Հինգշաբթի, 09. 05. 2024

spot_img

Պատմութիւնը Միշտ Չէ, Որ Յաղթողը Կը Կերտէ

Դոկտ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Դժուար է ըսել, թէ ճշգրիտ ե՞րբ կամ ո՞վ առաջին անգամ ըսած է՝ «Պատմութիւնը յաղթողն է կերտողը» կամ «Պատմութիւնը յաղթողը կը գրէ»։ Այս թեւաւոր խօսքը, որ միանշանակ պատերազմին կը վերաբերի, յաճախ կը վերագրուի Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի։ Կ’ենթադրուի նաեւ, որ ան ազդուած է նացի քաղաքա­կան գործիչ եւ ռազմական յանցագործ Հերմանն Կէօրինկի Գերմանիոյ մէջ արտասա­նած մէկ ճառէն, որուն մէջ ան ըսած է. «Մենք պատմութեան մէջ կը մնանք կա՛մ որպէս աշխարհի ամենամեծ պետական գործիչներ, կա՛մ ամենավատ չարագործ­ներ»։ Իրողու­թեան մէջ, այս արտայայտութիւնը, որ պատմութեան հոլովոյթին մէջ մեծ նշանակու­թիւն ստացած է, շատ աւելի հին է, քան կ’ենթադրուի։

Մեր պատմահայրը՝ Մովսէս Խորենացին, պարթեւ թագաւորութեան եւ Արշակունեաց հարստութեան հիմնադիր Արշակ Ա. Պարթեւին կը վերագրէ այս խօսքը, երբ ան իր եղբայրը՝ Վաղարշակ Ա.-ը, կը կարգէ Հայոց աշխարհի թագաւոր, որ միաժամանակ կը դառնայ հիմնադիրը հայկական Արշակունեաց թագաւորութեան։ Այս առնչութեամբ ան կը մէջբերէ այսօր բոլորիս քաջածանօթ խորիմաստ ասացուածքը՝ ըսելով. «Զի սահ­մանք քաջաց, ասէ, զէնն իւրեանց, որքան հատանէ՝ այնքան ունի» («Որովհետեւ, կ’ըսէ, քաջերուն սահմանը իրենց զէնքն է, ինչքան կը կտրէ՝ այնքան կը տիրէ»)։ Այսպէս, Խորենացին նշուած արտայայտութիւնը առնուազն կը տանի մինչեւ Ք.ա. 250–211 թուականները, նոյնիսկ գուցէ աւելի հին կրնայ ըլլալ անոր ծագումը։

Արդարեւ, ռազմական հակամարտութիւններու եւ պատերազմներու աւարտին յաղ­թողն է, որ կը գերիշխէ իր նուաճած ժողովուրդին եւ մշակոյթին վրայ։ Ան հոն կը նշա­նակէ իր ուզած իշխանութիւնը, կը թելադրէ իրեն ձեռնտու օրէնսդրութիւնն ու սահմա­նադրութիւնը, նաեւ կը տարածէ իր լեզուն, որ իրեն համար լոկ հաղորդակցութիւն մըն է՝ պատմական նշանակութենէ եւ ինքնութենէ զուրկ։ Այն հանգամանքները, որոնք հանդիսացած են բուն դրդապատճառները պատերազմի բռնկումին, միակողմանիօրէն ինք կը պատմէ, նաեւ իր շահերուն համապատասխան կը ներկայացնէ անոր աւարտը։ Ան, ինչպէս քիչ առաջ նշուեցաւ, կը նկարագրէ ամբողջ պատմական դարաշրջանը, այսինքն չարափոխելով պատմական փաստերը՝ կը յօրինէ իր պատմութիւնը ու կ’ա­ւանդէ հետագայ սերունդներուն, որոնք զայն կ’ընկալեն իբրեւ ճշմարտութիւն։     

Իրատեսութենէ մեկնելով որքան ալ կեանքի բիրտ օրէնքներուն համապատասխան թուին վերոնշեալ մտածումները, պատմութիւնը ցոյց կու տայ շքադրամին դարձերեսը, որ նոյնքան իրական է։ Արդարեւ, յաճախ յաղթողները չեն պատմութեան եւ մարդկային քաղաքակրթութեան համարժէք թելադրողներն ու կերտողները, այլ բռնակալներուն դէմ համամարդկային արժէքներու պահպանման, սիրոյ, արդարութեան եւ ազատու­թեան համար երկարատեւ պայքար մղողները՝ ի վերջոյ ճշմարիտ յաղթանակ ամրա­գրողները։ Հետեւաբար միշտ որոտացող թնդանօթներն ու զօրահրամանատարները չեն պատմութիւնը թելադրողները, այլ անոնց դէմ հերոսական անզիջող եւ երկարատեւ պայքար մղողները։

Փոքրիկ ապստամբին արձանը՝ Վարշաւիա, Լեհաստան: Յուշարձան՝ նուիրուած մանուկ զինուորներուն, որոնք կռուած ու զոհուած են 1944 թուականին Վարշաւիոյ ապստամբութեան ժամանակ՝ նացի գերմանացիներուն դէմ։ Պրոնզէ քանդակի հեղինակ՝ Եժի Եարնուշկեւիչ։

Վերջերս պատահաբար հեռախօսիս լու­սապաստառին վրայ ցոլաց լուսանկար մը, որ 2020 թուականին Վարշաւիա այ­ցելութեանս առթիւ վերցուցած էի նոյն քաղաքի ապստամբութեան թանգարա­նին մէջ։ Սոյնը կը ներկայացնէր Լեհաս­տանը բռնագրաւած ֆաշիստ գերակշռող ուժերուն դէմ վարշաւացիներուն հերո­սական ապստամբութեան պատմութիւ­նը, որ տեղի ունեցած էր 1944 թուակա­նին։ Այնտեղ կը ցուցադրուէին այդ չա­րաբաստիկ ժամանակին մասին վկայող բազմաթիւ իրեր, լուսանկարներ, զէնք-զի­նամթերքէն, անձնական զանազան ա­ռարկաներէն մինչեւ ապստամբներուն պատկանող սիրային նամակներ՝ այցելու­ներուն ապստամբութեան պատմութեան զանազան փուլերուն մասին ամբողջա­կան պատկերացում մը հաղորդելու հա­մար: Պատերուն վրայ եւ տարբեր ցուցա­փեղկերուն մէջ ներկայացուած վաւերա­գրական լուսանկարները սահմռկեցուցիչ էին՝ հիմնայատակ կործանած եւ քարու­քանդ դարձած Վարշաւիան՝ գերեզմանային լայնածաւալ ու անկենդան տեսարաննե­րով։ Չարի թագաւորութեան ուժերուն դէմ անզօր եւ յանձնուած ըլլալու զգացումը ուղ­ղակի ընկճախտ պիտի տար ինծի, եթէ այդ վախազդեցիկ տեսարաններու գորշութեան վրայ չհանդիպէի լուսանկարի մը, որ լոյսի եւ յոյսի առկայծ մը հաղորդեց սրտիս։ Արուեստի այդ յօրինուածքը լուսանկարն էր «Փոքրիկ ապստամբին արձան»-ին, որուն բնօրինակ յուշարձանը կանգնած էր Վարշաւիոյ հին քաղաքի պատկառելի թաղամա­սերէն մէկուն մէջ։

Ապստամբը վտիտ պատանի մըն է, հազիւ տասը թէ տասնմէկ տարեկան, որ գլխուն վրայ կը կրէ նահատակ հերոսի մը ռազմական մետաղեայ խոշոր սաղաւարտը, հագին՝ իր մարմնի չափերէն մեծ բաճկոնակ մը, նմանապէս՝ զոյգ մը զինուորական երկարա­ճիտ կօշիկ, իսկ վիզէն կախուած է գնդացիր մը։ Բնականաբար պատանին տակաւին մանկադէմ է, բայց անոր վրայ բացորոշ են ապագայ տղամարդու դէմքի կտրուածքին գիծերը, այլեւ խիստ տպաւորիչ եւ ցնցող են այդ մեծ սաղաւարտին տակ հազիւ նշմար­ուող աչքերը, որոնց մէջ ժամանակին հետ քարացած է վրէժը՝ պատանիին պայքարելու անյողդողդ վճռակամութիւնը։ Ուժերու անհամեմատելի յարաբերութիւնը, զօրեղին դէմ տկարին մղած անհեռանկար թուող պայքարին բնական տրամաբանութեան մէջ չսեղ­մուող իրողութիւնը հոս ամենեւին չէ կարեւորը, այլ բռնակալութեան դէմ խորոխտ կե­ցուածք դրսեւորելու, բարբարոսութիւնը մերժելու եւ անոր դէմ մինչեւ վերջ մարտնչելու կամքի առկայութիւնն է էականը, որ ահաւասիկ իր յուսաժպիտ անձին մէջ կ’արձա­նացնէ այդ փոքրիկ ապստամբը։ 

Այս լուսանկարը իրօք թարմացուց յիշողութիւնս եւ յուզախառն մտածումներս  ուղ­ղորդեց դէպի մեր մօտ անցեալը՝ պատահած իրադարձութիւններուն բովանդակ անբա­րեյուսութիւնը եւ այսօրուան անկայուն իրականութիւնը, որուն յանձնուած ըլլալու անզօրութեան զգացումը տակաւին կը ճնշէ մեր միտքը։ Պիտի չուզեմ յանկերգել վեր­ջին պատերազմին մեր կրած ծանր պարտութեան եւ անփոխարինելի կորուստներուն պատմութիւնը, անդրադառնալ հարեւան թշնամիին ծաւալապաշտական նկրտումնե­րուն, մեր ազգային բազմադարեան պատմութիւնը զեղծելու եւ մշակոյթ թալանելու իր մշակած ծրագրերուն, որոնք նաեւ այսօր Դամոկլեան սուրերու պէս կախուած են մեր գլխուն վրայ։ Այնուամենայնիւ, հակառակ այս իրողութեան, միջազգային պատմութիւ­նը, առաւել եւս մեր ազգայինը կու գան մեզի պատգամելու, որ ոչ մէկ բռնապետ, ոչ մէկ նախայարձակում (ագրեսիա) իրականացնող պետութիւն ցայսօր չէ կրցած զէնքի ուժով ճնշել թէկուզ իրմէ յաղթուած ժողովուրդ մը. տիեզերքի մէջ ոչինչ աւելի ուժեղ եւ տոկուն է, քան մարդուն մէջ գոյութիւն ունեցող բնածին ազատ ապրելու ցանկութիւնը, որուն ոչ մէկ իշխանութիւն երկարաժամկէտ չի կրնար դէմ կանգնիլ, ոչ իսկ ամենազօրեղ բռնա­կալ մը իր գերհզօր բանակով եւ գերարդիական զէնքերով։

Այս առումով պատմութիւնը փառահեղ փաստեր արձանագրած է իր ոսկիէ էջերուն մէջ, որոնց անունները,– ըլլան անոնք անհատ հերոսներ թէ հաւաքականութիւններ,– յաղթանակի դափնիով պսակած է՝ վերածելով զանոնք կենդանի խորհրդանշաններու կամ մնայուն ներշնչարանի մը բռնաճնշուած անհատներու եւ ազգերու համար։

Առանց ծանրաբեռնելու առկայ յօդուածին միտք բանին, պիտի ուզէի քանի մը կար­կառուն օրինակներ նշել պատմական նման իրադարձութիւններու.

Նախակրթարանի տարիներուն, կրօնի դասերէն տակաւին ի տղայի տիոց սորված ենք Աստուածաշունչին աւանդած ամենայայտնի դրուագներէն Դաւիթի ու Գողիաթի պատմութիւնը։ Այս աւանդութեան հիմնական ուղերձը այն է, որ չափն ու ուժը միշտ չէ, որ հակամարտութիւններու առթիւ գերհզօրին ի նպաստ վճռորոշ ելք մը կ’ապահովեն: Դաւիթ, որ երիտասարդ հովիւ մըն էր, կը տապալէ զինք մենամարտի կանչած հսկայ Գողիաթը՝ իր պարսատիկէն արձակած ընդամէնը քարով մը: Այս պատմութիւնը յա­ճախ կը մեկնաբանուի իբրեւ պերճախօս օրինակ, թէ ինչպէ՛ս կրնան քաջութիւնը, հա­ւատքն ու հմտութիւնը աւելի կարեւոր ըլլալ, քան ֆիզիքական ուժը կամ արտաքին հանգամանքները: Արդարեւ, կարելի է յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած նոյնիսկ ան­յաղթահարելի թուող խոչընդոտները, եթէ մեր ներսիդին առկայ է վճռականու­թեան, ինքնավստահութեան եւ յարատեւութեան անխորտակելի ոգին:

Դասական հանրածանօթ օրինակ մըն է նաեւ Մարաթոնի ճակատամարտը, որ տեղի ունեցած է Ք.ա. 490 թուականին՝ պարսիկներուն եւ աթենացիներուն միջեւ։ Մարա­թոնը անհաւասար ուժերու՝ պարսիկներու սպառազինուած գերակշռող բանակին դէմ աթենացիներուն թիւով շատ աւելի փոքրաքանակ ռազմիկներու մղած ինքնապաշտ­պանական ճակատամարտն էր, որ կ’աւարտի փայլուն յաղթանակով մը՝ շնորհիւ իրենց ցուցաբերած վճռականութեան եւ հմուտ մարտավարութեան։ Ճիշդ օգտագործելով իրենց իմացութիւնը սեփական երկրին, միջավայրին եւ աշխարհագրական տեղանքին մասին, նաեւ իրագործելով վազքի իրենց բացառիկ կարողութիւնները, աթենացիք կրցան անակնկալի բերել պարսիկ զօրաբանակը եւ ջախջախել զայն։ Այս պատմական ճակատամարտը ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ գերակշռող ուժերու դէմ վճռական եւ ռազ­մավարական հմուտ դիմադրութիւն ցուցաբերել միշտ ալ կարելի է։ Պէտք չէ վախնալ թշնամիին ուժէն եւ բանակներու թուաքանակէն, եթէ յաղթուածը տակաւին իր մէջ կը կրէ ազատասիրութեան, հայրենասիրութեան ու դիմադրողական ոգիին առկայծումնե­րը։ 

Աւելին՝ Մարաթոնի ճակատամարտը յաճախ կը խորհրդանշէ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան յաղթանակը օտար տիրապետութեան եւ բռնակալութեան դէմ՝ ի խնդիր հայրենիքի անկախութեան եւ ազգի ազատութեան, որոնց պաշտպանութեան համար ոչինչ պէտք է խնայել, նոյնիսկ սեփական կեանքը։

Դասական ուրիշ օրինակ մը կը ներկայացնէ Թերմոփիլեսի ճակատամարտը Ք.ա. 480 թուականին։ Սփարթայի թագաւոր Լէոնիտասի գլխաւորութեամբ յոյն ռազմիկներու փոքրաթիւ գունդ մը՝ ընդամէնը 300 քաջամարտիկէ բաղկացած, կը դիմադրէ Քսերքսես Ա.-ի առաջնորդած թէ՛ քանակով եւ թէ՛ սպառազինութեամբ գերակշռող ուժին։ Թէեւ եռօրեայ այս ճակատամարտին ընթացքին սփարթացիներ կը նահատակուին, սակայն Թերմոփիլեսի ճակատամարտը եւ սփարթացիներուն հերոսական դիմադրութիւնը կը դառնան յոյներու արիութեան եւ ազատասիրութեան խորհրդանիշը՝ դարէ-դար ներ­շնչելով բանաստեղծներ, արուեստագէտներ, բազմաթիւ յեղափոխականներ եւ բռնու­թեան դէմ պայքարող ազատամարտիկներ։

Բայց ինչո՞ւ խորասուզուիլ օտար ազգերու պատմութեան էջերուն մէջ, երբ մեր ազգին՝ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութիւնը սկիզբ առած է ազատասիրութեան փառաշուք փաստով։ Աւանդութի՞ւն, թէ՞ պատմական իրողութիւն, ի՞նչ փոյթ, երբ ժողովուրդիդ գոյառման հիմքը, հայ անունդ եւ Հայաստան դրախտավայր երկիրդ Հայկ նահապետիդ անունէն, անոր արիւնէն, հայկազուն տոհմէն եւ բռնակալ Բելին դէմ մղած իր յաղթապանծ ճակատամարտէն յառաջացած է։ Դժուար է ըսել, ազատատենչ մեր նահապետը եթէ երբեք ընդառաջէր Բելին եւ ենթարկուէր անոր իշխանութեան, արդ­եօ՞ք գոյութիւն պիտի ունենար հայ ժողովուրդը։ Ի՛նչ ալ ըլլար, Թորգոմայ տան եւ հայ­կազեան ցեղին ժառանգորդ ըլլալու իրողութիւնը արժանապէս հպարտութիւն կ’առթէ եւ բացառաբար այն մենաշնորհը, որ ոչ թէ ստրուկ ցեղի մը զաւակներն ենք, այլ սա­ղարթներն ենք հայկական լեռնաշխարհի հողին մէջ աճած հաստաբուն այն կաղնիին, որուն հաստարմատը կազմաւորուած ու սնած է ազատութեան եւ անկախութեան աւիշով։ Դարերու թէժ քուրային մէջ կոփուած ինքնութիւն մըն է ան, որուն կրողներն ենք մենք բոլորս՝ հայկազեան ցեղի զտարիւն ժառանգորդ դուստրերս եւ ուստերս։   

Տակաւին վերջերս ազգովին կրկին անգամ ոգեկոչեցինք 1573 տարի առաջ Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Վարդանանց ճակատամարտին ներշնչող յիշատակը։ Թէպէտ քաջն Վարդան եւ իր զինակիցները պարսկական գերակշռող ուժին դէմ զոհաբերելով իրենց կեանքը յաղթուեցան, բայց անոնց ըմբոստութիւնը, Վարդանանց պատերազմը Վահանեանց հետեւողական շարժումով եւ Նուարսակի 484 թուականի դաշնագրով յաղթանակով պսակուեցաւ։ «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց» Վարդա­նանց կարգախօսը ոտքի կոխան չդարձաւ, այլ դարերու փոթորկումներուն մէջ միշտ ալ շողաց հայոց ազատագրական գոյամարտի փողփողուն դրօշին վրայ։  

Պատմութեան հոլովոյթին մէջ հայ ժողովուրդը չէ զլացած շարունակելու իր երթը եւ մղելու իր անհամար գոյապայքարները իր երկիրը ասպատակող տիրակալ օտար ու­ժերուն եւ զաւթիչներուն դէմ։ Թէպէտ անոնք վոհմակներով վայրենի մեր երկիրը յա­ճախ վերածած են ողբի եւ որբի հայրենիքի մը, խրած են իրենց սուրերն ու նիզակները մեր ժողովուրդի արիւնաքամ սրտին մէջ, սակայն միշտ ալ ձախողած են լլկելու հայու հոգին ու եղած են անկարող զգետնելու անոր մէջ աննահանջ սէրը հանդէպ ազատու­թեան եւ անկոտրում կամքը նորէն ու նորէն կերտելու իր անկախ պետականութիւնը։

Պարոյր Սեւակ, հայոց անմահանուն բանաստեղծը, որուն ծննդեան 100-ամեակը այս տարի արժանաբար պիտի նշեն հայ ժողովուրդի երախտաշատ զաւակները ի Հայաս­տան եւ սփիւռս աշխարհի, որքան լաւ ըմբռնած եւ պերճախօս պատկերով ցոլացու­ցած է ազգային այս գերազանց արժանիքը Սարդարապատի հերոսամարտին նուիր­ուած իր բանաստեղծութեան մէջ. 

«Երբ չի մնում ելք ու ճար,

Խենթերն են գտնում հնար,

Այսպէս ծագեց, արեգակեց

Սարդարապատի մարտը մեծ:

Զանգեր, ղօղանջէք,

Սրբազան քաջերին կանչէք

Այս արդար պատից:

Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք

Սարդարապատից:

Աւարայրից ջանք առանք,

Այստեղ մի պահ կանգ առանք,

Որ շունչ առած շունչներս տանք

Սարդարապատի պատի տակ:

Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,

Մենք չյանգանք՝ դեռ կը գանք,

Երբ տան զանգը, ահազանգը,

Որ մեր հոգու պարտքը տանք»:

Արդարեւ, ռազմական ոչ մէկ երաշխիք գոյութիւն ունէր Սարդարապատը շահելու։ Հիւ­ծած Հայաստան մը՝ վտանգուած մահաբեր համավարակներով եւ ցեղասպանութենէն մազապուրծ հազարաւոր գաղթականներով ու սովահար որբերով գերբեռնուած, յիրա­ւի ընկղմած տնտեսական ու քաղաքական ճգնաժամի մէջ։ Սակայն եւ այնպէս, շնորհիւ հայ հերոսներու անձնուրացութեան, Արամ Մանուկեանի, Թովմաս Նազարբէկեանի, Մովսէս Սիլիկեանի, Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանի, Պօղոս Բէկ-Փիրումեանի, Քրիստափոր Արարատեանի հմուտ մարտավարութեան, նաեւ բազմաթիւ շարքային կռուողներու արիութեան, հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ աշխարհական ուժերուն ցուցաբերած միաս­նականութեան, բռնցքաւորուելու բացառիկ կամքի դրսեւորման, թուրք ջարդարար­ներու՝ Եաքուբ Շեւքիի, Քեազըմ Գարապեքիրի եւ Համտի Պէյ-Փիրսելիմօղլուիի առաջ­նորդած զօրաբանակները ջախջախիչ պարտութիւն կրելով ստիպուած եղան նահանջ­ելու։ Այսպէս, Սարդարապատի իննօրեայ ճակատամարտը պսակուեցաւ հայոց լիակա­տար յաղթանակով՝ մեծապէս նպաստելով նորահռչակ Հայաստանի Ա. Հանրապետու­թեան ծնունդին ու կայացման։ 

Ի դէպ, բոլորովին աւելորդ պիտի չըլլար անդրադառնալու այստեղ մերօրեայ պատմա­կան իրադարձութեան, երբ ֆաշիստ ուժերու դէմ ֆրանսական դիմադրութեան առա­ջամարտիկ նահատակ հերոսներէն Միսաք Մանուշեան իր կնոջ՝ Մելինէի հետ, կ’արժանանան Ֆրանսայի Հանրապետութեան յետ մահու շնորհած բարձրագոյն պա­տիւին՝ իրենց աճիւններուն պանթէոնականացումով։ Հայ ժողովուրդի տիրական զա­ւակները իրենց անմնացորդ զոհողութիւններով, ընդհուպ մինչեւ սեփական կեանքի զո­հաբերութեան գնով ոչինչ խնայած են նպաստելու համար պատմութեան այն հզօր պայքարներուն, որոնք մղուած են բռնակալութեան, բարբարոսութեան եւ խաւարի կոր­ծանարար ուժերուն դէմ։ Ահաւասիկ հոս ալ միշտ չէ, որ ուժը կ’իշխէ եւ բռնակալը կը թելադրէ պատմութեան ընթացքը։ Ֆրանսական դիմադրութիւնը գերմանաֆաշիս­տական գերակշռող ուժին դէմ պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ վերջին խօսքը սիրոյ, ազատութեան եւ մարդկային մնայուն արժէքներու համար մղուած պայքարին կը պատկանի։ Միսաք Մանուշեան եւ իրեն հետ նահատակ իր 23 ընկերները իրենց կեան­քով, հերոսական գործով ու պարտաւորեցնող յիշատակով այս համոզումին կրանիտ­եայ վկայութիւններէն են։ 

Պատանեկութեանս օրերէն այսօրուան պէս կը յիշեմ Պէյրութի հարաւային արուար­ձանին՝ Տահիէի շրջանին մէջ ապրող լիբանանցի եւ ոչ-լիբանանցի շիա համայնքին պատկանող ժողովուրդին թշուառ վիճակը։ Ծովափնեայ անսահման տարածքին երկա­րող այդ վրանաշէն կամ թիթեղաշէն տուները, որոնց անհիւրընկալ միջավայրին մէջ կ’ապրէր հազարներու հասնող խղճալի ժողովուրդ մը, չունէր նոյնիսկ ինքնութիւն կամ մարդավայել կեանք մը ապրելու որեւէ հեռանկար։ Այրերը մեծաւ մասամբ իրենց օրա­պահիկը կ’ապահովէին պատահական ծառայութիւններ կատարելով, իսկ երեխաներու բանակ մըն ալ օրը կ’անցընէր մուրացկանութեամբ՝ թափառելով քաղաքին աղմկոտ մայթերուն վրայ։ Բայց առանց նախապաշարումներու պէտք է գնահատել անոնց ներ­կան, թէ այդ անբարեյոյս բազմութիւնը այսօր ի՛նչ եղաւ։ Կարիքը, զրկանքը, ճնշող աղ­քատութիւնը, բայց ա՛լ աւելի իրեն հանդէպ զլացումը՝ տալու մարդկային արժանա­պատուութեան նուազագոյն իրաւունքը, անզիջող պայքարներու բորբ քուրային մէջ ծնաւ հմուտ ղեկավարութիւն մը, որ համախմբեց եւ կազմակերպեց այդ ժողովուրդը՝ ձեւաւորելով կուսակցութիւն մը, որ ինքզինք կոչեց «Աստուծոյ կուսակցութիւն»։ Լի­բանանի շիա համայնքը ներկայացնող այս կուսակցութիւնը հետզհետէ կրցաւ դառնալ ոչ միայն երկրին, այլեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ամենապատկառազդու քաղաքա­կան եւ ռազմական ուժերէն մին, զոր այսօր ստիպուած են հաշուի առնելու նաեւ աշ­խարհի գերհզօր տէրութիւնները, ինչ փոյթ, թէ անոնք բացասական ինչպիսի անուննե­րով կը պիտակաւորեն զինք։

Անշուշտ միշտ կարելի է առարկել՝ ըսելով, թէ վերոնշեալ շիա ժողովուրդը հեղինակու­թիւն ստացաւ աջակցութեամբ այս կամ այն պետութեան տրամադրած նիւթական եւ ռազմական օժանդակութեան։ Բայց ոչ ոք կ’օգնէ անկարի մը, երբ ան կազմակերպուե­լու եւ ջոլիր մը ըլլալէ անդին լուրջ հաւաքականութեան վերածուելով իր անձին հանդէպ համապատասխան յարգանք չի պարտադրեր։ Ի վերջոյ պէտք է տարբերիլ խոտա­ճարակ անասուններու ցեղին պատկանելու ստրկահոգութենէն, այլ պէտք է խրոխտա­նալ, բռունցք բարձրացնել, գիտակցական բարձրագոյն մակարդակի հասցնել սեփա­կան անձիդ եւ ժողովուրդիդ արժանապատուութեան զգացումը, սէրը ազատութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան հանդէպ։ Ոչ թէ յարգանք մուրալ օտարէն, այլ զայն օտարին պարտադրել։ Ա՛յս է մերօրեայ իմաստը Խորենացւոյն «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց» վերոնշեալ պատգամին։ Հարկ է զայն ճիշդ թարգմանել մեր ներկայ կեանքին մէջ ու կենսագործել հայօրէն։ Բռնակալին առջեւ միշտ վիզ եւ ծունկ ծռողն ու մէջքը խոնարհողը վերջաւորութեան կուզ մը մնայ։ Ի վերջոյ, բռնակալները չեն, որ կը ստեղծեն բռնակալութիւնը, այլ ստրկահոգի մարդակերպ ջոլիրը։

Միջազգային պատմութենէն եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր անցեալի ոսկեզօծ էջերէն բերուած վերոնշեալ վկայութիւնները վառ օրինակներ կը հանդիսանան, թէ ինչպէ՛ս ենթադրաբար աւելի թոյլ թուող անհատներն ու խումբերը կրցած են ընդդիմանալ, անխոնջ պայքարիլ եւ ի վերջոյ յաղթել հզօր հակառակորդներուն իրենց ամուր վճռա­կամութեան, կազմակերպուածութեան եւ, յատկապէս, իրենց թիկունքը կեցած համա­ժողովրդային զանգուածներու նիւթաբարոյական օժանդակութեան շնորհիւ: Այս իրա­դարձութիւնները մարդկային կամքի փոխակերպող ուժի ցայտուն վկայութիւններ են, որոնք ցոյց կու տան, որ անկախ պարագաներէ, թէ ինչքան բիրտ ու ճնշող կը թուին ըլլալ խոչընդոտները, միեւնոյն է, արդարութեան եւ ազատութեան հաւաքական ձգտու­մը ունի այն անսպառ եւ վերանորոգ ուժը՝ հակազդել կարենալու համար հին եւ նոր սուլթաններու սպառնալիքներուն եւ քանդելու անոնց շինծու ժողովրդավարութեան քօղով ծածկուած բռնատիրական վարչաձեւը՝ ամրագրելով նոր եւ ազատ, ստեղծա­գործ ու շինարար կեանք մը ապրելու իրաւունքը:

Ժընեւ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին