Երկուշաբթի, 06. 05. 2024

spot_img

Յիմարին Համար Ամէն Օր Տօն Է

Ի տես մեր ժողովուրդի այսօրուայ անհասկնալի վիճակին, հայրենի ծանօթ մտաւորական Կարօ Վարդանեան, ինչպէս միշտ, հետեւեալ դիպուկ գրառումը ըրած էր երէկ իր ֆէյսպուքի էջին վրայ.

«…Շատ տասնամեակներ առաջ Սասունում օրհասական գոյամարտ էր, իսկ Մշոյ դաշտի որոշ գիւղեր օգնութեան չէին հասել: Ճիշտ է, զուռնատհոլ չէին զլել, փողոցներում սանձարձակ կերուխում չէին կազմակերպել, այլ սոսկումով հետեւում էին Սասնոյ գոյամարտին: Բայց, միեւնոյն է, օգնութեան չէին հասել, ու այսօր սասունցիների արդեն վեց թէ եօթներորդ սերունդը յիշում է դա: Այդ դառը յիշողութիւնը նախնիներից է փոխանցուել…»:

Ամենեւին վստահ չեմ, եթէ քաջարի արցախցիները կամ մեր զաւակները օր մը պիտի ներեն մեզի, սակայն մէկ բանին վստահ եմ, որ Հայաստանի մէջ տակաւին կան տղաք, որոնք ոչ անպայմանօրէն կազմակերպուած, երբեմն անձնական նախաձեռնութեամբ մը մեզի կը յուշեն, որ հայու ոգին տակաւին խրոխտ է եւ երբ «ելք ու ճար» չմնայ ունի հնարը աշխարհին ցոյց տալու, որ ինք իր հայրենիքէն չէ հրաժարած:

Նման պարագայ մը հանդիսացաւ ոմն Արեգի պարզած Արցախի դրօշը Վանաձորի հրապարակին վրայ: Արդարեւ շաբաթ երեկոյեան, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար օրհասական օրերու ֆոնին Վանաձորի մէջ անամօթաբար կազմակերպուած ինչ որ անհեթեթ ֆեսթիվալի մը պահուն, նշեալ երիտասարդը յանկարծակի բեմ բարձրացաւ ու բարձր պարզեց Արցախի դրօշը՝ ոգեշնչելով ներկայ հանրութիւնը:

Արեգին հպարտառիթ ու նշանակալից գործողութիւնը ապտակ մըն էր տեղւոյն համայնքապետարանին եւ օրինակելի արարք մը, որ կրնայ խթան հանդիսանալ շատ մը երիտասարդներու, Հայաստանի տարածքին կարգ մը յիմարներու կազմակերպած տօնական ֆեսթիվալները շեղեցնելու իրենց անհեթեթ մթնոլորտէն, ծառայեցնելով Արցախի դատին:

Նոր Սարդարապատի մը սեմին, մեր հայրենիքին այսօրուայ վիճակին մատնուած ըլլալու պատասխանատուութիւնը կրող ամբոխը տօնակատարութիւններու մէջ է: Այս վիճակը ինձ կը յիշեցնէ ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ. «Յիմարին համար ամէն օր տօն է», մինչ հայ ժողովուրդի գիտակից զանգուածը լաւ գիտէ, թէ Հայրենիք է, որ կը կորսնցնենք եւ այս իրավիճակին հանդէպ իւրաքանչիւրիս նախաձեռնութիւնը կրնայ ճակատագրականօրէն կարեւոր ըլլալ:

Կը մնայ յուշել, որ բոլորիս ազգային պարտականութիւնն է, միշտ լաւ յիշել նկարին մէջ երեւցող՝ Արեգը ձերբակալող «հայ» ոստիկանին դէմքը, որ երբ օրը գայ, իր տեսակի այլ ոստիկաններուն նման պէտք չէ կարենայ ինքնարդարանալ, որ ինքը իր պարտականութիւնը կ՛ընէր…: Այս հայանուն մարդիկը լաւ պէտք է գիտնան, որ իրենք միշտ ալ ազատութիւնը ունին չենթարկուելու հրահանգի, ի պահանջեալ հարկին հրաժարելով այն համակարգէն ուր կ՛աշխատին, իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն խնայելով կրել ամօթի խարանն ու սերունդներու արդարացի անէծքը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին