Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Գոյժ – Ոչ Եւս Է Ընկ.հի Կասիա Տէօվլէթեան – Ճըղալեանը

Խոր կսկիծով ՌԱԿ-ի Եգիպտոսի շրջանակէն մեզի հասաւ ՌԱԿ-ի հաւատաւոր նուիրեալ, ՀԲԸՄ Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութեան եւ Կոկանեան Սրահի մշակութային յանձնախումբի անձնուէր անդամ` ընկերուհի Կասիա Տէօվլէթեան- Ճըղալեանին վաղաժամ մահուան գոյժը:

Այս տխուր առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ մեր սիրելի ընկերուհիին ամուսնոյն՝ ընկ. Հրայր Ճըղալեանին եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ հարազատներուն:

Յիշատակը մնայ անթառամ:

***

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի,  4 Յունիսի կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը պիտի տեղափոխուի ու ամփոփուի Հելիոպոլսոյ հայոց գերեզմանատան մէջ։

Ընկ.հի Կասիային ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի Ուրբաթ, Յունիս 9-ին, Կոկանեան Սրահէն ներս, երեկոյեան ժամը 7-10։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին