Հինգշաբթի, 18. 04. 2024

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  Փայլուն Արդիւնքներ Արձանագրեց Ճատրակի Երկու  Մրցաշարքներու  Մէջ

11-20  Նոյեմբերին, բաց  ճատրակի Միջազգային մրցաշարք մը  տեղի ունեցաւ, «Ֆրեր»ներու ակումբին կազմակերպութեամբ: 

 Մեծ թիւով մարզիկներու կողքին, մրցաշարքին մասնակցեցան  տասներկու  «մեսթըր» եւ  միջազգային «կրենտ մեսթըր»ներ:

ՀԵԸ  Անդրանիկ  Անթիլիաս   երեք մարզիկներով մասնակցեցաւ մրցաշարքին: ՀԵԸ-ի  ճատրակի ակադեմիայի գլխաւոր մարզիչ Անթուան   Քասիս, լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց  մրցաշարքին մասնակցող լիբանանցի  եւ  «սինիըր»  մարզիկներուն  մէջ, միաժամանակ  գրաւեց  մրցաշարքին  6-րդ դիրքը:

ՀԵԸ-ական Մայքըլ Ֆըրզլի, 1800 կէտէն վար ցուցանիշ ունեցող մարզիկներու մրցաշարքին առաջնութիւնը  շահեցաւ, իսկ  Ֆայսալ Խէյրալլա՝ 9-րդ դիրքը գրաւեց:

 ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ուսանողուհի, ՀԵԸ-ական Լիքա Ապաճեան 3-րդ դիրքը գրաւեց մրցաշարքին  մասնակցող աղջկանց մէջ:

Միւս կողմէ,  Լիբանանի  «Կոլֆ Գլապ»ը  քսան տարեկանէն  փոքրերու յատուկ  մրցաշարք մը կազմակերպած էր նոյեմբերի  մէջ: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս տասը մարզիկներով մասնակցեցաւ մրցաշարքին:  16 տարեկանէն  փոքրերու մէջ, ՀԵԸ-ական  Նետի Լուիս  երկրորդութիւնը  շահեցաւ, իսկ Սարգիս  Զէյթճեան՝ վեց տարեկանէն՝ փոքրերու   առաջնութիւնը:

 Զոյգ  մրցաշարքերը տեղի ունեցան Լիբանանի  ճատրակի  ֆետերասիոնին  հովանաւորութեան տակ:   Մրցաշարքերուն կը հետեւէր   ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի վարչութեան  պատասխանատու եւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ  Տիգրան Զէյթճեան:

*****

Այս առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ կը շնորհաւորէ բոլոր յաղթողները, ի մասնաւորի, տակաւին շատ փոքր տարիքէն, ճատրակի աշխարհի մէջ փայլուն ապագայ խոստացող Լիքա Ապաճեանը, որ ի դէպ դուստրն է Լիբանանի մօտ ՀՀ արժանաւոր հիւպատոսին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին