Երեքշաբթի, 19. 03. 2024

spot_img

Եգիպտոսի Նախագահը Ժամանեց Երեւան

Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ ալ-Սիսին ժամանեց Երևան:

Արդարեւ այսօր յետմիջօրէին Եգիպտոսի նախագահի օդանաւը վայրէջք կատարեց Երևանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, ուր զինք դիմաւորեց ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեանը:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ-Սիսին Հայաստան ժամանած է երկօրեայ պաշտօնական այցով: 

Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ Յունուարի 29-ին՝ դիմաւորոմումի պաշտօնական արարողութենէն ետք, նախագահներ Վահագն Խաչատուրեան և Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ-Սիսին առանձնազրոյց պիտի ունենան, որուն պիտի յաջորդէ երկու երկիրներուն պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Հայաստանի և Եգիպտոսի նախագահները այնուհետև հանդէս պիտի գան մամուլի համար յայտարարութեամբ:

Պաշտօնական այցին ընթացքին Եգիպտոսի նախագահը  հանդիպում պիտի ունենայ նաև վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին