Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատրեան վերջերս Հռոմ իր այցելութեան միջոցին «Երախտագիտութեան ոսկէ մետալ»ով պարգեւատրած Է Լիբանանի «Ազգային լրատուական գործակալութեան» Հռոմի և Սուրբ Աթոռի թղթակից՝ «Զարթօնք»ի նախկին աշխատակից և Իտալա-արաբական բարեկամութեան ընկերակցութեան միջազգային յարաբերութիւնների պատասխանատու՝ գործընկեր Թալալ Խրէյսը։
ՀՀ նախագահը շնորհակալութիւն յայնած է մեր յարգելի գործընկերոջ իր «աւելի քան 50 տարի Հայ ժողովուրդին իր նուիրուածութեան և տառապած ու տառապող ժողովուրդի մը դատը պաշտպանելուն համար»: ՀՀ Նախագահը, Թալալ Խրէյսին կոչած է «Հայ ժողովուրդի իսկական բարեկամ»:
Խրէյս իր կարգին, դիմելով Նախագահին և Իտալիայոյ հայ համայնքին` ըսած է. «Շատեր, ինձմէ շատ աւելին տուած են այս սուրբ գործին, Հայ ժողովուրդին ու Հայ Դատին: Անոնք տուած են իրենց ամենաթանկը և տակաւին կը շարունակեն տալ, յատկապէս այսօր, քանի որ Հայ ժողովուրդին մէկ մասը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛ապրի պաշարման տակ և կ՛ենթարկուի սպանութիւններու ու բռնութիւններու»:
«Ես տասնվեց տարեկան էի, երբ աշխատեցայ հայկական «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ, որ մինչեւ օրս լոյս կը տեսնէ Պէյրութի մէջ։ Ես այնտեղ է, որ առաջին անգամ իմացայ Հայ ժողովուրդին ու իր հարցին մասին, որ ենթարկուած է պատմութեան ամենասարսափելի կոտորածին՝ առանց որևէ մեղք գործելու». աւելցուցած է Խրէյսը։
Շարունակելով, մեր ազնիւ գործընկերը ըսած է «Հայ ժողովուրդը կը ներառէ էլիոթ արուեստագէտներ, լրագրողներ, բանաստեղծներ և շատ ստեղծագործ մարդիկ, որոնք կ՛ազդեն հասարակութիւններու վրայ: Հետևաբար, հայկական հարցը կը յաղթէ, երբ ան իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջն է: Արուեստագէտի և ստեղծագործողի գործը միշտ կը յաղթէ: Բոլորս ինչ, որ բան պէտք է ընենք այսօր անոնց համար, որոնք այժմ կ՛ապրին շրջափակումի տակ:
Աւարտին Թալալ Խրէյս շնորհակալութիւն յայտնած է Հռոմի մէջ ՀՀ դեսպան Ծովինար Համբարձումեանին, որ «ջանք չի խնայեր Հայաստանը լաւագոյնս ներկայացնելու: Որ գովելի դեր կը խաղայ խաղում Հայաստանի երիտասարդ Հանրապետութեան և Իտալիայի Հանրապետութեան միջեւ լաւագոյն յարաբերութիւններ պահպանելու համար»:
*****
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով սրտանց կը շնորհաւորենք իր սիրելի հաստատութեան միշտ երախտապարտ եւ Հայ ժողովուրդին հանդէպ մեծ նուիրումով գործող մեր գործընկերոջ՝ Թալալ Խրէյսին:
Այս առիթով կը հրատարակենք երկար տարիներ իր սիրած թերթէն բացակայութենէ ետք՝ 22 Մայիս 2015-ին ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրատուն իր այցին մասին իր ըրած գրառումը, որ վերնագրած էր՝ «Զարթօնք»ի նշանակութիւնը կեանքիս մէջ.
«Այսօր, Մայիս 22-ին, երկար բացակայութենէ ետք արագ այցելութիւն մը տուի «Զարթօնք»իխմբագրատուն: Հակառակ Լիբանանէն իմ երկարամեայ
բացակայութեան ես բնաւ չմոռցայ «Զարթօնք»ը, Լիբանանահայ համայնքն ու Հայ ժողովուրդի Դատը: Այցելութիւնս եղաւ առանց ժամադրութեան սակայն խմբագիրը` Սեւակ Յակոբեանը ինծի ըսաւ, որ դուն քու տանդ մէջ կը գտնուիս:
Զգացուած էի, եւ ըսի թէ մանկութեանս ես աշխատած եմ այս թերթին մէջ եւ ապրած
եմ Հայկական Թէքէեան Մշակութային Միութեան շրջանակին մէջ եւ պատմութիւնս
երկար է սակայն ես կրնամ ըսել, որ շնորհիւ հայ ընկերներու եւ «Զարթօնք»ի նախկին
օգնական խմբագիր՝ Նազարէթ Պէրպէրեանին ես շարունակեցի ուսումս ու դարձայ Հայ ժողովուրդի բարեկամ:
Հակառակ իմ բացակայութեան ես հետեւած եմ Լիբանանի Ռամկավար Ազատական
Կուսակցութեան օրկան «Զարթօնք»ին, որ հիմնադրուած է 76 տարիներ առաջ եւ իր
հարուստ ստորագրութիւններ կրող յօդուածներով երկար տարիներ նպաստած է
համայնքային կեանքին թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Սփիւռքիմէջ: Աշխարհի մէջ ոչ մէկ երկիր նոյն նշանակութիւնը ունի ինծի համար
ինչպիսին ունի Հայաստանը, որուն համար արդարութիւն կը մաղթեմ: «Զարթօնք»ի մէջ իմ աշխատած օրերուս ես սորվեցայ հայոց մեծ
ողբերգութիւնը բնութագրող բառ մը` Ցեղասպանութիւն, որ առօրեայ
դրութեամբ կը կրկնուէր «Զարթօնք»ի էջերուն մէջ, որպէսզի մոռացութեան
չմատնուի պատահածը: «Զարթօնք» այս բառը օգտագործած էր 24 Ապրիլ 1954-ի իր խմբագրականին մէջ եւ անոր յաջորդող տարիներուն: «Հայոց հայրենիքը դատարկուեցաւ իր ժողովուրդէն որպէս հետեւանք
սարսափելի ոճրագործութեան` Ցեղասպանութեան, որ կատարուեցաւ 24 Ապրիլ 2015-ին»: («Զարթօնք 1954)…»
Այս առիթով նաեւ, մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսենք ԶԱՐԹՕՆՔ-ի 80ամեակին առիթով հետեւեալ տեսերիզով ատենին (արաբերէն լեզուով) կատարած Թալալի անմիջական եւ սրտանց վկայութիւնը.