Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Մեսրոպեան Վարժարանը Նշեց Վարդանանց Տօնը

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարի եւս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, որուն նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 15 Փետրուար 2023-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան պատասխանատու հոգեւոր հայրերն ու վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան:

Բացման խօսքին մէջ Մեսրոպեանի աշակերտուհի Բալիկ Տօնիկեան վերահաստատեց Վարդանանց Ուխտին հայ երիտասարդութեան հաւատարմութիւնը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց վասն կրօնի եւ հայրենեաց իրենց կեանքը զոհած քաջերուն:

Գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան Մեծ եւ Փոքր Ծիծեռնակներ երգչախումբերը, ղեկավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի. Ալեքս Լեւոնեան, Յակոբ Թերզեան, Սէրլի Մուղալեան եւ Ժան Փիեռ Վարդանեան կատարեցին երաժշտական կտորներ, Մէյրի Էքմէքճեան ասմունքեց քերթուած մը՝ Յաղթանակին վերնագրով, իսկ 4-րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին խմբային ասմունք մը՝ Հայր ու Որդին:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան շեշտեց, որ հայ ազգային ինքնութեան պահպանումը ինքնին աւարայրեան ճակատամարտ մըն է, որուն միջնաբերդերը, մանաւանդ Հայ Սփիւռքին մէջ, կը շարունակեն մնալ հայ դպրոցն ու հայ եկեղեցին: Պարոն Գալուստ կոչ ուղղեց աշակերտներուն միշտ վառ պահելու Վարդանանց ոգին իրենց կեանքին մէջ, այդպիսով լուսաւորելու համար նաեւ հայութեան ընդհանրական կեանքը:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին