Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Աբեղեանականին Անգլերէ՞նն ալ Կայ…

Սոյն պարբերական շարքը կը նպատակադրէ մեր Հայրենիքին մէջ առկայ առօրեայ կարգ մը յոռի երեւոյթներուն յականէ անուանէ մատնանշումը:

Ընտրած ենք երգիծական ոճը, ժանրին յատուկ խոշորացոյցով մը լուսարձակի տակ առնելու համար այնպիսի վիճակներ, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ մեր երկրին զարգացման:

Անձնական վկայութեան վրայ հիմնուած սոյն շարքը նաեւ համեստ փորձ մըն է դրական որոշ փոփոխութիւն մտցնելու, գոյութիւն ունեցող ոչ անպայմանօրէն գովելի մշակոյթի մը մէջ, կողքէն դիտողի անաչառ ու մտահոգ մօտեցումով:

Հաւատալով, որ հասարակութեան մը դէպի աւելի լաւը փոփոխութեան նախապայմաններէն է քարացած մտայնութեան փոփոխութիւնը, կը հրապարակենք մեր շարքին երկրորդը:


Well-Tempered Armenia

Հայրենիքը Ներսէն Դիտած

«Ոդիսական» 2

Ք. Երեւան, Մեր Օրեր

ԵՐԵՒԱՆ 15.03.2023 – Արեան հերթական հետազօտութեան մը համար այցելեցի Հայաստանի մէջ անուանի՝ ախտորոշման կեդրոն մը:

Առաւօտուն ժամը 9ն էր: Լապորաթուարի առաջին այցելուն էի, որովհետեւ, թէկուզ պատերազմական վտանգներով լի, մեր Հայրենիքին մէջ կեանքը առաւօտեան 9էն առաջ չսկսիր, ներառեալ՝ լապորաթուարի աշխատանքները, ի հակասութիւն յետամնաց «արեւելեան կողմն» աշխարհի ուրկէ կու գամ, որտեղ առաւօտեան 7ին արդէն նման հաստատութիւններ դռները բաց՝ կ՛աշխատին:

Չերկարեմ: Գրանցուեցայ հետազօտութեան: Գրանցումի պահուս խնդրեցի, համապատասխան աշխատող տիկինէն արդիւնքները ելեկտրոնային նամակով (email) ստանալ, խուսափելու համար երկրորդ այց ընելէ: Տիկինը պատասխանեց, որ կարելի է եւ ելեկտրոնային նամակի հասցէս ուզեց, որ ըսեմ:

Փորձառութենէ ելլելով թուղթ մը խնդրեցի, որպէսզի գրաւոր տամ հասցէս խուսափելու համար հնարաւոր սխալներէ: Տրամադրեց:

Թուղթին վրայ առոգ բարօք նշեցի հասցէս խոշոր եւ դիւրընթերնելի գիրերով: Թուղթը յանձնեցի հարցնելով, թէ յստա՞կ է գիրս: Թուղթին գրեթէ առանց նայելու, այնպիսի ԱՅՈ՛ մը ըսաւ, որ կարծէք հարցումս մահացու մեղք մըն էր:

Վճարեցի: Ստացականը ստացայ, արիւնը յանձնեցի եւ դուրս եկայ: Բաւական հեռանալէս ետք, չեմ գիտեր ի՞նչը ինծի մխտեց, որ ստացականին վրայ աչք մը նետեմ: Նշմարեցի, որ հակառակ ջանքերուս, ելեկտրոնային հասցէս սխալ էր նշուած (անունս՝ ո՛չ իմ նշած ուղղագրութեամբ):

Ստիպուած վերադարձայ տուեալ ախտաճանաչման կեդրոնը: Ներս մտնելով մօտեցայ նոյն տիկնոջ զգուշացնելու, որ հասցէս սխալ նշած է: Համբերութեամբ իրեն բացատրեցի, որ այս պահէն խուսափելու համար էր, որ թուղթի վրայ նշած էի հասցէս եւ ամբողջ գաղափարը այն էր, որ արդիւնքները առնելու համար երկրորդ անգամ չմօտենամ, սակայն ահաւասիկ ստիպուած ետ եկայ: Թերահաւատութեամբ մը դէմքիս նայեցաւ եւ շեշտեց, թէ անկարելի է, որ սխալ գրուած ըլլայ: Ստացականը իրեն երկարեցի ցոյց տալով սխալը: Վրաս խղճացող նայուածքով մը, ըսաւ թէ ինքն է, որ ճիշդ է, որովհետեւ անունս այդպէս է, որ պէտք է գրուի…:

Ի զուր սկսայ բացատրել փորձել իրեն, որ նախ, պայման չէ, որ իր պատկերացուցած ուղղագրութիւնը ճիշդ ըլլայ: Ապա, հասցէս կրնար ամենեւին իմ անունը չըլլար, այլ որեւէ բառ մը ըլլար եւ իր պարտականութիւնն է ճիշդ վերարտադրել զայն, հակառակ պարագային ան պիտի դադրի իմ հասցէս ըլլալէ: Ջուր կը ծեծես:

Ինք ինծի չէր լսեր: Փոխարէնը ան կը պատրաստուէր ինքնարդարացումի եւ «դաստիարակիչ» ճառի մը: Նախ դարձեալ պնդեց, որ ես սխալ գրած եմ: Ապա փորձեց աղբամանին մէջ փնտռել այն թուղթը, որուն վրայ գրած էի, երեւի աչքս մտցնելու, որ ես սխալ գրած եմ…: Չգտաւ, սակայն չյանձնուեցաւ: Ըսաւ. ձեր անցագրին նայեցէք, տեսէք ձեր անունը ՀԱՍՏԱՏ իմ գրած ուղղագրութեամբ գրուած պէտք է ըլլայ: Համբերութեանս հատնումին կարմիր գիծին մօտ էի, սակայն դարձեալ ինքնազսպումի գերմարդկային ջանքերով, «ամենագէտ» հայրենակցուհիիս բացատրեցի, որ շատ ալ հաստատ ըլլալու իրաւունքը չունի: Անցագրիս մէջ անունս գրուած է ԻՄ ճիշդ տեսած ձեւով: Հետեւաբար այնքան ալ վստահ թող չըլլայ իր «հաստատէն»: Ապա դարձեալ փորձ մը ըրի իրեն հասկցնելու, որ այնտեղ ուր կը գտնուինք անցագրային կեդրոն չէ, այլ ընդամէնը ելեկտրոնային հասցէս տրամադրած էի այնպէս ինչպէս, որ ունէի անկախ իր ենթադրութիւններէն…:

Այսպէս բաւական ժամանակ վատնելէ ետք դուրս եկայ ճշգրիտ հասցէս վերջապէս յաջողութեամբ նշելէ ետք ստացականին եւ լապորաթուարին համակարգիչին մէջ, որպէսզի երեկոյեան արդիւնքներս անվրէպ ստանամ…: Թիթիզութիւն պիտի ըլլայ անշուշտ այստեղ նշել, որ այնպէս ալ չկարողացան երեկոյեան, արդիւնքներս միանգամընդմիշտ եւ մէկ նամակով փոխանցել: Հարկ եղաւ իմ միջամտութեանս, համապատասխան բաժնին յիշեցնելու, որ ղրկուածը պակասաւոր է: Պէտք է գոհ ու երջանիկ ըլլալ, որ գոնէ երկրորդ նամակով մը ազնիւ եղան ամբողջացնել…:

Նշեալ ոդիսականս ինծի յիշեցուց նմանօրինակ վիճակ մը, որ ժամանակին ապրած էի երբ մայրս Հայաստանի քաղաքացիութեան կը դիմէր: Մօրս անունը Սրբուհի է: Գրեցին ՍրՓուհի: Բողոքեցի: Աշխատողը ինծի սկսաւ տիրական բացատրութեամբ մը համոզել փորձել, որ մօրս լիբանանեան անցագրին մէջ իր անունին մէջ եղող անգլերէն P տառը (Srpouhi-ին մէջ), Փ կը թարգմանուի: Հիմա եկուր հասկցուր այդ «լուրջ» աշխատողին, որ Սրբուհի անունին արմատը սուրբ բառն է, հետեւաբար կապ չունի անգլերէնի մէջ ինչպէս կը գրուի կամ «աբեղեանական» հայերը ինչպէ՞ս կ՛ուզեն թարգմանել զայն…: Անիմաստ էր հայագիտական բացատրութիւնով լի ճիգս: Մայրս դարձաւ ՍրՓուհի…:

Այս արեւուն տակ կարճ տեւողութիւն ունեցող կեանքիս մէջ շա՜տ ուշ անդրադարձայ, որ անգլիատառ ալ Աբեղեանական ուղղագրութիւն կայ, եւ թէ նման թեմաներով պէտք չէ վիճաբանիլ ազգիս ամենագէտ ներկայացուցիչներուն հետ, եթէ կ՛ուզեմ օրերս աւելի խաղաղ ու երկար ըլլան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին