Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին հիմնադրութեան 63-ամեակի հանդիսութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2022-ին կէսօրին։ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան մեծ սրահը լեցուն էր Համախմբումին առաքելութեան հաւատացող հայորդիներով։
Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ներկայացուցիչներ, Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան՝ Լուսարարապետ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Բարձրաշնորհ Տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեան՝ Լուսարարապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Գերաշնորհ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան Առաջնորդ Դամասկոսի թեմի։
Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն․Վահագն Աթաբեկեան իր ազնիւ տիկնոջ հետ, Rotary Club Beirut Cedars կազմակերպութեան նախագահ՝ Ռոնի Ֆարրա եւ անդամներ, Inner Wheel կազմակերպութեան նախագահ Անի Տանձիկեան, BASSMA կազմակերպութեան նախագահ՝ Սանտրա Խլաթ Ապտէլնուր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հասարակական, ազգային բարեսիրական միութիւններու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պատկառելի հիւրեր եւ Համախմբումի անդամներ։
Լիբանանի, Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Համախմբումի վարչութեան անունով տիկին Յասմիկ Տեմիրճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, Համախմբումի հիմնադրութեան 63-րդ տարեդարձին նուիրուած շքեղ հանդիսութեան, ապա ներկայացուց օրուան յայտագիրը: Ան խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել առյաւէտ բաժնուած հիմնադիրներուն, ատենապետուհիներուն, վարչականներուն եւ բոլոր անդամուհիներուն յիշատակը:
Պատանի երգիչ Ղազար Քէօշկերեան, “Hovig Junior” ապրումով կատարեց «Էջմիածին Ի Հօրէ» եւ «Հայրապետական Մաղթանք» շարականները դաշնամուրի ընկերակցութեամբ պատանի դաշնակահար Համբիկ Մարտիրոսեանի:
Գերաշնորհ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան ընթերցեց Համախմբումի 63-րդ տարեդարձին նուիրուած Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Գիր Օրհնութիւնը, որմէ ետք Բարձրաշնորհ Տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանը ընթերցեց Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի Գիր Օրհնութիւնը:
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի վարչութեան ատենապետուհի տիկին Անահիտ Տանձիկեան իր սրտի խօսքին մէջ համառօտակի կատարեց Համախմբումին պատմականը, վաթսուն երեք տարիներու գործունէութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնեց Համախմբումին յաջողութեան սատարող բոլոր անհատներուն, կազմակերպութիւններուն: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Համախմբումին աշխատանքները քաջալերելու, միաժամանակ լիբանանահայութեան կատարած օժանդակութիւններուն համար: Տիկին Տանձիկեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Համախմբումին հանդէպ իր յարատեւ քաջալերանքին։ « Մեր համոզումն է, որ ծառայելով Մայր Աթոռին պիտի ամրանայ մեր ժողովուրդի գոյութեան նախապայման հանդիսացող Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին: Ծառայելով Մայր Աթոռին պիտի ամրապնդուի Սփիւռք – Հայրենիք կամուրջը». ըսաւ ան, ամփոփ ներկայացնելով Համախմբումին կազմակերպչական, մշակութային եւ հոգեւոր գործունէութիւնները մինչեւ օրս շարունակուող ընկերային, բժշկական, մարդասիրական ծառայութիւնները:
Նշելով լիբանանահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, ան ըսաւ.
« 2019-էն ի վեր, ի տես լիբանանահայութեան դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական ծանր պայմաններուն, Համախմբումը դիմեց Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օժանդակութեան, որ չուշացաւ օգնութեան հասնելու:
2020-2021‑ին հարիւրաւոր կարիքաւոր ընտանիքներ ( չորս տարբեր առիթներով ) նիւթական օժանդակութիւն ստացան: Այս առիթով, անգամ մը եւս մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին որովհետեւ լիբանանահայութիւնը միշտ տեղ գտած է անոր աղօթքներուն, խորհրդածութիւններուն եւ մտածումներուն մէջ:»
Ատենապետուհին շնորհակալութիւն յայտնեց «Rotary Club Beirut Cedars», «Rene Mouawad Foundation», «Inner Wheel», «BASSMA» բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որոնց հետ գործակցաբար բժշկական սարքեր, սննդանիւթ կը բաժնուի լիբանանահայ համայնքի կարիքաւորներուն:
Տիկին Անահիտ Տանձիկեան մէջբերումներ կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան 31-րդ տարեդարձին առիթով Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ուղերձէն, շեշտելով, թէ ընդգծուած են մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին բարգաւաճման յղուած իմաստալից խորհուրդներ:
«Սիրելիներ, մեր լինելութեան, մեր պետականութեան անվտանգութեան հիմնասիւնը մեր ազգային միաբանութիւնն է։ Որքան ամուր եղաւ այդ հիմքը, այնքան հաստատուն պիտի ըլլայ մեր անկախ պետականութիւնը եւ անոր նուիրական գիտակցութիւնը մեր մէջ:»
«Անկախութեան համար պէտք է տքնիլ և պայքարիլ ամեն օր։ Այսօր հրամայական է, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը համախմբուի հայրենիքի շուրջ՝ գործելով և արարելով ի շահ անոր արժանապատիւ կեանքի եւ յառաջընթացի։ Հայրենիքը եւ ազգային արժանապատւութիւնը չեն կրնար ստորադասուիլ անձնական ու հատուածական շահերուն և բարեկեցութեանը։»
«Հայրենիքը ազգի իւրաքանչիւր զաւակինն է։ Եւ բոլորս պատասխանատու ենք հայրենիքի համար, պատասխանատու ենք Աստուծոյ առջեւ, մեր սրբազան հողի ու սրբավայրերու առջեւ, պատասխանատու ենք հայրենիքին իրենց կեանքն ընծայած մեր նահատակներու եւ ապագայ սերունդներուն առջեւ։»
« Հայոց Եկեղեցին միշտ եղած է պետականութեան զօրացման նուիրեալը: Ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը եւս նոյն նախանձախնդրութեամբ պիտի շարունակենք ջանքեր բերել հայոց անկախ պետականութեան ամրապնդման կարեւոր գործին:»
Իր խօսքի աւարտին ատենապետուհին նշեց, թէ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը՝ անուն մըն է, որ խօսք չէ, այլ՝ գործ․ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի և Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ համար իր տեսակին մէջ եզակի կազմակերպութիւն մըն է:
Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, բոլոր հոգեւորականներուն ինչպէս նաև այն անհատներուն, ազգայիններուն, հաստատութիւններուն, բարերարներուն որոնք հաւատալով Համախմբումին առաքելութեան, սատար հանդիսացան եւ մինչեւ օրս թիկունք կը կենան անոր գործունէութիւններուն: Ապա ան խնդրեց, որ ծափահարութիւնով ողջունենք նախկին եւ ներկայ բոլոր վարչականները․ տիկիններ՝ Ֆրիտա Սարգիսեան՝ պատուոյ վարչական, Ալիս Եաղճեան, Անի Աղպաշեան, Հուրի Օհանեան, Անի Պոտրումեան, Հուրի Փարթամեան, Լենա Գարակէօզեան, Սիլվա Յակոբեան, Յասմիկ Տէմիրճեան եւ հանգուցեալ Ռուպինա Ճիկերեան, որուն վերջին կամքը սուրբ է Համախմբումին համար։
Համախմբումի անդամուհի Յասմիկ Տէմիրճեան ընթերցեց օրուան բանախօս, Սուրբ էջմիածինէն յատուկ Լիբանան ժամանած, Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Տէր Մուշեղ Եպիսկոպոս Բաբայեանի կենսագրութիւնը եւ բեմ հրաւիրեց զինք:
Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը շնորհաւորեց Համախմբումի հիմնադրութեան 63-րդ ամեակը եւ պատմեց 28-ամեայ յուշ մը.
«1994 թուականին, Ճեմարանի առաջին լսարանի ուսանող էի և, երբ առաջին անգամ ձեր և բոլորի կողմից այդքան սիրուած Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարում պիտի մասնակցէի ժամերգութեան, շապիկիս ներսի կողմից գրուած էր՝ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում: Եւ այսպիսով, առաջին իմ շփումը կրօնականութեան հետ, նախքան սաղմոսներ սովորելը, նախքան հոգևորականին խոնարհուիլը սովորելը պարզ դպրական շապիկի միջոցով ունեցայ ձեզ հետ սիրելիներս, ձեր գորովալից ձեռքերով ու աղօթքով պատրաստուած շապիկի միջոցով:»
Ապա խօսքը ուղղելով Համախմբումի վարչականներուն ըսաւ.
«Համախմբումի շատ սիրելի անդամուհիներ, իւղաբեր կանանց նմանողութեամբ ձեր օգտաշատ և ջերմեռանդ գործունէութիւնը, որ արդէն առաքելութիւն է դարձել, թէ տեսանելի և թէ անտեսանելի ներկայութիւնն է թողել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի և նրա թեմերի կեանքում: Ձեր գործունէութեամբ Քրիստոսի փրկաբեր առաքելութեան թարգմանն էք մեր կեանքից ներս: Հաւատում եմ, որ այդպէս է…. Աղօթում եմ, որ շարունակուի այդպէս»:
Մայր Աթոռի Լուսարարապետը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետի, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքները, ի մասնաւորի շնորհակալութիւն յայտնելով Համախմբումի ատենապետուհի տիկին Անահիտ Տանձիկեանին, անոր ամուսնոյն՝ տիար Հրայր Տանձիկեանին:
Սրբազան Եպիսկոպոսը իր խօսքը փակեց ըսելով՝ «Երանի անոնց, որոնք յիշատակ ունին Սուրբ Էջմիածինի մէջ:»
Արդ , երանի Ձեզի, Կրօնասէր, աստուածասէր տիկնայք, որ ձեր յիշատակը միշտ առկայ է Սուրբ Էջմիածինի մէջ եւ Էջմիածինի միջոցով ալ աշխարհասփիւռ հայութեան:
Հանդիսականները հաճոյքով հետեւեցան տեսաերիզի վրայ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գահակալութեան 23-րդ ամեակին նուիրուած ամփոփ հաղորդումին:
Սեղանի օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշ՝ հիւրասիրութիւն: Այդ միջոցին շնորհալի պատանի Համբիկ Մարտիրոսեան դաշնամուրի վրայ նուագեց օրուան խորհուրդին պատշաճ եղանակներ:
Համախմբումին հետ գործակցած Rotary Club Beirut Cedars, Rene Mouawad Foundation, Inner Wheel եւ Bassma Foundation լիբանանեան բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները բեմ հրաւիրուեցան եւ յուշանուէրներ ստացան ուղարկուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն, առ ի գնահատանք՝ իրենց ծառայութիւններուն տիկին Անահիտ Տանձիկեանի համառօտ անգլերէն ներկայացումէն ետք ։
Լուսարարապետ Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանի, Բարձրաշնորհ Տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանի, Հայաստանի լիազօր դեսպան՝ Պրն․Վահագն Աթաբեկեանի, Համախմբումի ատենապետուհի տիկին Անահիտ Տանձիկեանի մասնակցութեամբ, տիկիններ Սիլվա Յակոբեանի եւ Յասմիկ Տեմիրճեանի ընկերակցութեամբ կատարուեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւն։ 65 նուիրեալ անդամներ արժէքաւոր յուշանուէրներ ստացան ուղարկուած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն։
Հանդիսութեան փակման խօսքը արտասանեց Բարձրաշնորհ Տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեանը, որ ողջունեց իր հոգեւոր սրբազան եղբայրները եւ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց ատենապետուհի՝ տիկ․ Անահիտ Տանձիկեանը ու վարչութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ բոլոր հրաւիրեալները։
Արքեպիսկոպոս Օհանեան հարց տուաւ.« էջմիածինը Աստուածաշունչին մէջ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԱ՞Ծ է արդեօք։ Թոյլ տուէք երկու վայրկեան ձեզ հետ խօսիլ իմ համոզմանս մասին։
Այո՛ Աստուածաշունչին մէջ Յիսուս կ՛ըսէ թէ պիտի իջնէ Հայոց աշխարհ»։ «Նաթանայէլ առաջին աշակերտն է Յիսուսի որ Խոստովանեցաւ թէ Յիսուս է սպասուած Մեսեան․ եւ Աստուած այն երկիրը ուր քարոզեց Նաթանայէլ որ կոչուեցաւ Բարդուղիմէոս առաքեալ՝ Հայոց աւետարանիչը, դարձաւ աշխարհի առաջին Քրիստոնեայ թագաւորութիւնը, ազգը, պետութիւնը որ Քրիստոնէական հաւատքը իր պետական հաւատքը յայտարարեց։ Յիսուս՝Աստուածորդին, գիտէր թէ ան պիտի դառնայ Հայաստանի քարոզիչը աւետարանիչը, եւ ըսաւ իրեն «կը զարմանա՞ս երբ ըսի, թէ քեզ տեսայ թզենիին տակ, Վստահ եղէք պիտի տեսնէք երկինքը բացուած ու Աստուծոյ հրեշտակները, որոնք կ՛ելլեն ու կ՛իջնեն մարդու որդիին վերեւ։
Յովհաննու աւետարանի Ա․ Գլուխ 51 վերջին այս համարը Յիսուսի խոստումն է, թէ քու քարոզած երկիրդ Հայաստան պիտի իջնեմ․ Եւ այս տեսիլքն է զոր հաւատոյ մեր Հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, երբ Խոր Վիրապէն ելաւ նահատակուած Հռիփսիմեանց կոյսերը թաղեց, ապա նոյն վայրին մէջ վաթսուն օրեր Քրիստոնէական հաւատքը քարոզեց ։ Այն ատեն էր որ տեսաւ տեսիլքով Յիսուսի Էջքը երկնքէն․ Յիսուս է Հայ եկեղեցւոյ հիմերը, խաչանիշ յատակագիծը իր Ոսկի Մուրճով հաստատողը»։
Ան խօսքը աւարտեց պատգամելով. «սիրելի ներկաներ՝ Աստուած իր սէրը յայտնեց զանազան միջոցներով եւ առիթներով մեր ժողովուրդին։ Հայոց ազգը Աստուծոյ սիրելի Նոր ժողովուրդն է, իսկ մենք հեռու ենք Աստուծմէ։ Ժամանակն է որ մենք ազգովին Աստուծոյ դառնանք, հայ եկեղեցւոյ կենսական կարեւորութեանը մասին խօսինք, ան միակն է որ պիտի կարենայ ազգը միաբան դարձնել եւ իր սրբութիւններուն՝ բոլոր սրբութիւններուն հանդէպ Պաշտամունք ունենալ»։
Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան, Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան «Պահպանիչ»ով փակեցին մեծապէս գնահատելի այս եզակի հանդիսութիւնը:
ԱՆԱՀԻՏ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ