Երեքշաբթի, 30. 04. 2024

spot_img

ԳՈՅԺ – Ոչ Եւս Է Հայկուհի Փաթափութեան

Խոր կսկիծով կը գուժենք Հայկուհի Աճեմեան Փաթափութեանի մահը, որ պատահած է Լոս Անճելըսի մէջ: Վաստակաշատ հանգուցեալը երկար տարիներ ծառայած է լիբանանահայ համայնքին, որպէս Պէյրութի ՀԲԸՄիութեան Երուանդ Տէմիրճեան վարժարանի տարիներու ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի: Ընտանեօք ԱՄՆ տեղափոխուելէ ետք հանգուցեալը շարունակած է իր առաքելութիւնը Լոս Անճելըսի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանին մէջ:

Հայկուհի Աճեմեան կողակիցն էր սփիւռքահայ մեծանուն գրող՝ Սարգիս Վահագնին: Միասին ունեցած են երեք արռանաւոր զաւակներ՝ Հուրի (կողակիցը Լիբանանի նախկին պետական երեսփոխան Եղիա Ճերեճեանին, ԱՄՆի մէջ գիտական կոչում ունեցող՝ Արա եւ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր՝ Արտեմ:

Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալին ամուսնոյն՝ Սարգիս Վահագնին (Փաթափութեան), զաւակներուն, թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին