Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, 9-էն 17 Յունուար 2025-ին Տըքուէնիի «Keshmat» ճատրակի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ճատրակի խմբային առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը, մասնակցութեամբ լիբանանեան բոլոր շրջաններէն 10 ակումբներու՝ ներառեալ ախոյեանութեան մասնակից հայկական միակ կազմին՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի 8 ճատրակիստներուն: 9 փուլերու աւարտին, մարզիչ Ֆիտէ մասթըր Անթուան Քասսիսի գլխաւորած ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի խումբը ապահովեց ութ յաղթանակ՝ Ահլի Սայտա, Ֆրէր, Սովիէթ, Անիմասիոն, Ալ-Ուիֆաք, Մուպատարաթ եւ Սանապէլ ակումբերուն դէմ եւ կրեց միայն մէկ պարտութիւն՝ Անսարէն, դառնալով Լիբանանի փոխախոյեան, մինչ Անսար գրաւեց առաջին դիրքը: Սոյն յաջողութիւնը կարելի եղաւ իրագործել շնորհիւ ճատրակիստներուն եւ մարզիչին հետեւողական աշխատանքին, նաեւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս ճատրակի ակադեմիոյ պատասխանատու եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Տիգրան Զէյթճեանի անմիջական վերահսկողութեան եւ անդուլ ջանքերուն:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ