Շաբաթ, 31. 05. 2025

spot_img

Պարգեւատրումի   Հանդիսութիւն   Ի  Պատիւ   ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Թեքուանտոյի  2022-ի  Մրցանակակիրներուն

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի  Գործադիր Մարմինը   յատուկ   արարողութեամբ մը պարգեւատրեց,  Լիբանանի  թեքուանտոյի ֆետերասիոնին  հովանաւորութեամբ,   2022 տարեշրջանի  ախոյեանութեան  եւ զանազան մրցաշարքներուն  ընթացքին,  խմբային եւ անհատական մրցանակներ շահած  իր եօթ  մարզիկները եւ  մարզչական կազմը:

 Նշենք, թէ վերջերս  նոյնպէս, Լիբանանի  թեքուանտոյի  ֆետերասիոնը     նման  հանդիսութիւն մը կազմակերպած էր  ի պատիւ   2022   տարեշրջանին  ընթացքին  թեքուանտոյի  մրցանակներ նուաճած ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  եօթ  մարզիկներուն:

 Փոխան  մարզիկներուն,  թեքուանտոյի դպրոցի  մարզչական կազմի անդամներ,  «մեսթըր»ներ Նարեկ Պուլտուքեան եւ   Փաւէլ Հատատ   ներկայ գտնուեցան բաժակներու տուչութեան արարողութեան:

 Նշենք,  թէ Թեքուանտոյի դպրոցի փորձերը  տեղի կ’ունենան  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ,   «Կրենտ մեսթըր»ներ  Պասամ Աատի եւ  Քոզէթ  Պասպուսի հսկողութեան տակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին