Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Թշնամին Դարձեալ Կը Սպառնայ

Ըստ ազրպէյճանական մամուլին, Ազերի իշխանութիւնները դարձեալ կը պահանջեն, որ Դադիվանքը իրենց կեանքի գնով պահող ու Մայր Աթոռի տնօրինմամբ հոն տեղակայող Հայ վանականները լքեն վանքը: Նման կոչով հանդէս եկած է այսպէս կոչուած Ազրպէյճանի կրօնական կազմակերպութիւններու հետ աշխատանքի պետական ​​կոմիտէի նախագահ՝ Մուպարիզ Կուրպանլին։

Ըստ վերջինիս. «Հայերը անոր հետ կապ չունին, վանքը կը պատկանի  կովկասեան Ալպանիային (Աղուանք), եւ վաղ թէ ուշ այն տնօրինելու է ալպանա-ուտիական կրօնական համայնքը»։

Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները ծպտուն չեն հաներ նմանօրինակ ոտնձգութիւններու ի տես (երեւի չխոչընդոտելու համար թշնամիէն «խաղաղութիւն» մուրալու իրենց գործը), այս լուրին անմիջապէս հակադարձեց Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը. «Մեր եկեղեցականները Դադիվանքում շարունակում են իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը շնորհիւ ռուս խաղաղապահների երախտարժան առաքելութեան, որով ապահովւում է վանքի անվտանգութիւնը»։

«Ինչ վերաբերում է Դադիվանքի աղուանական լինելու կեղծ պնդումներին, ապա պատմական անհերքելի փաստ է, որ վանքն ի սկզբանէ եղել է հայկական եւ որեւէ առնչութիւն չի ունեցել Աղուանից եկեղեցու հետ, առաւել եւս այսօրուայ նորայայտ աղուանա-ուտիական կրօնական համայնքին հետ» ըսուած է Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ:

Ի պաշտպանութիւն Հայրենի հողին ու մեր արժէքներուն, ինչպէս մի՛շտ, դարձեալ Մայր եկեղեցին է որ կ՛առանձնանայ, մինչ պատմական թիւրիմացութեամբ մը մեր հայրենիքի իշխանութիւնը զաւթած, այլապէս մեծխօսիկները, նման թեմաներով լուռ են:

Ազերիական այս հին ու նոր սպառնալիքներուն համար տակաւին լռութիւն պահող նոյն տեսակի մարդիկն են որ սակայն առիթը չեն փախցներ ամէն առիթով վարկաբեկել փորձելու մեր Եկեղեցին, ի միջի այլոց մեղադրելով զայն յայտարարելով, որ  «եկեղեցականները քաղաքական դիրքորոշում ունենալու իրաւունքը չունին»:

Ինչպէ՞ս հասկցնել, ըստ երեւոյթին Հայոց պատմութիւնը ընդհանրապէս չիմացող այս նորելուկ իշխանիկներուն, որ Հայ եկեղեցին ինքն է, որ պահած է մեր երկիրն ու ժողովուրդը, երբ դարեր շարունակ կորսնցուցած եղած ենք մեր պետականութիւնը: Ինչպէ՞ս հասկցնել այս մարդոց, որ ինչպէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, այնպէս ալ Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան գաղափարական ամենակարեւոր հիմքերէն են եւ առանց այս հիմքերուն մենք շուտով կը կորսնցնենք մեր պետութիւնը եւ դժուարութիւնը կ՛ունենանք գոյատեւելու որպէս ազգ:

Այսօր ազերին դարձեալ կը սպառնայ: Ինչո՞ւ պիտի չսպառնայ երբ լաւ գիտէ մեր երկրին իշխանութիւններուն կրաւորական դիրքը: Մինչեւ ե՞րբ այս պարտուողականութիւնը: Մինչեւ, ո՞ւր «խաղաղութիւն» մուրալու այս ամօթալի մարմաջը: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները, ի՞նչ գինով վերջապէս պիտի հասկնան, որ պատերազմէն վախցողը, շուտով կ՛ունենայ թէ՛ պատերազմը եւ թէ՛ պարտութիւնը…:

9 Նոյեմբեր 2020 չարափաստիկ թուականէն առ այսօր, երբ Արցախի հողին մեծ մասին յանձնումին ընդմէջէն, թշնամիին յանձնուեցաւ նաեւ Քարվաճառի շրջանը, ուր կը գտնուի մեր Սուրբ վանքը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի օրհնութեամբ ու քաջալերանքով, Մայր Աթոռի միաբանութեան անդամ խումբ մը քաջարի հոգեւորականներ, մահուան ամենօրեայ վտանգի տակ, կը շարունակեն հայկական պահել Դադիվանքի վանական համալիրը:

Առաջին անգամը չէ ազերիական սոյն սպառնալիքը: Վանքէն հեռանալու հերթական վերջնագիրներէն մէկուն պահուն տողերս գրողը կը գտնուէր Ս. Էծմիածնայ Վեհարանը, պատահաբար համեստ վկան հանդիսանալով ու ականջալուր ըլլալով Վեհափառին անզիջող ու անկոտրում հակադարձութեան, որուն կը պարտինք Դադիվանքը ամէն գնով հայկական պահելու փաստը:

Կը մնայ ըսել, որ քաղաքականութեամբ զբաղելու մենաշնորհը ունենալ կարծողները, թող որ հերթը իրենցը համարեն այսօր պատշաճ պատասխանը տալու ազերիական վերջին սպառնալիքին, որուն համար անշուշտ մեր կասկածները ունինք: Փոխարէնը կը հաւատա՛նք, որ դարձեալ Մայր Աթոռն է, որ իր դարաւոր առաքելութեանը հաւատարիմ իր պատուաբեր գործը պիտի ընէ, Դադիվանքէն դարձեալ հեռացնելու անոր սպառնացող վտանգը:

Փառք ու պատիւ Հայրենիքը պահող մեր Եկեղեցիին ու անոր անվեհեր ծառայողներուն:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին