Դոկտ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Դժուար է ըսել, թէ ճշգրիտ ե՞րբ կամ ո՞վ առաջին անգամ ըսած է՝ «Պատմութիւնը յաղթողն է կերտողը» կամ «Պատմութիւնը յաղթողը կը գրէ»։ Այս թեւաւոր խօսքը, որ միանշանակ պատերազմին կը վերաբերի, յաճախ կը վերագրուի Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլի։ Կ’ենթադրուի նաեւ, որ ան ազդուած է նացի քաղաքական գործիչ եւ ռազմական յանցագործ Հերմանն Կէօրինկի Գերմանիոյ մէջ արտասանած մէկ ճառէն, որուն մէջ ան ըսած է. «Մենք պատմութեան մէջ կը մնանք կա՛մ որպէս աշխարհի ամենամեծ պետական գործիչներ, կա՛մ ամենավատ չարագործներ»։ Իրողութեան մէջ, այս արտայայտութիւնը, որ պատմութեան հոլովոյթին մէջ մեծ նշանակութիւն ստացած է, շատ աւելի հին է, քան կ’ենթադրուի։
Մեր պատմահայրը՝ Մովսէս Խորենացին, պարթեւ թագաւորութեան եւ Արշակունեաց հարստութեան հիմնադիր Արշակ Ա. Պարթեւին կը վերագրէ այս խօսքը, երբ ան իր եղբայրը՝ Վաղարշակ Ա.-ը, կը կարգէ Հայոց աշխարհի թագաւոր, որ միաժամանակ կը դառնայ հիմնադիրը հայկական Արշակունեաց թագաւորութեան։ Այս առնչութեամբ ան կը մէջբերէ այսօր բոլորիս քաջածանօթ խորիմաստ ասացուածքը՝ ըսելով. «Զի սահմանք քաջաց, ասէ, զէնն իւրեանց, որքան հատանէ՝ այնքան ունի» («Որովհետեւ, կ’ըսէ, քաջերուն սահմանը իրենց զէնքն է, ինչքան կը կտրէ՝ այնքան կը տիրէ»)։ Այսպէս, Խորենացին նշուած արտայայտութիւնը առնուազն կը տանի մինչեւ Ք.ա. 250–211 թուականները, նոյնիսկ գուցէ աւելի հին կրնայ ըլլալ անոր ծագումը։
Արդարեւ, ռազմական հակամարտութիւններու եւ պատերազմներու աւարտին յաղթողն է, որ կը գերիշխէ իր նուաճած ժողովուրդին եւ մշակոյթին վրայ։ Ան հոն կը նշանակէ իր ուզած իշխանութիւնը, կը թելադրէ իրեն ձեռնտու օրէնսդրութիւնն ու սահմանադրութիւնը, նաեւ կը տարածէ իր լեզուն, որ իրեն համար լոկ հաղորդակցութիւն մըն է՝ պատմական նշանակութենէ եւ ինքնութենէ զուրկ։ Այն հանգամանքները, որոնք հանդիսացած են բուն դրդապատճառները պատերազմի բռնկումին, միակողմանիօրէն ինք կը պատմէ, նաեւ իր շահերուն համապատասխան կը ներկայացնէ անոր աւարտը։ Ան, ինչպէս քիչ առաջ նշուեցաւ, կը նկարագրէ ամբողջ պատմական դարաշրջանը, այսինքն չարափոխելով պատմական փաստերը՝ կը յօրինէ իր պատմութիւնը ու կ’աւանդէ հետագայ սերունդներուն, որոնք զայն կ’ընկալեն իբրեւ ճշմարտութիւն։
Իրատեսութենէ մեկնելով որքան ալ կեանքի բիրտ օրէնքներուն համապատասխան թուին վերոնշեալ մտածումները, պատմութիւնը ցոյց կու տայ շքադրամին դարձերեսը, որ նոյնքան իրական է։ Արդարեւ, յաճախ յաղթողները չեն պատմութեան եւ մարդկային քաղաքակրթութեան համարժէք թելադրողներն ու կերտողները, այլ բռնակալներուն դէմ համամարդկային արժէքներու պահպանման, սիրոյ, արդարութեան եւ ազատութեան համար երկարատեւ պայքար մղողները՝ ի վերջոյ ճշմարիտ յաղթանակ ամրագրողները։ Հետեւաբար միշտ որոտացող թնդանօթներն ու զօրահրամանատարները չեն պատմութիւնը թելադրողները, այլ անոնց դէմ հերոսական անզիջող եւ երկարատեւ պայքար մղողները։
Վերջերս պատահաբար հեռախօսիս լուսապաստառին վրայ ցոլաց լուսանկար մը, որ 2020 թուականին Վարշաւիա այցելութեանս առթիւ վերցուցած էի նոյն քաղաքի ապստամբութեան թանգարանին մէջ։ Սոյնը կը ներկայացնէր Լեհաստանը բռնագրաւած ֆաշիստ գերակշռող ուժերուն դէմ վարշաւացիներուն հերոսական ապստամբութեան պատմութիւնը, որ տեղի ունեցած էր 1944 թուականին։ Այնտեղ կը ցուցադրուէին այդ չարաբաստիկ ժամանակին մասին վկայող բազմաթիւ իրեր, լուսանկարներ, զէնք-զինամթերքէն, անձնական զանազան առարկաներէն մինչեւ ապստամբներուն պատկանող սիրային նամակներ՝ այցելուներուն ապստամբութեան պատմութեան զանազան փուլերուն մասին ամբողջական պատկերացում մը հաղորդելու համար: Պատերուն վրայ եւ տարբեր ցուցափեղկերուն մէջ ներկայացուած վաւերագրական լուսանկարները սահմռկեցուցիչ էին՝ հիմնայատակ կործանած եւ քարուքանդ դարձած Վարշաւիան՝ գերեզմանային լայնածաւալ ու անկենդան տեսարաններով։ Չարի թագաւորութեան ուժերուն դէմ անզօր եւ յանձնուած ըլլալու զգացումը ուղղակի ընկճախտ պիտի տար ինծի, եթէ այդ վախազդեցիկ տեսարաններու գորշութեան վրայ չհանդիպէի լուսանկարի մը, որ լոյսի եւ յոյսի առկայծ մը հաղորդեց սրտիս։ Արուեստի այդ յօրինուածքը լուսանկարն էր «Փոքրիկ ապստամբին արձան»-ին, որուն բնօրինակ յուշարձանը կանգնած էր Վարշաւիոյ հին քաղաքի պատկառելի թաղամասերէն մէկուն մէջ։
Ապստամբը վտիտ պատանի մըն է, հազիւ տասը թէ տասնմէկ տարեկան, որ գլխուն վրայ կը կրէ նահատակ հերոսի մը ռազմական մետաղեայ խոշոր սաղաւարտը, հագին՝ իր մարմնի չափերէն մեծ բաճկոնակ մը, նմանապէս՝ զոյգ մը զինուորական երկարաճիտ կօշիկ, իսկ վիզէն կախուած է գնդացիր մը։ Բնականաբար պատանին տակաւին մանկադէմ է, բայց անոր վրայ բացորոշ են ապագայ տղամարդու դէմքի կտրուածքին գիծերը, այլեւ խիստ տպաւորիչ եւ ցնցող են այդ մեծ սաղաւարտին տակ հազիւ նշմարուող աչքերը, որոնց մէջ ժամանակին հետ քարացած է վրէժը՝ պատանիին պայքարելու անյողդողդ վճռակամութիւնը։ Ուժերու անհամեմատելի յարաբերութիւնը, զօրեղին դէմ տկարին մղած անհեռանկար թուող պայքարին բնական տրամաբանութեան մէջ չսեղմուող իրողութիւնը հոս ամենեւին չէ կարեւորը, այլ բռնակալութեան դէմ խորոխտ կեցուածք դրսեւորելու, բարբարոսութիւնը մերժելու եւ անոր դէմ մինչեւ վերջ մարտնչելու կամքի առկայութիւնն է էականը, որ ահաւասիկ իր յուսաժպիտ անձին մէջ կ’արձանացնէ այդ փոքրիկ ապստամբը։
Այս լուսանկարը իրօք թարմացուց յիշողութիւնս եւ յուզախառն մտածումներս ուղղորդեց դէպի մեր մօտ անցեալը՝ պատահած իրադարձութիւններուն բովանդակ անբարեյուսութիւնը եւ այսօրուան անկայուն իրականութիւնը, որուն յանձնուած ըլլալու անզօրութեան զգացումը տակաւին կը ճնշէ մեր միտքը։ Պիտի չուզեմ յանկերգել վերջին պատերազմին մեր կրած ծանր պարտութեան եւ անփոխարինելի կորուստներուն պատմութիւնը, անդրադառնալ հարեւան թշնամիին ծաւալապաշտական նկրտումներուն, մեր ազգային բազմադարեան պատմութիւնը զեղծելու եւ մշակոյթ թալանելու իր մշակած ծրագրերուն, որոնք նաեւ այսօր Դամոկլեան սուրերու պէս կախուած են մեր գլխուն վրայ։ Այնուամենայնիւ, հակառակ այս իրողութեան, միջազգային պատմութիւնը, առաւել եւս մեր ազգայինը կու գան մեզի պատգամելու, որ ոչ մէկ բռնապետ, ոչ մէկ նախայարձակում (ագրեսիա) իրականացնող պետութիւն ցայսօր չէ կրցած զէնքի ուժով ճնշել թէկուզ իրմէ յաղթուած ժողովուրդ մը. տիեզերքի մէջ ոչինչ աւելի ուժեղ եւ տոկուն է, քան մարդուն մէջ գոյութիւն ունեցող բնածին ազատ ապրելու ցանկութիւնը, որուն ոչ մէկ իշխանութիւն երկարաժամկէտ չի կրնար դէմ կանգնիլ, ոչ իսկ ամենազօրեղ բռնակալ մը իր գերհզօր բանակով եւ գերարդիական զէնքերով։
Այս առումով պատմութիւնը փառահեղ փաստեր արձանագրած է իր ոսկիէ էջերուն մէջ, որոնց անունները,– ըլլան անոնք անհատ հերոսներ թէ հաւաքականութիւններ,– յաղթանակի դափնիով պսակած է՝ վերածելով զանոնք կենդանի խորհրդանշաններու կամ մնայուն ներշնչարանի մը բռնաճնշուած անհատներու եւ ազգերու համար։
Առանց ծանրաբեռնելու առկայ յօդուածին միտք բանին, պիտի ուզէի քանի մը կարկառուն օրինակներ նշել պատմական նման իրադարձութիւններու.
Նախակրթարանի տարիներուն, կրօնի դասերէն տակաւին ի տղայի տիոց սորված ենք Աստուածաշունչին աւանդած ամենայայտնի դրուագներէն Դաւիթի ու Գողիաթի պատմութիւնը։ Այս աւանդութեան հիմնական ուղերձը այն է, որ չափն ու ուժը միշտ չէ, որ հակամարտութիւններու առթիւ գերհզօրին ի նպաստ վճռորոշ ելք մը կ’ապահովեն: Դաւիթ, որ երիտասարդ հովիւ մըն էր, կը տապալէ զինք մենամարտի կանչած հսկայ Գողիաթը՝ իր պարսատիկէն արձակած ընդամէնը քարով մը: Այս պատմութիւնը յաճախ կը մեկնաբանուի իբրեւ պերճախօս օրինակ, թէ ինչպէ՛ս կրնան քաջութիւնը, հաւատքն ու հմտութիւնը աւելի կարեւոր ըլլալ, քան ֆիզիքական ուժը կամ արտաքին հանգամանքները: Արդարեւ, կարելի է յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած նոյնիսկ անյաղթահարելի թուող խոչընդոտները, եթէ մեր ներսիդին առկայ է վճռականութեան, ինքնավստահութեան եւ յարատեւութեան անխորտակելի ոգին:
Դասական հանրածանօթ օրինակ մըն է նաեւ Մարաթոնի ճակատամարտը, որ տեղի ունեցած է Ք.ա. 490 թուականին՝ պարսիկներուն եւ աթենացիներուն միջեւ։ Մարաթոնը անհաւասար ուժերու՝ պարսիկներու սպառազինուած գերակշռող բանակին դէմ աթենացիներուն թիւով շատ աւելի փոքրաքանակ ռազմիկներու մղած ինքնապաշտպանական ճակատամարտն էր, որ կ’աւարտի փայլուն յաղթանակով մը՝ շնորհիւ իրենց ցուցաբերած վճռականութեան եւ հմուտ մարտավարութեան։ Ճիշդ օգտագործելով իրենց իմացութիւնը սեփական երկրին, միջավայրին եւ աշխարհագրական տեղանքին մասին, նաեւ իրագործելով վազքի իրենց բացառիկ կարողութիւնները, աթենացիք կրցան անակնկալի բերել պարսիկ զօրաբանակը եւ ջախջախել զայն։ Այս պատմական ճակատամարտը ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ գերակշռող ուժերու դէմ վճռական եւ ռազմավարական հմուտ դիմադրութիւն ցուցաբերել միշտ ալ կարելի է։ Պէտք չէ վախնալ թշնամիին ուժէն եւ բանակներու թուաքանակէն, եթէ յաղթուածը տակաւին իր մէջ կը կրէ ազատասիրութեան, հայրենասիրութեան ու դիմադրողական ոգիին առկայծումները։
Աւելին՝ Մարաթոնի ճակատամարտը յաճախ կը խորհրդանշէ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան յաղթանակը օտար տիրապետութեան եւ բռնակալութեան դէմ՝ ի խնդիր հայրենիքի անկախութեան եւ ազգի ազատութեան, որոնց պաշտպանութեան համար ոչինչ պէտք է խնայել, նոյնիսկ սեփական կեանքը։
Դասական ուրիշ օրինակ մը կը ներկայացնէ Թերմոփիլեսի ճակատամարտը Ք.ա. 480 թուականին։ Սփարթայի թագաւոր Լէոնիտասի գլխաւորութեամբ յոյն ռազմիկներու փոքրաթիւ գունդ մը՝ ընդամէնը 300 քաջամարտիկէ բաղկացած, կը դիմադրէ Քսերքսես Ա.-ի առաջնորդած թէ՛ քանակով եւ թէ՛ սպառազինութեամբ գերակշռող ուժին։ Թէեւ եռօրեայ այս ճակատամարտին ընթացքին սփարթացիներ կը նահատակուին, սակայն Թերմոփիլեսի ճակատամարտը եւ սփարթացիներուն հերոսական դիմադրութիւնը կը դառնան յոյներու արիութեան եւ ազատասիրութեան խորհրդանիշը՝ դարէ-դար ներշնչելով բանաստեղծներ, արուեստագէտներ, բազմաթիւ յեղափոխականներ եւ բռնութեան դէմ պայքարող ազատամարտիկներ։
Բայց ինչո՞ւ խորասուզուիլ օտար ազգերու պատմութեան էջերուն մէջ, երբ մեր ազգին՝ հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութիւնը սկիզբ առած է ազատասիրութեան փառաշուք փաստով։ Աւանդութի՞ւն, թէ՞ պատմական իրողութիւն, ի՞նչ փոյթ, երբ ժողովուրդիդ գոյառման հիմքը, հայ անունդ եւ Հայաստան դրախտավայր երկիրդ Հայկ նահապետիդ անունէն, անոր արիւնէն, հայկազուն տոհմէն եւ բռնակալ Բելին դէմ մղած իր յաղթապանծ ճակատամարտէն յառաջացած է։ Դժուար է ըսել, ազատատենչ մեր նահապետը եթէ երբեք ընդառաջէր Բելին եւ ենթարկուէր անոր իշխանութեան, արդեօ՞ք գոյութիւն պիտի ունենար հայ ժողովուրդը։ Ի՛նչ ալ ըլլար, Թորգոմայ տան եւ հայկազեան ցեղին ժառանգորդ ըլլալու իրողութիւնը արժանապէս հպարտութիւն կ’առթէ եւ բացառաբար այն մենաշնորհը, որ ոչ թէ ստրուկ ցեղի մը զաւակներն ենք, այլ սաղարթներն ենք հայկական լեռնաշխարհի հողին մէջ աճած հաստաբուն այն կաղնիին, որուն հաստարմատը կազմաւորուած ու սնած է ազատութեան եւ անկախութեան աւիշով։ Դարերու թէժ քուրային մէջ կոփուած ինքնութիւն մըն է ան, որուն կրողներն ենք մենք բոլորս՝ հայկազեան ցեղի զտարիւն ժառանգորդ դուստրերս եւ ուստերս։
Տակաւին վերջերս ազգովին կրկին անգամ ոգեկոչեցինք 1573 տարի առաջ Աւարայրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած Վարդանանց ճակատամարտին ներշնչող յիշատակը։ Թէպէտ քաջն Վարդան եւ իր զինակիցները պարսկական գերակշռող ուժին դէմ զոհաբերելով իրենց կեանքը յաղթուեցան, բայց անոնց ըմբոստութիւնը, Վարդանանց պատերազմը Վահանեանց հետեւողական շարժումով եւ Նուարսակի 484 թուականի դաշնագրով յաղթանակով պսակուեցաւ։ «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց» Վարդանանց կարգախօսը ոտքի կոխան չդարձաւ, այլ դարերու փոթորկումներուն մէջ միշտ ալ շողաց հայոց ազատագրական գոյամարտի փողփողուն դրօշին վրայ։
Պատմութեան հոլովոյթին մէջ հայ ժողովուրդը չէ զլացած շարունակելու իր երթը եւ մղելու իր անհամար գոյապայքարները իր երկիրը ասպատակող տիրակալ օտար ուժերուն եւ զաւթիչներուն դէմ։ Թէպէտ անոնք վոհմակներով վայրենի մեր երկիրը յաճախ վերածած են ողբի եւ որբի հայրենիքի մը, խրած են իրենց սուրերն ու նիզակները մեր ժողովուրդի արիւնաքամ սրտին մէջ, սակայն միշտ ալ ձախողած են լլկելու հայու հոգին ու եղած են անկարող զգետնելու անոր մէջ աննահանջ սէրը հանդէպ ազատութեան եւ անկոտրում կամքը նորէն ու նորէն կերտելու իր անկախ պետականութիւնը։
Պարոյր Սեւակ, հայոց անմահանուն բանաստեղծը, որուն ծննդեան 100-ամեակը այս տարի արժանաբար պիտի նշեն հայ ժողովուրդի երախտաշատ զաւակները ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, որքան լաւ ըմբռնած եւ պերճախօս պատկերով ցոլացուցած է ազգային այս գերազանց արժանիքը Սարդարապատի հերոսամարտին նուիրուած իր բանաստեղծութեան մէջ.
«Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար,
Այսպէս ծագեց, արեգակեց
Սարդարապատի մարտը մեծ:
Զանգեր, ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար պատից:
Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից:
Աւարայրից ջանք առանք,
Այստեղ մի պահ կանգ առանք,
Որ շունչ առած շունչներս տանք
Սարդարապատի պատի տակ:
Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,
Մենք չյանգանք՝ դեռ կը գանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք»:
Արդարեւ, ռազմական ոչ մէկ երաշխիք գոյութիւն ունէր Սարդարապատը շահելու։ Հիւծած Հայաստան մը՝ վտանգուած մահաբեր համավարակներով եւ ցեղասպանութենէն մազապուրծ հազարաւոր գաղթականներով ու սովահար որբերով գերբեռնուած, յիրաւի ընկղմած տնտեսական ու քաղաքական ճգնաժամի մէջ։ Սակայն եւ այնպէս, շնորհիւ հայ հերոսներու անձնուրացութեան, Արամ Մանուկեանի, Թովմաս Նազարբէկեանի, Մովսէս Սիլիկեանի, Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանի, Պօղոս Բէկ-Փիրումեանի, Քրիստափոր Արարատեանի հմուտ մարտավարութեան, նաեւ բազմաթիւ շարքային կռուողներու արիութեան, հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ աշխարհական ուժերուն ցուցաբերած միասնականութեան, բռնցքաւորուելու բացառիկ կամքի դրսեւորման, թուրք ջարդարարներու՝ Եաքուբ Շեւքիի, Քեազըմ Գարապեքիրի եւ Համտի Պէյ-Փիրսելիմօղլուիի առաջնորդած զօրաբանակները ջախջախիչ պարտութիւն կրելով ստիպուած եղան նահանջելու։ Այսպէս, Սարդարապատի իննօրեայ ճակատամարտը պսակուեցաւ հայոց լիակատար յաղթանակով՝ մեծապէս նպաստելով նորահռչակ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծնունդին ու կայացման։
Ի դէպ, բոլորովին աւելորդ պիտի չըլլար անդրադառնալու այստեղ մերօրեայ պատմական իրադարձութեան, երբ ֆաշիստ ուժերու դէմ ֆրանսական դիմադրութեան առաջամարտիկ նահատակ հերոսներէն Միսաք Մանուշեան իր կնոջ՝ Մելինէի հետ, կ’արժանանան Ֆրանսայի Հանրապետութեան յետ մահու շնորհած բարձրագոյն պատիւին՝ իրենց աճիւններուն պանթէոնականացումով։ Հայ ժողովուրդի տիրական զաւակները իրենց անմնացորդ զոհողութիւններով, ընդհուպ մինչեւ սեփական կեանքի զոհաբերութեան գնով ոչինչ խնայած են նպաստելու համար պատմութեան այն հզօր պայքարներուն, որոնք մղուած են բռնակալութեան, բարբարոսութեան եւ խաւարի կործանարար ուժերուն դէմ։ Ահաւասիկ հոս ալ միշտ չէ, որ ուժը կ’իշխէ եւ բռնակալը կը թելադրէ պատմութեան ընթացքը։ Ֆրանսական դիմադրութիւնը գերմանաֆաշիստական գերակշռող ուժին դէմ պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ վերջին խօսքը սիրոյ, ազատութեան եւ մարդկային մնայուն արժէքներու համար մղուած պայքարին կը պատկանի։ Միսաք Մանուշեան եւ իրեն հետ նահատակ իր 23 ընկերները իրենց կեանքով, հերոսական գործով ու պարտաւորեցնող յիշատակով այս համոզումին կրանիտեայ վկայութիւններէն են։
Պատանեկութեանս օրերէն այսօրուան պէս կը յիշեմ Պէյրութի հարաւային արուարձանին՝ Տահիէի շրջանին մէջ ապրող լիբանանցի եւ ոչ-լիբանանցի շիա համայնքին պատկանող ժողովուրդին թշուառ վիճակը։ Ծովափնեայ անսահման տարածքին երկարող այդ վրանաշէն կամ թիթեղաշէն տուները, որոնց անհիւրընկալ միջավայրին մէջ կ’ապրէր հազարներու հասնող խղճալի ժողովուրդ մը, չունէր նոյնիսկ ինքնութիւն կամ մարդավայել կեանք մը ապրելու որեւէ հեռանկար։ Այրերը մեծաւ մասամբ իրենց օրապահիկը կ’ապահովէին պատահական ծառայութիւններ կատարելով, իսկ երեխաներու բանակ մըն ալ օրը կ’անցընէր մուրացկանութեամբ՝ թափառելով քաղաքին աղմկոտ մայթերուն վրայ։ Բայց առանց նախապաշարումներու պէտք է գնահատել անոնց ներկան, թէ այդ անբարեյոյս բազմութիւնը այսօր ի՛նչ եղաւ։ Կարիքը, զրկանքը, ճնշող աղքատութիւնը, բայց ա՛լ աւելի իրեն հանդէպ զլացումը՝ տալու մարդկային արժանապատուութեան նուազագոյն իրաւունքը, անզիջող պայքարներու բորբ քուրային մէջ ծնաւ հմուտ ղեկավարութիւն մը, որ համախմբեց եւ կազմակերպեց այդ ժողովուրդը՝ ձեւաւորելով կուսակցութիւն մը, որ ինքզինք կոչեց «Աստուծոյ կուսակցութիւն»։ Լիբանանի շիա համայնքը ներկայացնող այս կուսակցութիւնը հետզհետէ կրցաւ դառնալ ոչ միայն երկրին, այլեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ամենապատկառազդու քաղաքական եւ ռազմական ուժերէն մին, զոր այսօր ստիպուած են հաշուի առնելու նաեւ աշխարհի գերհզօր տէրութիւնները, ինչ փոյթ, թէ անոնք բացասական ինչպիսի անուններով կը պիտակաւորեն զինք։
Անշուշտ միշտ կարելի է առարկել՝ ըսելով, թէ վերոնշեալ շիա ժողովուրդը հեղինակութիւն ստացաւ աջակցութեամբ այս կամ այն պետութեան տրամադրած նիւթական եւ ռազմական օժանդակութեան։ Բայց ոչ ոք կ’օգնէ անկարի մը, երբ ան կազմակերպուելու եւ ջոլիր մը ըլլալէ անդին լուրջ հաւաքականութեան վերածուելով իր անձին հանդէպ համապատասխան յարգանք չի պարտադրեր։ Ի վերջոյ պէտք է տարբերիլ խոտաճարակ անասուններու ցեղին պատկանելու ստրկահոգութենէն, այլ պէտք է խրոխտանալ, բռունցք բարձրացնել, գիտակցական բարձրագոյն մակարդակի հասցնել սեփական անձիդ եւ ժողովուրդիդ արժանապատուութեան զգացումը, սէրը ազատութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան հանդէպ։ Ոչ թէ յարգանք մուրալ օտարէն, այլ զայն օտարին պարտադրել։ Ա՛յս է մերօրեայ իմաստը Խորենացւոյն «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց» վերոնշեալ պատգամին։ Հարկ է զայն ճիշդ թարգմանել մեր ներկայ կեանքին մէջ ու կենսագործել հայօրէն։ Բռնակալին առջեւ միշտ վիզ եւ ծունկ ծռողն ու մէջքը խոնարհողը վերջաւորութեան կուզ մը մնայ։ Ի վերջոյ, բռնակալները չեն, որ կը ստեղծեն բռնակալութիւնը, այլ ստրկահոգի մարդակերպ ջոլիրը։
Միջազգային պատմութենէն եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր անցեալի ոսկեզօծ էջերէն բերուած վերոնշեալ վկայութիւնները վառ օրինակներ կը հանդիսանան, թէ ինչպէ՛ս ենթադրաբար աւելի թոյլ թուող անհատներն ու խումբերը կրցած են ընդդիմանալ, անխոնջ պայքարիլ եւ ի վերջոյ յաղթել հզօր հակառակորդներուն իրենց ամուր վճռակամութեան, կազմակերպուածութեան եւ, յատկապէս, իրենց թիկունքը կեցած համաժողովրդային զանգուածներու նիւթաբարոյական օժանդակութեան շնորհիւ: Այս իրադարձութիւնները մարդկային կամքի փոխակերպող ուժի ցայտուն վկայութիւններ են, որոնք ցոյց կու տան, որ անկախ պարագաներէ, թէ ինչքան բիրտ ու ճնշող կը թուին ըլլալ խոչընդոտները, միեւնոյն է, արդարութեան եւ ազատութեան հաւաքական ձգտումը ունի այն անսպառ եւ վերանորոգ ուժը՝ հակազդել կարենալու համար հին եւ նոր սուլթաններու սպառնալիքներուն եւ քանդելու անոնց շինծու ժողովրդավարութեան քօղով ծածկուած բռնատիրական վարչաձեւը՝ ամրագրելով նոր եւ ազատ, ստեղծագործ ու շինարար կեանք մը ապրելու իրաւունքը:
Ժընեւ