Դժուար պիտի ըլլայ ամփոփ եւ պատշաճ ձեւով ներկայացնել Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը որուն կեանքի երկարատեւ երթը կանգ առաւ մօտ քառասուն օրեր առաջ:
Ան ծնած էր Հալէպ 1937 ին եւ յաճախած Ալէբբօ Ամերիկեան Գոլէճը , որմէ ետք ան բարձրագոյն ուսման իր աոաջին քայլերը աոաւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ , որմէ ստացաւ պսակաւոր գիտութեան վկայականը :Ապա բժշկութիւն ուսանեցաւ Գերմանիոյ նշանաւոր Հէյտելպերկ համալսարանին մէջ (հիմնուած 1836 ին) եւ մասնագիտացաւ սրտի հիւանդութեանց մէջ:
Ան իր երկարատեւ ասպարէզը սկսաւ Լիբանանի մէջ 1974 ին : Ան գործեց ձեռնհասութեամբ ,եղաւ յաջող եւ վստահութիւն ներշնչող հանրածանօթ բժիշկ մը, որուն հիւանդներու բազմաթիւ սերունդներ երախտապարտ եղան:
Ան ասպարէզին մէջ չսահամանափակուեցաւ նեղ անձնական գործունէութեամբ: Երբ հիմնուեցաւ Լիբանանի Սրտաբաններու Միութիւնը, ան հանդիսացաւ անոր աոաջին անդամներէն:
Ան մաս կազմեց Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտից միութեան , եւ հիմնադիր անդամ հանդիսացաւ Հէյտելպերկ համալսարանի շրջանաւարտից միութեան
Տոքթ. Գարաճրճեան գործօն ներկայութիւն էր Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան մէջ, ան բազմաթիւ անգամներ վարչութեան մաս կազմած էր : Ան իր կարծիքը միշտ ալ սիրով եւ առարկայականօրէն ներկայացուցած էր եւ միշտ բծախնդիր եղած էր ընդհանրական շահերուն նկատմամբ:Հակառակ իր բազմազբաղութեան, դժուար որ բացակայէր միութեան ձեռնարկներէն եւ գիտէր արդարօրէն ողջմտօրէն արժեւորել եւ քաջալերել կատարուած աշխատանքները :Ան 2018 ին պարգեւատրուեցաւ Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան կազմակերպութեամբ յատուկ հանդիսութեան ընթացքին , ձեռամբ Լիբանանի Բժշկական Սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղի աո ի գնահատանք՝ կրկնակիօրէն թէ որպէս բժիշկ եւ թէ իր հասարակական գործունէութեան համար :
Արդարեւ իր դերակատարութիւնը չսահմանափակուեցաւ բժշկական մարզով: Ան մաս կազմեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան, Պուրճ Համմուտի քաղաքապետական խորհուրդին: Ան եղաւ Րոթարի Սահել Մեթնի հիմնադիր անդամ : Ան ստանձնած էր Լիբանանի Ազգային Վարչութեան ատենապետութիւնը, ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետութիւնը:
Ան իր կեանքի ճանապարհորդութեան մօտ 50 տարիներուն ընթացքին ականատես եղած էր քաղաքացիական պատերազմին, բայց եւ այնպէս որոշած է չլքել երկիրը եւ մնալ Լիբանանի մէջ :
Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը գնահատուած էր իր կարողութեան եւ հասարակական գործունէութեան իր ներդրումին համար:Ան արժանաւոր ներկայացուցիչն էր լիբանանցի բժիշկին ընդհանրապէս եւ հայ բժիշկին մասնաւորապէս: Իր հետքը եւ դրոշմը ձգած էր իր ստանձնած բոլոր պատասխանատւութիւններուն մէջ :
Իր հիմնական արժանիքներէն մէկն էր նաեւ իր ընկերային բնաւորութիւնը եւ հակառակ իր ստանձնած պաշտօններուն ՝ համեստութիւնը, բայց ամէնէն կարեւորը անոր տածած յարգանքն է իր շրջապատին նկատմամբ :
Ան կը հաւատար հիւանդին եւ բժիշկին միջեւ զօրաւոր յարաբերութեան, եւ միշտ կ՛ընդգծէր որ թէեւ արհեստագիտութիւնը բժշկութեան մէջ կարեւոր է, կանխազգուշութիւնը եւ աոողջ ապրելակերպը հիմնական են եւ անփոխարինելի :
Յարգանք իր յիշատակին:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ