ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Well-Tempered Armenia
Հայրենիքը Ներսէն Դիտած
«Ոդիսական» 5
Աշտարակ, Մեր Օրեր
Երէկ հերթական փնթիութեան օրինակի մը դարձեալ հանդիպեցայ, այս անգամ Աշտարակի «Հայփոստ»ի թիւ 0201 մասնաճիւղին մէջ:
Նամակ մը պիտի ուղարկէի, որուն համար ծրարի կարիքը ունէի: Տարրական բան է փոստային ծառայութեան ոեւէ կեդրոնէ նամակի ծրար գնել: Բայց եկուր տես, որ նմուշի համար իսկ, ոեւէ չափի, մէկ հատ ծրար չկար նշեալ մասնաճիւղին մէջ, որ ի դէպ առաջին անգամը չէ:
Ինչպէ՞ս դիմել նշեալ ազգային հիմնարկի տնօրէնութեան, հասկցնելու համար, որ նման երեւոյթ ամօթ է, ու փնթիութեան չափանիշ, որ աւելի տուգանի վայել է եւ ոչ տուեալ հիմնարկին:
Ինչպէ՞ս հասկցնել հինաւուրց նայիրեան մեր ժողովուրդի այսօրուայ ներկայացուցիչներուն, որ նման բացթողումի մը առաջքը առնելու համար ընդամէնը երկու պարզ ու տարրական միջոցներու կարելի է դիմել.
Ա. Մասնաճիւղի աշխատողներուն կրթել, որ պահեստի մէջ գտնուած ապրանքը երբ հասնի նախապէս ճշդուած նուազագոյն քանակին, շուտով նորը պէտք է պատուիրեն համապատասխան կողմէն:
Բ. Համապատասխան կողմը առանց ձգձգումի, պատուէրը օր առաջ պէտք է հասցնէ համապատասխան մասնաճիւղ:
Ընդամէնը այսքան բան:
Աշխատակազմի վարժեցումի (training) պակասը զգալի է մեր հայրենիքին մէջ գործող հաստատութիւններուն մեծամասնութեան մօտ (մեծէն փոքր), որ քրոնիկ վիճակ մը կը ներկայացնէ ու խոչընդոտ մըն է երկրին զարգացումին դիմաց:
Աւարտին, չմոռցած տուեալ հաստատութեան տնօրէնութեան պէտք է նաեւ յիշեցնել, որ նման հսկայ ցուցափեղկ ունեցող տարածք մը, պէտք է ունենայ համապատասխան վարագոյրներ, որպէսզի օրն ի բուն, արեւի կիզիչ ճառագայթն ու յառաջացուցած տաքը չազդէ այնտեղ սպասարկողին ու սպասարկուողին ջիղերուն վրայ, ինչպէս նաեւ կահոյքին…: