Կիրակի, 05. 05. 2024

spot_img

Պետական Մակարդակի Կրաւորականութեան Էսանսը

Անցեալ շաբաթ «Զարթօնք» Ազգային-Քրիստոնէական կուսակցութեան նախագահ, յայտնի փաստաբան, ՀՀ Փաստաբաններու Պալատի նախկին նախագահ, մեզի գաղափարակից ու զինակից  Պարոն Արա Զոհրապեանը, հետաքրքրական ու տեղին հարցադրում մը ուղղած էր Հայաստանի Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդին, ինչ կը վերաբերի Թրքական դատարաններու հետ ՀՀ Բարձրագոյն Դատարանին գործակցութեան առկայութեան:

Երէկ եւ ըստ օրէնքի պարտադրանքին, ՀՀ Բարձրագոյն  Դատական Խորհուրդի աշխատակազմի ղեկավարի լիազօրութիւնները ժամանակաւորապէս կատարող պաշտօնեայէն մեր ընկերը ստացած է պատասխան նամակ, որուն բովանդակութիւնը, ո՛չ միայն կ՛ապշեցնէ մեզի, այլ չափազանց վտանգաւոր երեւոյթ մը կը պարզէ:

Ըստ նամակի պատասխանին, յայտնի կը դառնայ, որ 2022 թուականին Թուրքիայէն Հայաստանի Հանրապետութեան դատարաններուն փոխանցուէր է 66 յանձնարարութիւն կամ իրաւական օգնութեան հարցում: 2023թ. Յունուար-Յուլիս ամիսներուն ստացուած է 34 նման դատական յանձնարարութիւն:

Կարեւոր հարցումը այստեղ այն է, երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ չկան դիւանագիտական յարաբերութիւններ, ինչպէ՞ս կարելի է, որ Թուրքիան Հայաստանին վրայ դնէ նման պահանջներ կամ հարցումներ իր կողմէ հետապնդուող անձանց մասին կամ երեւի նոյնիսկ պահանջէ անոնց յանձնումը…:

Պետական մակարդակի ապիկարութեան կամ կրաւորականութեան ի՛նչ մակարդակի վրայ կը գտնուին այսօր մեր հայրենիքին իշխանութիւնները:

Ինչպէ՞ս կարելի է մեր ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործադրած կամ Արցախի 44օրեայ պատերազմը ամէն կերպով հովանաւորած թշնամի պետութեան մը առջեւ այսքան խեղճանալ: Հետաքրքրական է իմանալ, որ փոխադարձաբար ՀՀ դատական համակարգը կը համարձակած է նման պահանջներ ներկայացնել Թուրքիոյ:

Արդեօ՞ք նոյնանման գործակցութիւն կայ նաեւ երկու երկիրներու Ազգային Ապահովական Ծառայութիւններու մակարդակի վրայ ալ: Այս ո՞ւր հասանք:

Այս պահուս եւ ըստ պատասխան նամակին, բարեբախտաբար տակաւին Ազրպէյճանի դատարաններէն նման պահանջներ չկան, սակայն արդեօ՞ք «Խաղաղութիւն մուրացող» Հայաստանի  իշխանութիւնները շուտով այդ անարգանքն ալ ճաշակել պիտի տան մեզի:

Այս տխուր իրավիճակին ի տես, Արա Զոհրապեան կոչ ուղղած է հայկական մետիայի ներկայացուցիչներուն այս նիւթով լրագրողական հետաքննութիւն իրականացնել, որուն սիրով պիտի ընդառաջենք եւ յանձնառու ենք ստացուած արդիւնքով իրազեկել մեր ժողովուրդին զաւակները:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին