Երեքշաբթի, 19. 03. 2024

spot_img

Does It Ring a Bell? Կամ, Համեմատական Մը Անցեալին Հետ, Որ Դարձեալ Նոյնութեամբ Կը Կրկնուի Մինչ Մենք Կը Մնանք Նոյն Միամիտները

Արցախի մէջ այսօր 120,000 մարդ կը տառապի այսպէս կոչուած միջազգային ընտանիքին աչքին առջեւ, մինչ Հայ ժողովուրդը, իր մեծով եւ փոքրով, այդ անգոյ մարմնին յոյսին է:

Ի դէպ, «Միջազգային ընտանիք» բառհասկացողութեան մասին, այստեղ կ՛արժէ նշել դրուագ մը. ԱՄՆ մեծագոյն տեսաբաններէն եւ մարդկային արդի պատմութեան մէջ արեւմտեան աշխարհի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ճարտարպետներէն՝ Հենրի Քիսինճըրին, լրագրողները հարցազրոյցի մը պահուն, տուեալ հարցի մը շուրջ մի քանի անգամ «միջազգային ընտանիք»ին կարծիքին մասին կը հարցնեն: Ան կը պատասխանէ. «Ո՞վ է «միջազգային ընտանիքը», տուէ՛ք ինծի անոր հեռախօսին համարը, ես զանգեմ իրեն…»:

Ոչ հեռաւոր անցեալին, Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող 1919 թուականին, հազարաւոր կիլիկիահայեր, վստահելով արեւմուտքին,  վերադարձան իրենց հարազատ օջախները եւ գրեթէ հիմնովին քանդուած իրենց քաղաքներուն վերաշինութեանը ու լծուեցան իրենց պապենական հողին վրայ բնականոն կեանքի վերադարձին ։ «Խաղաղութեան» այդ շրջանը, սակայն, երկար չի տեւեց։ Գրեթէ ամէն տեղ ու մանաւանդ հայկական նշանաւոր քաղաքներու շրջակայ գիւղերուն մէջ շուտով սկսան  երեւալ քեմալական հրոսակախումբեր: Այսուամենայնիւ, հայերս յոյսեր կը տածէինք անգլիական, ապա անոր փոխարինելու եկած ֆրանսական զինուորական իշխանութիւններուն հանդէպ։

Այդ յոյսերը, դժբախտաբար շուտով ի դերեւ ելան, երբ 1920-ի Մայիսին վերջերը, ստորագրուեցաւ ֆրանս-քեմալական զինադադարը, որուն հիման վրայ ֆրանսացիները Կիլիկիայի հայկական թագաւորութեան երբեմնի մայրաքաղաքը՝ Սիսը, յանձնելով թուրքերուն նահանջեցին, յօդս ցնդեցնելով նաեւ այնքան երկար փայփայուած ու մեզի, Կիլիկիոյ մէջ նոյն այդ Ֆրանսային խոստացած  Հայկական անկախ պետականութիւն ունենալու հեռանկարը…։

Միեւնոյն լաւատեսութեամբ եւ սնամտութեան հասնող յուսալի մտածողութեամբ (wishful thinking) շատ մը հայեր ցնծացին Ֆրանսայի այսօրուայ նախագահ Մաքրոնի թուիթըրեան հայերէն լեզուով գրառութեամբ…: Աւելին, երեւակայութեան ի՜նչ թռիչքներ տուինք ի լուր Ֆրանսայի խորհրդարանի հայանպաստ՝ յօգուտ Արցախին յայտարարութեան (կը կրկնեմ, ընդամէնը՝ յայտարարութեան), որուն շուտով յաջորդեց պաշտօնական յստակացում մը, որ այդ յայտարարութիւնը Ֆրանսայի կառավարութեան պաշտօնական կեցուածքը չէ: Եւ  որպէս «կերասը թխուածքի գագաթին» (as a cherry on the top) Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահը, Հայաստանի հողին վրայ կանգնած լիաբերան ըսաւ. «Ֆրանսան պատրաստ չէ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը»…:

Օրինակները շատ են մեր միամտութեան եւ ինչու չէ սնամտութեան ու մանաւանդ անցեալէն բան սորված չըլլալու բթամտութեան, թէ՛ պետական եւ թէ՛ ժողովրդային մակարդակով: Հապա Նենսի Փելոսիի Հայաստան այցին առիթով ցնծութիւնները, ամէն առիթով Երեւանի փողոցներուն մէջ ամերիկեան դրօշով ման գալու անհեթեթ երեւոյթը… ո՞ր մէկը թուեմ:

Ե՞րբ պիտի սորվինք, մեր շուրջը լաւ նայիլ: Պատմութեան խոր ուսումնասիրութեան կարիքը չկայ անդրադառնալու այն չարիքին մասին, որ վերջին տասնամեակին հասաւ մերձակայ արաբական աշխարհին, նոյն այդ արեւմուտքին կողմէ հրահրուած այպէս կոչուած արաբական գարունով, կամ անկէ առաջ յերիւրածոյ պատճառներով ԱՄՆին Իրաք ներխուժումով, եւ ի տես այն քաոսին, որ կը տիրէ այսօր Լիպիայէն – Սուրիա եւ նաեւ այսօր՝ Լիբանան…

Վերջերս մեր թերթին՝ ԶԱՐԹՕՆՔին  արխիւները ինծի յիշեցուցին, 35 տարիներ առաջ, աշակերտական տարիներուս՝ 11 Օգոստոս 1987ի ԶԱՐԹՕՆՔի թիւին մէջ ստորագրած «Սեւր – Չծնած Մեռած Դաշնագիր մը» յօդուածս: Ահաւասիկ հատուած մը անկէ (փակագիծերու մէջ ընդգծումներս նոր են). «…. Ընդհանրապէս Սեւրի պայմանագիրը (10 Օգոստոս 1920) Հայկական Հարցի «լուծման» մէկ դիւային ծրագիրն էր, որուն նպատակն էր «մեծադղորդ», բայց դատարկ խոստումներու գնով շանթարգել դառնալ (Ռուսական) ընկերվարական յեղափոխութեան յառաջխաղացքին, եւ երբ այդ նենգ ծրագիրը ձախողեցաւ, Դաշնակիցները հիմնովին «մոռցան» իրենց հայանպաստ խոստումները: Փաստը այն է, որ նոյնիսկ Սեւրի հաշտութեան կնքումի ժամանակ եւ անկէ ետք թուրք ջարդարարները կ՛աւերէին Հայաստանը, կը կողոպտէին ու կը ջարդէին անոր բնակչութիւնը, իսկ մեծ պետութիւնները մատը մատին չէին զարներ օգնելու իրենց «Փոքր դաշնակիցին»… Ժամանակին ճիշտ նկատած է «Լ՛հիւմանիթէ» թերթը (1904էն առ այսօր Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող ֆրանսատառ օրաթերթ), որ «Հաշտութեան պայմանագիրին աստառը» վերնագիրով հրատարակած յօդուածին մէջ գրած է. «Պատերազմի (Ա. Համաշխարհային) ամբողջ ժամանակաշրջանին Հայերը եղած են դաշնակից պետութիւններու փոքր դաշնակիցը, որուն համար Դաշնակիցները անոնց խոստացած էին անկախութիւն: Դաշնակիցներու հանդէպ իր հաւատարմութեան համար Հայաստանը խստորէն տուժած է: Թուրքերը անգթօրէն կոտորած են հարիւր-հազարաւոր հայեր, իսկ այլ հազարաւոր կեանքեր հայ ազգը կորսնցուցած է Դաշնակիցներու բանակներուն մէջ: Այդ բոլոր զոհերուն համար այդ դժբախտ երկիրը ստացաւ միայն կասկածելի հաշտութեան պայմանագիր մը»:

Դաշնակիցները նոյնիսկ չհամաձայնեցան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն 1918) դառնայ Ազգերու Լիկայի անդամ, թէեւ օրուայ դաշնակցական կառավարութիւնը սերտօրէն կը գործակցէր Արեւմտեան պետութիւններուն  հետ (Կարելի է շատ հանգիստ համեմատել այսօրուայ ՔՊ կառավարութեան պահուածքին հետ):

Արեւմտեան տէրութիւնները ինչպէս պատերազմի ժամանակ, այնպէս ալ անկէ ետք Հայաստանին նայեցան իրենց շահերու տեսանկիւնէն եւ միայն սաստկացուցին հայ ժողովուրդի դժոխային կացութիւնը: Եւ ճիշտ այդպէս ալ Սեւրի դաշնագիրը չծնած մեռաւ… »

Անցնինք յառաջ:

Հասկնալով հանդերձ յաջորդելիք միտքիս խնդրայարոյց ըլլալը, լիաբերան կ՛ուզեմ հարց տալ այստեղ. նոյնը չէ՞ պարագան այսպէս կոչուած Ուիլսընեան Քարտէսին: Ընդամէնը թուղթ մը, որուն իրագործելի ըլլալուն, կը կարծեմ, որ ԱՄՆ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընն ինքը անգամ չէր հաւատար, սակայն այդ պահուն քաղաքական այլեւայլ պատճառներով այդ պէտք էր մէջտեղ նետուէր: Վերոյիշեալ Սեւրի պայմանագիրը, որ ամէն պարագայի շուտով չեղարկուեցաւ անոր յաջորդող Լոզանի դաշնագրով, նաեւ վերոյիշեալ Ուիլսընեան Քարտէսը, գործնական մեծ նշանակութիւն մը չունէին մեր ժողովուրդին համար եւ կարելի է առեւտրային աշխարհի լեզուով զանոնք նմանցնել վրան մե՜ծ գումար նշուած պանքային չէքի մը, որ իրականութեան մէջ չունի համապատասխան գումար պանքին մէջ երբ ներկայացնենք զայն կանխիկացնելու համար…:

Այսօր այն ինչին, որ պէտք ունինք, սին խոստումները չեն, ո՛չ ալ անոնց յոյսով ապրիլը: Մեր հայրենիքին աշխարհաքաղաքական դիրքը նկատի ունենալով մեզի պէտք է նախ՝ ՃԻՇԴ կողմնորոշուիլ եւ ըստ այնմ ծրագրել մեր երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը, միշտ բանիմաց դիւանագիտութեամբ: Այս բանին զուգահեռ, ժամանակակից զէնքի պէտք է տիրանալ եւ համապատասխան ռազմարդիւնաբերութիւն պէտք է մշակել: Միայն այսպէս է, որ մենք իրաւունք եւ կարելիութիւնը կ՛ունենանք, որպէս ազգ-պետութիւն գոյատեւելու:

Մե՛նք պէտք է խաղաղութիւն պարտադրենք ու ո՛չ թէ մուրանք զայն: Պատերազմէն վախցողը կը ստանայ, թէ՛ պատերազմը եւ թէ՛ պարտութիւնը: Հետեւաբար, ինչպէս մեր պատմութեան մէջ, նաեւ այսօր, միշտ մեզմէ կախուած է, թէ մենք գառան նման կը մորթուի՞նք, թէ կը կռուինք ու արեան գնով ձեռք կը բերենք ազատութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու վերջապէս…  այդ բաղձալի խաղաղութիւնը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին