Շնորհակալ Նախաձեռնութիւն
Ամանորեայ այս օրերուն երբ Բերձորի (Լաչին)՝ Արցախի շնչափողը հանդիսացող ճանապարհի փակումով, արցախցի փոքրիկները մնացած են առանց նուէրներու եւ ենթական են նոյնիսկ սովի:
Լիբանանի “You are my Sunshine” կարիքաւոր փոքրերու հոգատարութեան նուիրուած հասարակական կազմակերպութիւնը Արցախի շրջափակումէն մի քանի օր առաջ հասցուցած էր այնտեղ ղրկել իր անդամներուն սիրով պատրաստած ձեռագործ բուրդէ գլխարկներ եւ շալեր:
Սոյն սրտաբուխ նուէրները Նոր տարուայ նախօրէին՝ այսօր բաժնուած են Արցախի 100 սիրասուն երեխաներու, ջերմութեան եւ խինդի նշոյլ մը արմատաւորելով այս մութ օրերուն անոնց սրտիկներուն եւ աչուկներուն մէջ:
Այս փոքրիկները շատ վաղահասակ ճաշակեցին Ազրպէյճանի պետութեան անիրաւ ու անմարդկայնօրէն պարտադրած ցաւն ու զրկանքը: