Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Արաքսի Կէպէնլեան Թէիքուանտոյի Ֆետերասիոնի Վարչութեան Անդամ

Լսել նիւթին լսողական տարբերակը

Ձայնագրութիւնը յառաջացած  է Armenian Text to Speech արհեստական բանականութեան միջոցով, որ այս պահուն կը գտնուի իր փորձառական փուլին մէջ:


Լիբանանի թէիքուանտոյի ընտանիքը ունի ֆետերասիոնի նոր վարչութիւն: Շաբաթ, 18 Յունուար 2025-ի յետմիջօրէին, Տպայէի Le Royal պանթոկին մէջ տեղի ունեցաւ ֆետերասիոնի ընդհանուր համաժողովը եւ յառաջիկայ 4 տարիներու վարչութեան ընտրութիւնը, ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն եւ ընտրելու իրաւունք ունեցող 59 ակումբներէն 51-ին պատգամաւորներուն: Համաժողովին եւ ընտրութեան մասնակցեցան նաեւ ՀԲԸՄ -ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի, Սին էլ Ֆիլի եւ Զահլէի ներկայացուցիչներ Գօգօ Քեշիշեան, Նշան Ղորղորեան ու Ժորժ Տէկիրմէնճեան, պաշտօնաւարտ վարչութեան անդամ Գարօլին Չայլեան եւ նոր վարչութեան թեկնածու Արաքսի Կէպէնլեան:

Վարչութեան անդամակցելու համար ներկայացուած էր 23 թեկնածութիւն, որոնցմէ 14-ը յետս կոչուեցան եւ մնացեալ 9 թեկնածուները առանց քուէարկութեան դարձան վարչութեան անդամներ՝ ներառեալ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ներկայացուցիչ Արաքսի Կէպէնլեանը, մինչ Տոքթ. Հապիպ Զարիֆէ երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ ատենապետ: Վարչութեան մնացեալ անդամներն են՝ Ռիշար Ապի Զէյտ Տաու, Ժոզէֆ Խուրի, Էլի Նահմէ, Հըսէյն Զաայթէր, Օմար Մասրի, Մոհամմատ Քազան եւ Պաշիր Մրատ:

ՀԲԸՄ -ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

*****

ԶԱՐԹՕՆՔ իր հերթին սրտանց կը շնորհաւորէ մեր համար հոգեհարազատ՝ նուիրեալ միութենական, Արաքսի Կէպէնլեանի ընտրութիւնը այս պատասխանատու պաշտօնին, իրեն եւ նոր վարչութեան մաղթելով լաւագոյնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին