Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Մեր Փնթիութիւնն ու Անգրագիտութիւնը Յաւերժ Են. Զոհուած Տղաքն են Ափսոս

Սիմպոլիզմի կարեւորութեան գիտակցութիւն եւ անոր հանդէպ մոլուցքային պահուածք բազմիցս դրսեւորած Ալիեւը, այսօր անգամ մը եւս իր ոճով  հարուածեց Արցախը: Այսօր առաւօտ շուտ, թշնամական հարուածի տակ զոհուեցան իրենց Հայրենիքին՝ Արցախին առաջնագիծերը պահող կամաւոր չորս լոյս հերոսներ:

Այսօր իսլամական աշխարհի Ատհայի (զոհաբերութիւն) մատուցանելու օրն է: Իսկական իսլամը սխալ ըմբռնած նախկին կոմունիստ Ալիեւը, առաջին անգամը չէ, որ մարդկային զոհ կը մատուցէ խորհրդանշական այդ օրը, թիրախաւորելով Արցախն ու հայորդիները:

Առաւել եւս, այսօր՝ 28 Յունիսը,  Մարտակերտի ազատագրութեան յիշատակի օրն է: Դարձեալ հիմնուելով սիմպոլիզմի նոյն մոլուցքին վրայ, յարձակումին մէկ կարեւոր թիրախը այսօր՝ Մարտակերտն էր:

Արիւնարբու թշնամիէ մը ի՞նչ կարելի է յուսալ բացի արիւնահեղութենէ եւ աւելի արիւնահեղութենէ: Սակայն այստեղ կայ գոյութենական երկու հարցում.

  • Ինչո՞ւ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատարութիւնը, յատկապէս այս օրը աւելի զգօն չէր: Գուցէ կարելի ըլլար խնայել մեր տղոց թանկ կեանքերը, յատկապէս երբ նմանօրինակ բան «տօնական» այս օրերուն առաջին տարին չէ, որ կը պատահի: Առաւել եւս, իր լկտի պահուածքով աւելի քան թափանցիկ Ալիեւին, այսօրուայ որպէս թիրախ, նոյնինքն Մարտակերտի ընտրութիւնը, պէ՞տք էր անակնկալ մը ըլլար,  թշնամիին հետ երկար փորձ ունեցող Հայոց բանակի հրամանատարութեան համար:
  • Ինչո՞ւ յարձակման վաղորդայնին, ԱՄՆ պետական քարտուղար՝ Պլինքընի հրաւէրով ԱՄՆ փութացած Հայաստանի «խաղաղութիւն մուրացող» իշխանութեան ներկայացուցիչը՝ Արտագին գործոց նախարար Արարտ Միրզոյեանը, չսառեցուց իր հանդիպումը թշնամի Ազրպէյճանին Արտագին գործոց նախարար Պայրամովին հետ, որպէս դիւանագիտան բողոք այսօրուայ կատարուածին հանդէպ: Աւելին, ԱՄՆահանգներու պէս մարդկային իրաւանց ջատագով երկրի մը մէջ հանդիպումը ինչո՞ւ չօգտագործուիր Հայաստանի անհասկնալի իշխանութեան կողմէ, բարձրաձայնելով՝ «Ապաշրջափակում Բանակցութեանց դիմաց» կարգախօս մը:

Ըստ երեւոյթին, մեր անկազմակերպ փնթիութիւնն ու դիւանագիտական անգրագիտութիւնը յաւերժ են. Զոհուած տղաքն են ափսոս:    

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին