Քանի մը օրէ Հայաստանի իշխանական լրատուական միջոցները, մե՜ծ թուխով լուր մը կը տարածեն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան թուիթըրեան մէկ գրառումին մասին, որուն միջոցաւ դեսպանութիւնը կը ցաւակցի Սումկայիթի զոհերուն համար: Հայաշխարհի արեւմտամէտ զանգուածը ֆէյսպուքահայութեամբ հանդերձ գինովցած է այս լուրով, իսկ բարեմիտ Հայ մասսան չափազանց յուզուած:
Քիչ թիւով հայեր կը ստուգեն, նոյն այդ մեծ երկրին՝ ԱՄՆին, Ազրպէյճանի մէջ գործող դեսպանութեան թուիթըրի էջը, ուր ԱՄՆ բնականաբար ելլելով իր շահերէն զուգահեռ հորիզոնի վրայ, կը միանայ ազրպէյճանցիներուն սգալով Խոճալուի զոհերուն յիշատակը…:
Ամերիկեան պահուածքին մէջ, անճոռնի բան չկայ անշուշտ: Ո՛չ ալ երկու չափ երկու կշիռի խնդիր է այս: Երեւոյթը պարզապէս մեծ պետութեան մը, իր շահերէն ելլելով հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնն է, դիւանագիտական ճիշդ դրսեւորումով:
Զարմանալին անհեթեթաբար մեծ յոյսերով ապրող եւ նմանօրինակ միակողմանի լրատուութեան ազդեցութեան տակ յուզուող մեր ժողովուրդին զաւակներն են, որոնք գիտական դոյզն մօտեցումն իսկ չունին լրատուութեան մը, կամ երեւոյթի մը միւս կողմն ալ նայելու կամ համեմատելու եւ ըստ այնմ գնահատելու վիճակ մը:
Ինչ կը վերաբերի իշխանական մետիային ու անոր ետին կանգնող արեւմուտքին սիրահարուած իշխանութեան, այսօր զանց կ՛առնեմ անոր մասին երկար քննարկելը: Պարզապէս կը մաղթեմ, որ նոյն այդ արեւմուտքին գունաւոր ու փափուկ յեղափոխութիւններ հրահրելու փորձարկութիւնները մեր հայրենիքին ալ վրայ, աւելի եւս աւեր չգործած խամրի ու արաբական գարունի տարբերակով գարուններ «չվայելենք»:
Գոնէ, տողերս գրողին համար ոչ անպայմանօրէն զարմանալի, սակայն իսկական երեւոյթը նոյն օրերուն իր «տղամարդու» եւ ծակ ազգայնական կեցուածքներով ազգս յուզող Կարօ Փայլանի գրառումն էր, հետեւեալ բովանդակութեամբ. «Ես յարգանքի տուրք եմ մատուցում ինչպէս հարիւրաւոր ատրպէյճանցիների, որ սպաննուել են Խոջալուում 1992թ. փետրուարի 26-ին, այնպէս էլ հարիւրաւոր հայերի յիշատակին, որ սպաննուել են Սումգայիթում 1988թ. փետրուարի 27-ին։
Ատրպէյճանը և Հայաստանը պէտք է դէմքով կանգնեն այս ոճիրներին և արդարութիւն ապահովեն։ Այն կը բացի երկու ժողովուրդների միջև խաղաղութեան դուռը»։
Կարիքը չկայ տուեալ գրառումը երկար բարակ վերլուծելու, հասկնալու որ զայն գրողը սիրուն «վեհանձնութեամբ» մը նախ ազերիներուն կը ցաւակցի (հակառակ, որ ժամանակագրականօրէն նշեալ դէպքը աւելի նոր է քան Սումգայիթինը) ապա հայերուն: Ապա պարզ է նաեւ Փայլանի բացայայտ կամ իր գրառումին տողատակին թաքնուած մե՜ծ «դիւանագիտութիւնը»…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ