Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն «Հայեր Արաբական Ծոցի Երկիրներուն Մէջ» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Հայերը Արաբական Ծոցի Երկիրներուն Մէջ» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:

Պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2022 կ. ետք ժամը 3ին, ներկայութեամբ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտօսթեանի, ԱՄԷի եւ շրջակայից հայ առաքելական թեմի առաջնորդ  հոգշ. Տէր Մեսրոպ սրբազան Սարգիսեանի եւ Քուէյթի ու յարակից շրջաններու կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Վահագն Աթաբէկեանի, արտասահմանէն ժամանած հիւրերու, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող դէմքերու, դասախօսներու, ուսանողներու:

Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան իր բարիգալուստի խօսքին մէջ նշեց, թէ «Կրնանք տեսնել Արաբական Ծոցի երկիրներուն փոխակերպումը պանդխտավայրէ, Միջին Արեւելքէն Արեւմուտք անցնելու կամուրջի, հուսկ նաեւ հայօճախացումի, իսկ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան տարիներուն՝ նաեւ անկէ եկողներու աշխատավայրի»:

Ան համառօտակի նշեց գիտաժողովներու այս շարքին ձեռքբերումներէն միքանին, ընդգծելով որ «ահա կ’իրականացնենք շարքին եօթերորդը: Այսպէսով, գումարուած կ’ըլլան 47 նիստեր, ուր ներկայացուած կ’ըլլան շուրջ 200 հայագիտական ուսումնասիրութիւններ, սփիւռքագիտութիւնը հարստացած կ’ըլլայ աւելի քան 200 ուսումնասիրութիւններով, որոնց կարեւոր մասը արդէն լոյս տեսած են հինգ հատորներով եւ գալիք երեք հատորները կ’ամրագրեն Միջին Արեւելքի այս հայօճախներուն համապատկերէն կարեւոր մասեր»:

Դոկտ. Տագէսեան նշեց, որ «ամբողջական ուսումնասիրութիւն գոյութիւն չունի շրջանի հայութեան մասին. հետեւաբար, այս գիտաժողովը աննախընթաց է իր նիւթով: Իսկ շրջանի հայոց լիարժէք համապատկերը յառաջացնելու մեր առաջարկած եւ կարելի տարբերակը դրուագայինն է, էփիզոտիքը, ուր այս կամ այն երեւոյթ, այս կամ այն ուշագրաւ պատում, դէպք, անձ, իրիղութիւն ունի ընդհանրացման ուժ եւ ճաշակ մը, ըմբռնում մը կը յառաջացնէ, որոշ գաղափար մը կու տայ հայութեան պատմութեան»: Դոկտ. Տագէսեան եզրափակեց ըսելով. «Եթէ կը գիտակցինք նման շարքի մը գիտական եւ ռազմավարական նշանակութեան, ապա յաջորդ նման շարքը պէտք է տեսնենք այսօրէն քսանամեակ մը ետք արդէն»:  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, համալսարանի պաշտօնէութեան, նախագահ Վեր. Հայտօսթեանին, որ «մխրճուեցաւ այս գիտաշարքին իրականամցան ոչ-դիւրին եւ աննախընթաց գործին»:

Իր խօսքին մէջ, Վեր. դոկտ. Հայտօսթեան ան դրադարձաւ գիտաժողովներու այս շարքին եւ նշեց որ այս եօթերորդով աւարտին կը հասնի այս շարքը, ուստի եւ արդէն քննարկումներ կան յաջորդ հանգրուանին անցնելու եւ կարելիութիւն կայ գիտաժողովներ կազմակերպելու ըստ հիմնարկներու, ըստ հասկացութիւններու, կամ ըստ վայրերու:  Ան կարեւոր նկատեց սփիւռքներու համեմատական ուսամնասիրութիւն կատարելը եւ շարունակել գործակցիլ Հայաստանի թէ այլ երկիրներու համալսարանական թէ հետազօտական կեդրոններու հետ:

Ապա զեկուցեց հիւր բանախօս՝ Դոկտ. Ժոզէֆ ԱլԱղան, որ ներկայացուց տարածաշրջանի պատմութիւնն ու քաղաքական-տնտեսական եւ ժողովրդագրական պատկերը անցնող 60 տարիներուն: Յարգելի բանախօսը անդրադարձաւ տուեալ երկիրներու անկախութեան գործընթացին, նաֆթի արտահանման, Արաբական Լիկայի, ՕՓԷՔի, Ծոցի Երկիրներու Համագործակցութիւն եւ Իսլամական Համագործակցութիւն կազմակերպութիւններու դերին եւ տեղին՝ այս երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու առումով: Դոկտ. ԱլԱղա ծանրացաւ այս երկիրներու ունեցած «սեւ ոսկիի»՝ նաֆթի հարստութեան, որ  աւազուտքի այս երկիրները վերածեց երկնաքերներու, իսկ այս օրերուն՝ ֆութպոլի աշխարհի բաժակի մրցումներով՝ ամբողջ աշխարհի մարզասէրներուն  ուշադրութիւնը բեւեռուած կը պահէ շրջանին վրայ: Ան խօսեցաւ նաեւ Արաբական Լիկայի կարեւորագոյն ժողովներուն որոնք կ’առնչուէին արաբ-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն եւ խաղաղութեան հաստատման: Հուսկ, նշեց որ Ծոցի արաբական երկիրները կը գտնուին ազգապետութեան կերտման հանգրուանին եւ հարցադրեց նաֆթի եկամուտներու օգտագործման միջոցներն եւ անոնց արդիւնաւէտութիւնը:

Ապա կարճ դադարէ մը ետք, սկսաւ առաջին նիստը: Առաջին յետմիջօրէին գումարուեցան երկու նիստեր, իսկ յաջորդ օրուան ամբողջ տեւողութեան՝ 5 նիստեր: Զեկոյցները խմբաւորուած էին վեց բնագաւառներու շուրջ.- 1) Հայերը Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ, 2) լեզու եւ ինքնութիւն,  3) հայերը Սէուտական Արաբիոյ մէջ, 4) հայերը եւ զանգուածային հաղորդակցամիջոցները, 5) հայերը Քաթարի մէջ, 6) միջպետական յարաբերութիւններ:

իտաժողովի երկու օրերուն եղան 26 զեկուցումներ, որոնք ներկայացուեցան 10 հեռակայ եւ 16 անձամբ մասնակից զեկուցաբերներու կողմէ, որոնք կու գային Երեւանէն, Մ. Նահանգներէն, ԱՄԷէն, Լիբանանէն, Քուէյթէն, Սուրիայէն եւ Լեհաստանէն:

Ստորեւ զեկուցաբերներն ու անոնց զեկոյցներուն վերնագրերը.- Դոկտ. Ժոզէֆ ԱլԱղա՝«Արաբական Ծոցի երկիրները. տնտեսական վերելք, քարիւղ եւ օտարահպատակ աշխատաւորներ (1960-2020)», փրոֆ. Ճոն Արմաճանի՝ «Սէուտական Արաբիոյ սահմանադրութիւնը եւ օտարահպատակները» եւ «Քուէյթի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց սահմանադրութիւններն եւ օտարահպատակները այնտեղ», Դոկտ. Յասմիկ Պարան՝ «Հայ ժամանակաւոր գաղթականներ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, 1970-90ականներուն», Դոկտ. Սիւզաննա Բարսեղեան՝ «Հայաստանցիները ԱՄԷում. պանդխտութիւն եւ ներառում հայ համայնքում», Բժ. Ցոլակ Պասմաճեան՝ «Հայկական համայնքները Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ», Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան՝ «Քուէյթի հայօճախին կազմաւորումը», Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան՝    «Հայե՞ր եւ հայերէ՞ն` ԺԴ. դարու Եմէնի մէջ. ռասուլիտ վեզլեցուեան բառարանը», Յարութ Տէրդաւիթեան՝ «Սէուտ Արաբիոյ մէջ հայկական կեանքը. ընկերային, մարզական, երաժշտական եւ բարեսիրական բնագաւառներ (1977-89)», Դոկտ. Դոկտ. Անի Ֆիշենկճեան՝ «Սուրիահայութեան օժանդակութիւնը բուէյթահայութեան՝ Իրաքի Քուէյթ ներխուժումէն ետք», Դոկտ. Էլիզ Գէորգեան՝ «Հայաստանցիները Արաբական Ծոցի երկրներում (ԱՄԷ, Քուէյթ, Քաթար, Պահրէյն, Սէուտական Արաբիա)», Դոկտ. Արտա Պոյնէրեան-Ճեպէճեան՝ «Քուէյթի հայօճախի սերունդներուն ազգային ինքնութեան կերտումը», Դոկտ. Անի Ճուքուլեան՝ «Արաբական Ծոցի հայերու օգտագործած լեզուն. ընկերալեզուաբանական ուսումնասիրութիւն», Զաւէն Խանճեան՝ «Պանդուխտի տարիներ Սէուտական Արաբիոյ մէջ (1973-79)», Շաքէ Մանկասարեան-Կրոկըն՝ «ԱՄԷ Ռատիօ Այգ առցանց-կայանը. համառօտ ակնարկ», Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան՝ «Քուէյթի հայօճախի երկու սիւները», Վարդան Նարինեան՝ «Քուէյթահայութեան աշխատանքային ասպարէզները», Դոկտ. Սոնա Ներսիսեան՝ «Քաթարի հայօճախի ձեւաւորումը եւ ինքնակազմակերպման փորձառութիւնը», Դոկտ. Արաքս Փաշայեան՝ «Հայկական առանցքային թեմաները Ծոցի լրատուական տիրոյթում (2016-2022)», Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան՝ «Հայ Եկեղեցին Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ», Դոկտ. Արա Սայէղ եւ Շաքէ Մ.-Կրոկըն՝ «ԱՄԷի Հայօճախին ներկայութեան շուրջ hամացանցային մետիայի համառօտ ակնարկ», Դոկտ. Լուսինէ Տանաճեան՝ «Քաթարի Հայօճախը. համայնքային կեանք եւ համարկում», Սիւզի Թաւլեան՝  «Մեր կեանքի փորձառութիւնը Ապու Տապիի մէջ (1975-1990)», Քրիստինա Եփրէմեան-Թոսունեան՝ «Շարժունակութիւն, խրթնութիւն եւ լեզուանցում. հայերը ԱՄԷի մէջ», Դոկտ. Սոնա Տօնիկեան եւ Էլիզ Գէորգեան՝ «ՀՀ-Ծոցի Արաբական երկիրներ. միջպետական յարաբերութիւններ», Դոկտ. Հրածին Վարդանեան՝ «Սթիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն (ՍՀՄԿԿ) եւ Արաբական Ծոցի հայութիւնը»:

Նիստերը վարեցին Դր.ներ Արտա Էքմէքճի, Անի Ճուքուլեան,  Ժոզէֆ ԷլԱղա, Արմէն Իւրնէշլեան, Յակոբ Չոլաքեան եւ Անդրանիկ Տագէսեան:

Աննախընթաց գիտաժողով մը եղաւ այս մէկը, որ լուսարձակի տակ կ’առնէր ցարդ շատ քիչ ուսումնասիրուած հայօճախներու խումբ մը:

Գիտաժողովին մասնակիցները կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Զեկոյցները կը զանազանուէին թէ՛ նիւթի բնոյթով, թէ՛ մեթոտոլոժիով եւ թէ՛ յառաջացման եղանակով: Ոմանք դաշտային հետազօտութեան, բանասիրական ուսումնասիրութեան, արխիւային պրպտումներու, իսկ ուրիշներ՝ փաստաթուղթերու վերլուծութեան վրայ հիմնուած էին:

Ջերմ, ազատ, անմիջական, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան շրջանի հայօճախներուն ներկային վերաբերող եւ ապագային հայող շատ հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-հայօճախներ փոխյարաբերութիւններ, Հայաստանցի հայեր-աւանդական համայնք համարկում, համապատասխան եզրոյթներ, Հայ Եկեղեցի, հայ դպրոց, պահպանում-գոյատեւում-զարգացումի խնդիրներ եւն.:

Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան ունկնդիրներ, Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներ, հետազօտողներ, մտաւորականներ շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:

Գիտաժողովին նիւթերը պիտի հրատարակուին յառաջիկային: Արդէն լոյս տեսած են Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի, Եգիպտոսի գիտաժողովներու նիւթերուն հատորները: Հատորաշարքը պիտի ամբողջանայ տակաւին Սուտան-Եթովպիոյ, Կիպրոս-Յունաստանի եւ այս գիտաժողովի նիւթերու հատորներուն հրատարակումով:

Հայկազեան Համալսարանի

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին