցուեցան եւ վաւերացուեցան ֆետերասիոնի անցնող տարեշրջանի աշխատանքներուն վարչական եւ նիւթական զեկոյցները, ապա երկրորդ նիստով կազմակերպուեցաւ ֆետերասիոնի նոր վարչութեան 11 անդամներուն ընտրութիւնը, զոր կարելի եղաւ յաջողցնել գրեթէ ամբողջական համաձայնութեամբ եւ առանց քուէարկութեան: Ճատրակի ֆետերասիոնի նոր նախագահ դարձաւ Ռաուատ Համուտը, իսկ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Գործադիր Մարմինի անդամ եւ  ճատրակի ակադեմիոյ տնօրէն Տիգրան Զէյթճեան երկրորդ շրջանն ըլլալով մնաց փոխնախագահի դիրքին վրայ, պաշտօնը բաժնելով Հապիպ Խալիլի հետ: Խալէտ Պատիհ դարձաւ ատենադպիր, Իմատ Ապու Խալիլ՝ հաշուապահ եւ Ալի Ժաուիշ՝ գանձապահ:

Այսպիսով, պասքէթպոլի եւ թէիքուանտոյի ֆետերասիոններէն ետք, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի պատասխանաու ներկայութիւնը պահպանուեցաւ նաեւ ճատրակի ֆետերասիոնին մէջ, շնորհիւ տարուէ տարի ընդարձակուող ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս ճատրակի ակադեմիոյ, լիբանանեան եւ տարածաշրջանային մակարդակով շարունակաբար գրանցուած դրական արդիւնքներուն, ակումբին մէջ ճատրակի մրցաշարքերու եւ աշխատանոցներու կազմակերպումին եւ մարզաձեւի լիբանանեան կառոյցին մէջ խաղցած արդիւնաւէտ եւ կառուցողական աշխատանքին:

Շնորհաւորութիւն Տիգրան Զէյթճեանին եւ ֆետերասիոնի նոր կազմին՝ յաջողութեան անկեղծ մաղթանքներով:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին