Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

ԳՈՅԺ – Կեանքէն Հեռացաւ Մարի Լուիզ Եագուպեան

Ցաւով իմացանք, ազգային կեանքի մէջ մեծ վաստակ ունեցող ազնուական Եագուպեան ընտանիքի երէց անդամներէն, ՀԲԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան բազմավաստակ անդամ, ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանի մօր՝ ՄԱՐԻ ԼՈՒԻԶ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆի մահուան բօթը:

Հանգուցեալը ծնած էր Եգիպտոս 1937-ին եւ իր կեանքին կարեւորագոյն հատուածը ապրած Դամասկոսի (Սուրիա) մէջ: Վերջին տասնամեակին ան իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած էր Հայաստան: Հանգուցեալը կողակիցն էր հայաշխարհի մէջ ծանօթ ազգային, Տիար Լեւոն  Եագուպեանին, որուն հետ միասին անոնք կազմած են հայոգի բարձր արժէքներով առլցուն  հայկական տոհմիկ օջախ մը:

Հանգուցեալին հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի  այսօր՝ Չորեքշաբթի 1 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարին մէջ, Էջմիածին: Յուղարկաւորութիւնն ու թաղման կարգը պիտի կատարուին Հինգշաբթի 2  Փետրուար յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, ուր հողին պիտի յանձնուի վանքին կից գտնուող Եագուպեաններու ընտանեկան դամբարանին մէջ։

***

Այս տխուր առթիւ, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մեծ ընտանիքին անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, ի մասնաւորի անոր որդւոյն՝ Տիար Վազգէն Եագուպեանին ու իր ընտանիքին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին