Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Ունեցածիդ Արժէքը Չես Գիտնար, Մինչեւ Զայն Կորսնցնես

Այսօր Նոյեմբեր 29-ն է: Այն թուականը, որուն հետ առնչուած է Խորհրդային Հայաստանի կայացումը: Արդարեւ 29 Նոյեմբեր 1920-ը կը յատկանշուի քեմալական թուրքիոյ արիւնարբու նկրտումներէն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ապիկար ղեկավարութեան իշխանութեան տակ հիւծող մեր Հայրենիքէն մնացած վերջին ծուէնին մազապուրծ փրկութեամբը:

Կարելի է հակաճառել, կամ քննադատել նախաբանը, սակայն ո՛վ ինչ կ՛ուզէ թող ըսէ, այսօր փաստ է, որ նշեալ թուականին յաջորդող 70 տարիները, Հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան աննախադէպ հայահաւաքի, ամէնաբեղուն զարգացման ու հպարտառիթ իրագործումներու տարիներն էին:

Հանրապետութիւն, որմէ ժառանգեցինք հսկայական ենթակառոյց: Ժառանգեցինք փառահեղ կառոյցներ ու շէնքեր, պետական մտածողութիւն, հայրենասէր սերունդ եւ ազգային ու մշակութային գերգնահատելի արժէքներ: 70 տարիներ ունեցանք ամենակարեւորը՝ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ եւ որպէս պետութիւն ԳՈՅԱՏԵՒԵԼՈՒ երաշխիք: Խորհրդային ՀԱյաստանէն ժառանգեցինք հսկայածաւալ գործարաններ ու մշակուած դաշտեր, որոնց ամբողջ պարունակութիւնը կամ ոռոգման համակարգերը որպէս երկաթ քիլոյով ծախեցինք, ճիշդ այնպէս, ինչպէս անխելք մարդը կը սղոցէ իր իսկ վրան կանգնած ծառին ճիւղը…:

Անոր յաջորդած երրորդ հանրապետութեան աւելի քան 30 տարիներուն ընթացքին խժռեցինք ու կեղեքեցինք այն ի՛նչ, որ կրնանք: Այս իրավիճակին, որպէս արդիւնք, վրայ հասաւ պատմական թիւրիմացութեամբ մը իշխանութեան հասած անհայրենիք իշխանութիւն մը, որուն «թաւշեայ» ղեկավարութիւնը քանդեց, այն ի՛նչ, որ մնացած էր եւ ամէնակարեւորը՝ ամենայն «փութկոտութեամբ» փճացուց մեր ժողովուրդին ազգային գաղափարախօսութիւնը, ծաղրելով ու արգահատելով այն ինչ, որ ազգային է, զիջելով ու վառի տալով արիւնով ձեռք բերուած հայրենիք:

Մինչեւ նոր ու նորովի «Նոյեմբեր 29», ըստ երեւոյթին մեր թաւագլոր անկումը պիտի շարունակուի, մեզի միշտ յիշեցնելով ցաւոտ այն փաստը, որ ունեցածիդ արժէքը չես գիտնար, մինչեւ զայն կորսնցնես…:

Կը մնայ յիշեցնել, մեր սուրբ Արարատն իսկ ծաղրող կամ մերը չնկատող «գերագոյնին», որ Խորհրդային Հայաստանի ազգային ղեկավարութիւնը յաջողած էր Սովետին պարտադրել Արարատին նկարը իր պետութեան խորհրդանիշին վրայ: Կառուցած էր Ծիծեռնակաբերդ…: Կը մնայ նաեւ յիշեցնել առ որ անկ է, թէ ժողովուրդին շեղեցնելու նպատակով մէջտեղ նետուած Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան օրհներգը փոխելու թեման ունի իր իտէալական լուծումը, որն է՝ բառերու որոշ բարեփոխումներով ու պատշաճեցումով, վերստին որդեգրել մեծն Արամ Խաչատուրեանի յօրինած Խորհրդային Հայաստանի օրհներգը, քանի որ թէկուզ ատենին բարեփոխուած, «Մեր հայրենիք թշուառ անտէր»ը վերջին 5 տարիներուն գուցէ ունեցաւ վատաբարոյ «թուղթ ու գիրի» բառացի ազդեցութիւն:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին