Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Ամուսնացեալք. Մհեր Ճանեան ընդ Թալին Պապայեանի

Ուրախութեամբ իմացանք՝

Մհեր Ճանեան ընդ Թալին Պապայեանի

պսակադրութեան ուրախառիթ լուրը, որ տեղի ունեցած է Շաբաթ, 14 Յունուար 2023-ին Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ:

Ս. Պսակի արարողութիւնը գլխաւորած է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցուոյ Արեւելեան ԱՄՆ Կիլիկեան թեմի առաջնորդ՝ Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը, օգնականներ ունենալով Տ. Նարեկ Քհն. Թրթրեանն ու Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիշեանը: Այս առիթով Ուաշինկթընէն յատկապէս ժամանած էր Տ. Վիգէն Եպս. Այքազեանը մասնակցելու արարողութեան:

Յատկանշական եղած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին Բարեջան Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի շնորհաւորագիրը, որուն մէջ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը գրած է.

Սիրելի Մհեր եւ Թալին,

Մեծ գոհունակութեամբ կ՚ողջունեմ ձեզ՝ ձեր ամուսնութեան երջանիկ այս օրը: Երջանիկ է այս առիթը, որովհետեւ կեանքի ձեր ուղիները այսօր կը զուգադիպին ու կը միանան՝ սիրով ամրապնդուած, եւ կը ստանան մեր Տիրոջ օրհնութիւնը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Պսակադրութեան խորհուրդով:

Արդարեւ, այս առիթը երջանիկ է նաեւ ձեր ծնողներուն եւ ամբողջ Ճանեան եւ Պապայեան ընտանիքներուն համար որովհետեւ այսօր անոնք ականատես կ՚ըլլան իրենց ջանքերու պտղաբերումին եւ իրենց աշխատանքներու բարի արդիւնաւորումին:

Այսօր կը ցնծայ նաեւ Քրիստոսի եկեղեցին որովհետեւ դուք երկուքդ, որպէս զաւակներ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, ձեր կեանքերը կը միացնէք իրարու եւ կ՚ուխտէք հիմը հաստատել հայ քրիստոնեայ ընտանիքի ուր մեր տոհմիկ աւանդութիւնները պիտի ապրին եւ արդիւնաւորուին յօգուտ մեր ժողովուրդին եւ ի փառս Աստուծոյ:

Կը ցաւիմ որ պարագաներու բերումով չեմ կրնար ներկայ ըլլալ ձեզի հետ եւ անձամբ բաժնել ձեր ուրախութիւնը: Բայց գիտցէք որ մտքով ու հոգիով ձեզի հետ եմ, եւ ձեզի կը փոխանցեմ իմ սրտագին բարեմաղթութիւններս եւ հայրական օրհնութիւնս:

Այս ուրախ առիթով կը շնորհաւորեմ նաեւ ձեր ծնողներն ու համայն ընտանիքը մաղթելով որ իրենց շուքը միշտ հովանի ըլլայ ձեզի:

Ի խորոց սրտից կը մաղթեմ ձեզի անսպառ երջանկութիւն, քաջառողջ եւ արեւառատ կեանքի երկար տարիներ եւ կը կրկնեմ մեր նախնիքներու բարի մաղթանքը այս առիթով. «Մէկ բարձի վրայ ծերանաք

***

Մեր կարգին, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով կը շնորհաւորենք նորոգ պսակեալ զոյգն ու իրենց ծնողներն եւ հարազատները, ի մասնաւորի մեր թերթին հաւատարիմ ընթերցող ու բարեկամ՝ Տէր եւ Տիկ. Ներսէս եւ Հերմինէ Պապայեանները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին