Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Մերձաւոր Արեւելքում Նոր Արիւնահեղութիւն Է․ «Ալ-Աքսայի Ջրհեղեղ»ի Մասին Հայրենի ՀՐԱՊԱՐԱԿ Թերթի Հարցազրոյցը Ընկ. Սեւակ Յակոբեանի Հետ

Մերձաւոր Արեւելքում նոր արիւնահեղութիւն է․ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման ռազմական թեւը հոկտեմբերի 7-ին յայտարարեց Իսրայէլի դէմ «Ալ-Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան անցկացման մասին՝ Գազայի հատուածից անակնկալ հրթիռահարումներ իրականացնելով։ Հրէական պետութիւնը դիմել է պատասխան գործողութիւնների՝ յայտարարելով, որ այս ամենի համար հակառակորդը շատ թանկ է վճարելու։ Առայժմ, պատերազմող կողմերի «վճարած գինը» հազարաւոր զոհերն ու վիրաւորներն են, այդ թւում նաեւ՝ խաղաղ բնակչութեան շրջանում, գերիներ, աւերածութիւններ, արիւնալի քաոս։ Որքա՞ն կը շարունակուեն ռազմական բախումները, ի՞նչ վերադասաւորումներ սպասել տարածաշրջանում եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կան Հայաստանի համար՝ թեմայի շրջանակում զրուցել ենք Լիբանանի «ԶԱՐԹՕՆՔ» հայկական օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, հասարակական գործիչ Սեւակ Յակոբեանի հետ:


1/ ՀԱՄԱՍ-ի յայտարարած «Ալ-Աքսայի ջրհեղեղ»-ը, ցաւօք, վերածուել է արեան հեղեղի՝ նոր թափ հաղորդելով իսրայէլա-պաղեստինեան 50-ամեայ վաղեմութեան պատերազմին։ Ըստ ձեզ, սպասելի՞ էր արդեօք այս յարձակումը, եւ ինչո՞վ կը բացատրէք աշխարհում լաւագոյննբանակներից մէկը համարուող Իսրայէլի բանակի այսպիսի մեկնարկային տապալումը։

Վայրագութիւն ցանողը անպայմանօրէն վայրագութիւն կը հնձէ: Անկախ այսօրուայ աշխարհաքաղաքական տուեալներէն ու տարածաշրջանի մէջ ուժային մեծ կեդրոն հանդիսացող Իրանի հետ ՀԱՄԱՍ-ի ունեցած սերտ կապէն, իր մայր հողին՝ Արեւմտեան Ափին հետ, ցամաքային կապէ կտրուած, խտրականական պատով շրջապատուած, Իսրայէլեան պետութեան կողմէ անդադար պետական ահաբեկչութեան ենթարկուող, ընդամէնը 365 քառ. քլմ. տարածքի մէջ աւելի քան 2 միլիոն բնակչութիւն ունեցող հողի վրայ ամէն իմաստով ճնշուած ժողովուրդի մը զաւակներէն, իմ կարծիքով, այլ բան կարելի չէր ակնկալել: Պաղեստինեան վրէժխնդրական հակազդեցութիւնը մարդկային առումով բաւականին դաժան է: Չարդարացնելով հանդերձ, պէտք է զայն հասկնալ վերեւը նշուած անմարդկային պայմաններուն ծիրէն ներս:

Ինչ կը վերաբերի, առաջին հարուածին տակ, Իսրայէլեան անյաղթելի նկատուած բանակին արձանագրած խայտառակ վիճակին, այստեղ կը բաւէ մէջբերել Իսրայէլեան բանակի նախկին բարձրաստիճան սպայ, «Իսրայէլի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու վերլուծական կեդրոն»ի աշխատակից՝ Պեհռուզ Եուսիանի BBC-ին կատարած յայտարարութիւնը. «Իսրայէլը այնքան հարբած էր իր յաջողութիւններով՝ արաբական կարգ մը երկիրներու, թուրքիոյ, եւ Փաքիստանի հետ իր յարաբերութիւններու կարգաւորումով, ու Ազրպէյճան-Հայաստան ճակատի վրայ իր ունեցած դերով, որ ան մոռցած էր Կազայի շրջանի հիմնախնդիրները»: Աւելին, պէտք է յիշել նաեւ Իսրայէլի վարչապետին վերջին յոխորտանքները ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, ուր ան մեծ մեծ ծրագիրներ կը ներկայացնէր Ասիայէն Եւրոպա ճանապարհը անցընելով Հայֆայէն, շրջանցելով Իրանը: Ահաւասիկ նման պատճառներ են, որ գուցէ խթանը հանդիսացան ու իր առաջին քայլերուն մէջ յաջողութիւն շնորհեցին «Ալ-Աքսայի ջրհեղեղ»-ին:

Ամէն պարագայի, Իսրայէլի վրայ ՀԱՄԱՍ-ի յարձակումը այսօր՝ անկախ անոր յետագայ արդիւնքներէն, լաւագոյնս կը փաստէ, որ անհաւասար կռիւի ընտրանքը մեռած չէ:

Կասկածէ վեր է, որ Իսրայէլ շատ զօրաւոր պիտի հակազդէ ու արդէն իսկ կը հակազդէ դժոխքի վերածելով Կազզայի շրջանը, բայց պաղեստինցիք ի սկզբանէ այդ մէկը գիտնալով է, որ ընտրած ըլլալու են այս ճանապարհը:

Անհաւասար կռիւի այս տեսակը իր արդիւնաւէտութիւնը ցոյց տուած է տարբեր ժամանակներու ընթացքին աշխարհի տարբեր տեղերու մէջ եւ փաստօրէն կը շարունակէ տալ այսօր:

Պաղեստինցիք անգամ մը եւս փաստեցին, որ շատ բան պէտք չէ թշնամիիդ վնաս հասցնելու եւ զինուած դիմադրութիւնը շարունակելու համար: Յիշեցնեմ նաեւ, որ աշխարհի ամենէն արդիական ու հզօր բանակներէն հանդիսացող իսրայէլեան զինուած ուժերուն  դէմ ՀԱՄԱՍ-ի վերջին յարձակումը համեմատաբար խեղճ զէնքերով է: Պէտք է ընդունիլ այստեղ, որ իր պայքարին մէջ պաղեստինցին առանձինը չէ, սակայն ասոր դիմաց իսրայէլեան պետութիւնը կը վայելէ աշխարհի հսկաներուն ամբողջական նեցուկը՝ համաշխարհային քարոզչամեքենային տիրապետող իր ցանցերով մէկտեղ: Հակառակ այս բոլորին, Իսրայէլեան բանակը ստացաւ հատու ու շշմեցնող հարուած մը,  առաջին հերթին, որովհետեւ պաղեստինցիին չէր պակսեր պայքարի կամքն ու հաւատքը, յեղափոխական մտածողութեամբ ոգին ու ազգային նկարագիրը: Ամէն պարագայի պաղեստինեան կողմի լուռ, կազմակերպուած ու ծայրայեղ գաղտնապահութեամբ նման գործողութեան մը պատրաստուիլը իւրայատուկ է պարագայ է:

2/ Փորձագիտական շրջանակում կարծիք կա, որ, այդուհանդերձ, Պաղեստինը առանց Իսրայէլի ցանկութեան նման յաջողութիւններ չէր կարող գրանցել նպատակը՝ Իրանին պատերազմի մէջ ներքաշելն է։ Թեհրանն, ի դէպ, ողջունել է ՀԱՄԱՍ-ի գործողութիւններն ու յայտնել ցուցաբերած աջակցութեան մասին։ Դո՞ւք ինչ կարծիքի էք։

Իմ համեստ կարծիքով, նման վերլուծութիւն, դաւադրական տեսութենէ վեր եւ անդին, լուրջ մօտեցում չէ եւ թերեւս յատուկ է պատերազմ պարտուած ղեկավարի մը դարձեալ իր պաշտօնին վրայ բերող ժողովուրդի մը զաւակ կամ նմանօրինակ՝ այսպէս կոչուած վերլուծաբաններու: Իսրայէլը մինչեւ այս պահը ունի 700 զոհ եւ աւելի քան 100 գերեվարուած: Այս թիւը կատակ չէ Իսրայէլի նման երկրի մը կառավարութեան համար: Այնտեղի կառավարութիւնը լրջօրէն հաշուետու է իր խստապահանջ ժողովուրդին եւ ակնկալելի է մօտալուտ աղմկայարոյց հրաժարականներ ու հաշուետուութիւն: Ամէն պարագայի, նոյնիսկ եթէ նշուած կարծիքը պէտք չէ ամբողջովին անտեսել, անոր տարողութիւնը հաստատ ակնկալուածէն մեծ դուրս եկաւ եւ այս պատահածը աժան միտի չնստի նաեւ Իսրայէլի գաղտնի ծառայութիւններու համակարգին վրայ: Կը հաւատամ, որ Իսրայէլի համար Իրանը պատերազմի ներքաշելու աւելի հեշտ ու գործանակ քայլեր առնելու միջոցները չէին պակսեր, ներառեալ ուղղակիօրէն ու ռազմական միջոցներով հարուածելու Իրանի խորքը:

3/ Իրանի եւ Թուրքիայի ԱԳ նախարարները հեռախօսազրոյցի ընթացքում ընդգծել են պաղեստինցիների իրաւունքների յարգման անհրաժեշտութեան մասին։ Զուգահեռաբար, այս երկու երկրներում հազարաւոր մարդիկ դուրս են եկել փողոց՝ ցնծութեամբ ողջունելով Պաղեստինի Դիմադրութեան յաղթանակը։ Հնարաւոր համարու՞մ էք, որ Իսրայէլի վրայ ճնշումը կը մեծանայ տարածաշրջանում։

Պաղեստինեան դատին հանդէպ շրջակայ ժողովուրդներուն ունեցած համակրանքը նոր չէ եւ ան դրսեւորուած է զանազան երեսներով: Իսրայէլի պետութեան դէմ իր շրջապատին հակակրանքն ալ նոր չէ եւ տուեալ ժողովուրդներուն քաղաքական մշակոյթին մաս կը կազմէ: Հետեւաբար ձեր նշած երեւոյթը նոր կամ զարմանալի չէ:

Այս երեւոյթը շրջանցելու եւ իր անմիջական ու ապագայ արիւնալի, մինչեւ իսկ Կազզան հիմնայատակ կործանելու կամ իրեն կցելու հակազդեցութեան դէմ դուրս գալիք բողոքի շարժումներն ու անդրադարձը չէզոքացնելու համար է թերեւս, որ Իսրայէլեան քարոզչամեքենան սրտաճմլիկ տեսարաններով աշխարհին կը ներկայացնէ իր դէմ գործուած յարձակումները, զոհի դիրքի մէջ ներկայանալու փորձով:

Կը մնայ նաեւ հարցերուն մօտենալ իրապաշտական տեսանկիւնէ: Այս դարուս հիւլէական պետութիւն մը ամբողջական պարտութեան մատնելը անհաւանական է, մինչ անոր ժողովուրդը ծովը թափելու յայտարարութիւններն ալ անիրագործելի են բնականաբար: Այս փաստով հանդերձ, Իսրայէլը նախանձելի վիճակի մէջ չի գտնուիր այսօր երբ ժողովրդային ճնշումներու տակ արաբական կարգ մը երկիրներու Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացը կրնայ դանդաղիլ կամ անադամալուծուիլ:

4/ Լիբանանը եւս անմասն չէ իսրայէլա-պաղեստինեան վերջին էսկալացիային։ Լիբանանեան «Հզպոլլա» շարժումը, որն աւելի վաղ ողջունել ու սատարել է ՀԱՄԱՍ-ի յարձակումն Իսրայէլի վրայ, կիրակի օրը ստանձնեց իսրայէլական բանակի երեք դիրքերի գնդակոծութեան պատասխանատուութիւնը։ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակն իր հերթին յայտարարեց, որ հարուածներ է հասցրել Լիբանանի այն շրջանի ուղղութեամբ, որտեղից իրականացուել է հրետակոծութիւնը։ Ի՞նչ վտանգներ էք տեսնում այս ուղղութեամբ։

Գաղտնիք մը չէ, որ Հըզպալլան Իրանի որդեգիրն ու սերտ գործակիցն է տարածաշրջանին մէջ, մինչ Լիբանանի հարաւը, միշտ ալ թատերաբեմը հանդիսացած է փոխադարձ «նամակներու»: Հետեւաբար անպայմանօրէն կ՛ակնկալեմ, որ հազիւ ՀԱՄԱՍ-ը նեղի մատնուի իր յարձակման մէջ, Հըզպալլա պիտի թեժացնէ Իսրայէլի հիւսիսային սահմանի իրավիճակը, իսրայէլեան բանակը այլ ճակատի վրայ զբաղեցնելու միտումով: Այս բանին տարողութիւնը դժուար է գնահատել, սակայն նմանօրինակ սցենար աւելի քան տրամաբանական է:

5/ Հայաստանում մտավախութիւն կայ, որ Մերձաւոր Արեւելքում բռնկուած պատերազմի օջախները կարող են հասնել մեր տարածաշրջան, եթէ, իսկապէս, Իրանը ներքաշուի ռազմական մեծ հակամարտութեան մէջ։ Յուսալով, որ այդպիսի սցենար չի իրականացուի, այդուհանդերձ, ի՞նչ մարտահրաւէրներ ունի մեր երկիրը։ Ի՞նչ քայլեր են անհրաժեշտ թէկուզ այս սաղմնային իրադրութեան մէջ։

Անկախ այս ամէն ինչէն, Հայաստանի իրավիճակը նախանձելի չէ, ուր ռազմական ինչպէս նաեւ սոցիալական մարտահրաւէրները շատ մեծ են: Շատ բան կախեալ է անշուշտ ԱՄՆ-Իրանեան բանակցութիւններու ընթացքէն, սակայն ես կը հաւատամ, որ մենք, ոչ թէ կը գտնուինք, երրորդ համաշխարհային պատերազմի մը սեմին, այլ անոր կիզակէտին մէջն ենք, մինչ Մերձաւոր արեւելքը անոր թատերաբեմերէն մէկն է սկսած է այսպէս կոչուած «Արաբական Գարուն»էն: Հայաստանը տարածաշրջանին մէկ մասնիկն է ու բնական է, որ պիտի ազդուի իւրաքանչիւր իրադարձութենէ:

Այս թոհուբոհին մէջ դժբախտաբար մեզի կը պակսի ազգային իշխանութիւն եւ պայքարի ոգի, որ ամէն բան ի գործ դրուեցաւ չէզոքացնելու զայն: Պէտք է ամուր կառչած մնալ մեր պետականութեան, վարել ճկուն արտաքին քաղաքականութիւն ճիշդ մարդոց առաջնորդութեամբ, ամրապնդել մեր դիմադրողականութիւնն ու ազգային պայքարի ոգին ինչպէս նաեւ զինել ու միշտ զինել եւ մարտունակացնել Հայոց բանակը: Զանազան առիթներով Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութեան (ՊԱԿ) ղեկավար՝ Եասէր Արաֆաթ նշած է, որ Պաղեստինցիին ու Հայուն դատը մէկ է: Ան յայտարարած է, որ ինքզինք կը համարէ Արաֆաթեան ազգանունը կրող: Ան իր ազգին պայքարը բնութագրելով ըսած է, թէ իր ազգը դիմած է զինեալ պայքարի, որպէսզի աշխարհը իրենց չմոռնայ, ինչպէս շատ յաճախ մոռցած է հայերուն…:

ՀՐԱՊԱՐԱԿ-ի արեւելահայերէնով յօդուածը կարելի է կարդալ սեղմելով հետեւեալ կապին վրայ.

https://hraparak.am/post/740eb7232aa8a93c8f367bf340d4d211?fbclid=IwAR1uajx-qB0sQeVlzlCJn7Cbc-uCUcKy7ed2y4F9cbv2eK9lQMJ3O4fE_AQ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին