Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Մեսրոպեանի Եւ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները Մայրենիի Տօնը Նշեցին Համատեղ

Երկուշաբթի, 20 փետրուար 2023-ը աննախընթաց եւ անմոռանալի օր մը եղաւ Մեսրոպեան վարժարանի վեցերորդ կարգի աշակերտութեան համար։ Անոնք քաջալերուած նախորդ տարուան իրենց դասընկերներուն փորձառութենէն, այս տարի ալ իրենք իրենց կարգին մեր վարժարանէն ներս հիւրընկալեցին  Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտները։

Բարի գալուստի խօսքէն ետք, քոյր վարժարանի աշակերտները նախ ծանօթացան մեր դպրոցի զանազան բաժանումներուն, ապա ուղղուեցան դէպի Ֆարաճեան սրահ վայելելու համար օրուան յայտագիրը։

Բացման խօսքէն եւ յայտագրի բնոյթի ներկայացումէն ետք, նկատի ունենալով, որ 19 Փետրուարը կը զուգադիպի Յովհաննէս  Թումանեանի   ծննդեան  եւ  հայրենիքի ու սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ գիրք նուիրելու օրուան, աշակերտները առցանց այցելութիւն մը տուին Ամենայն Հայոց բանաստեղծի թէ՛ ծննդավայր Դսեղի եւ թէ Երեւանի տուն թանգարանները, կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի Երեւանի ներկայացուցիչներուն։

Շուրջ քառասունհինգ վայրկեան տեւողութեամբ, աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառութեամբ դիտեցին բանաստեղծի տուն թանգարաններու ցուցանմուշները եւ ուշի-ուշով լսեցին անոր կեանքին ու գործունէութեան մասին տրուած տեղեկութիւնները։ Աշակերտները մեծ սիրով պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն, ապա մեր վարժարանի աշակերտները ասմունքեցին «Հին Օրհնութիւն» բանաստեղծութիւնը, իսկ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները երգեցին «Կաքաւիկ» երգը վառ պահելով Ամենայն Հայոց Բանաստեղծի շունչն ու ոգին։

Ապա խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ ողջունեց երկու քոյր վարժարաններու այս երկրորդ հանդիպումը, եւ յայտնեց, որ անիկա սերտ եւ մտերիմ կապեր պիտի ստեղծէ աշակերտներուն միջեւ։ Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային կրկնուին եւ աւանդութիւն դառնան նման հանդիպումներ։

Անդրադառնալով առցանց կազմակերպուած այս ձեռնարկին, պարոն Գալուստ յայտնեց, որ մենք այսօր թէեւ հեռու ենք մեր հայրենիքէն, սակայն հոգւով ու մտքով փոխադրուեցանք այնտեղ եւ յիշատակեցինք «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ» ու «Ամենայն Հայոց Որբերու Հայրիկ»ին ծննդեան 154-րդ ամեակը։

Ան կարեւորեց նաեւ գիրք կարդալու եւ նուիրելու օրը, եւ թելադրեց աշակերտներուն, որ որեւէ առիթով իրենց սիրելիներուն, հարազատներուն եւ դասընկերներուն, այլ նուէրներու փոխարէն, գիրք մը նուիրեն, որովհետեւ ընթերցելը կը զարգացնէ մարդուն ներաշխարհը։

Խօսք առաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Պրն. Արամ Գարատաղլեան, որ նոյնպէս ուրախութիւն յայտնեց երկու քոյր վարժարաններու միջեւ տեղի ունեցող այս հանդիպումներուն համար, որուն առաջինը տեղի ունեցած էր 2021-2022 տարեշրջանին, իրենց վարժարանէն ներս ։

Սուրբ Խաչ Հարպոյեան  վարժարանէն երկու աշակերտուհիներ փոխանցելէ ետք  իրենց շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերը, աշակերտութեան բաժնեցին աղօթք մը, նուիրուած՝ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ բոլորը միաբերան աղօթելով խնդրեցին Աստուծմէ, որ զայն արժանացնէ երանելիութեան եւ սուրբերու դասին։

Անոնք յանձնեցին նաեւ յուշանուէր մը ։

Բոլոր աշակերտները ուղղուեցան դէպի բակ եւ ճաշակեցին վարժարանիս տիկնանց յանձնախումբի պատրաստած համեղ հատիկն ու թահինով հացը։

Մեր աշակերտները չէին մոռցած նաեւ յիշելու 21  Փետրուարը, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին կողմէ հռչակուած էր Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր․ այս առիթով ալ հիւրերուն նուիրեցին թռչնագիրերով պատրաստուած յուշանուէրներ։

Աշակերտները խմբային լուսանկար մը նկարուելէ ետք, բաժնուեցան իրարմէ կրկին հանդիպելու յոյսով։

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին