Խմբագրական Ազդ
Դէպի 90-ամեակ
Տէր, օրհնէ՛ ծառն այս մատղաշ։ Ես կը տնկեմ զայն ահա
Փխրուն եւ սեւ հողին մէջ ուր պապերըս կը պառկին.
Ես՝ անոնց թոռը հսկայ, այս հողին տէրն եմ կրկին,
Ու արեւուն տակ կ՚աճիմ՝ անունն իրենց շուրթիս վրայ…։
Պիտի բանայ ծառն այս մեծ իր բազուկներն ու հոգին,
Գրկած իր մէջ պապերուս արեւոտ շունչը անմահ.
Տէ՛ր, միսմինակ, նազելի, այս ծառն աղօթք մը ըլլա՜յ
Ու փաթթըւիլ իր մարմնոյն գան սիրողները գիւղին…։
Երկաթագիր պատմութիւնն այս մըտերիմ հողերուն
Աչքիս արցունք կը բերէ… Փառք ու մեռել շատ ունի
Երկիրն իմ հին, ալեւոր՝ որուն ես թոռն եմ վայրի,
Խոկումներով բեղմնաւոր, երազներով օրօրուն…:
…Մեռելներուս իբրեւ խաչ՝ ես այս ծառը տնկեցի…:
Լեւոն-Զաւէն Սիւրմելեան 1905-1995
Սրտի մեծ գոհունակութեամբ, ուրախ ենք յայտարարելու, որ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրութիւնը իր երախտագիտութեան նուազագոյն տուրքը տալու համար մեր թերթին յաւերժի ճամբորդ նուիրեալներուն, նախաձեռնած է ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Երախտաւորներու Պուրակ մը հիմնել Հայրենի հողի վրայ, ուր մեր թերթին իւրաքանչիւր նուիրեալ այնտեղ ունենայ իր անունը յաւերժացնող մշտադալար Եղեւնի:
Այս նպատակը իրագործելու համար, անանուն բարեկամ մը մեր Հայրենիքին բնակլիմայական ամենաանապակ շրջանին մէջ, շուրջ 3000 քառ. մեթր տարածութեամբ հողատարածք մը նուիրած է այս նախաձեռնութեան ի խնդիր, որ ամեն յարմարութիւն ունի ապագային աւելի եւս ընդլայնելու:
Մեր պուրակը պիտի հիմնուի Հայաստանի Լոռիի մարզի Գարգառ (հին անուանումով Գյառգյառ (հպարտ հպարտ) գիւղի տարածքին մէջ, ծովի մակերեսէն 1450 մ. բարձրութեան վրայ, դէպի Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայր՝ Դսեղ գիւղը բարձրացող ճանապարհին հարեւանութեամբ: Վանաձորէն դէպի Ստեփանաւան M3 Երեւան-Թիֆլիս հանրապետական մայրուղիին արեւելեան կողմը հիմնուելիք ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Երախտաւորներու Պուրակ-ին, հողատարածքը այս պահուն արդեն իսկ մշակման ու ծառատունկի պատրաստութեան փուլին մէջ է:
![](https://zartonkdaily.net/wp-content/uploads/2025/01/Burag.jpg)
Կը ծրագրուի 2025-ի Գարնան սկսիլ ծառատունկը, որ իւրաքանչիւր հարմար առիթով պիտի համալրուի Զարթօնքի երախտաւորներու նոր խումբի մը անունով տնկուած ծառերով եւ այսպէս շարունակաբար հասնելով 90 ծառի մինչեւ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի 90 ամեակի նշումը 2027 տարուայ Սեպտեմբերին:
Իւրաքանչիւր երախտաւորի Եղեւնին պիտի կրէ տուեալ երախտաւորին անունը, որուն քով տեղադրուած QR code-ի միջոցաւ պուրակի ապագայի այցելուները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու իւրաքանչիւր երախտաւորի կենսագրութեան:
Պուրակի ծրագիրը պիտի ունենայ խնամակալներու յանձնախումբ մը, որ պիտի տնօրինէ Պուրակին աշխատանքներն ու խնամքը:
Յառաջիկայ ամիսներուն, շարունակաբար պիտի անդրադառնանք ծրագրի ընթացքին մանրամասնութիւններուն:
Խմբ.