Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

ԶԱՐԹՕՆՔ Խստիւ Կը Դատապարտէ Լրագրողներու Թիրախաւորումը

Վերջին օրերուն Իսրայէլեան բանակի կողմէ Պաղեստինեան Ղազզան եւ Հարաւային Լիբանանը անխնայ ռմբակոծելու արդիւնքով զոհուեցան ու վիրաւորուեցան միջազգային, լիբանանեան եւ արաբական լրատուական գործակալութիւններու աշխատակից շարք մը գործընկերներ: Կան տեղեկութիւններ, որ անոնք թիրախաւորուած էին զոհը դառնալու իսրայէլեան կրակին:

Այս առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրութիւնը խստիւ կը դատապարտէ իսրայէլեան հակազդեցութեան արդիւնքով իր բանակին ի գործ դրած դաժան յարձակման իրադարձութիւնները ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի յարձակման ենթարկելու պատերազմը լուսաբանելու իրենց պարտականութիւնը կատարող անմեղ լրագրողներ:

Այս առիթով կոչ կ՛ուղղենք նաեւ  Լիբանանի եւ Արաբ լրագրողներու միութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր անդամակցած Ժուռնալիստներու միջազգային ֆետերասիոնին, աշխատիլ նահատակներուն ընտանիքներուն ինչպէս նաև վիրաւոր լրագրողներին օգնութիւն տրամադրելու:

Պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին լրագրողներ թիրախաւորելը պատերազմական ոճիրի համազօր քստմնելի արարք է, որուն համար պատասխանատուութեան պէտք է ենթարկուի իսրայէլեան կողմը:

Վերջապէս, շուտափոյթ կրակմար ու արդար հանգուցալուծում կը մաղթենք ստեղծուած իրավիճակին, անյապաղ կանգնեցնելու համար արիւնահեղութիւնը, խնայելով մարդկային բացարձակ արժէք ներկայացնող անմեղ կեանքեր:

ԶԱՐԹՕՆՔ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին