11-20 Նոյեմբերին, բաց ճատրակի Միջազգային մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ, «Ֆրեր»ներու ակումբին կազմակերպութեամբ:
Մեծ թիւով մարզիկներու կողքին, մրցաշարքին մասնակցեցան տասներկու «մեսթըր» եւ միջազգային «կրենտ մեսթըր»ներ:
ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս երեք մարզիկներով մասնակցեցաւ մրցաշարքին: ՀԵԸ-ի ճատրակի ակադեմիայի գլխաւոր մարզիչ Անթուան Քասիս, լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց մրցաշարքին մասնակցող լիբանանցի եւ «սինիըր» մարզիկներուն մէջ, միաժամանակ գրաւեց մրցաշարքին 6-րդ դիրքը:
ՀԵԸ-ական Մայքըլ Ֆըրզլի, 1800 կէտէն վար ցուցանիշ ունեցող մարզիկներու մրցաշարքին առաջնութիւնը շահեցաւ, իսկ Ֆայսալ Խէյրալլա՝ 9-րդ դիրքը գրաւեց:
ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ուսանողուհի, ՀԵԸ-ական Լիքա Ապաճեան 3-րդ դիրքը գրաւեց մրցաշարքին մասնակցող աղջկանց մէջ:

Միւս կողմէ, Լիբանանի «Կոլֆ Գլապ»ը քսան տարեկանէն փոքրերու յատուկ մրցաշարք մը կազմակերպած էր նոյեմբերի մէջ: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս տասը մարզիկներով մասնակցեցաւ մրցաշարքին: 16 տարեկանէն փոքրերու մէջ, ՀԵԸ-ական Նետի Լուիս երկրորդութիւնը շահեցաւ, իսկ Սարգիս Զէյթճեան՝ վեց տարեկանէն՝ փոքրերու առաջնութիւնը:
Զոյգ մրցաշարքերը տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին հովանաւորութեան տակ: Մրցաշարքերուն կը հետեւէր ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի վարչութեան պատասխանատու եւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Տիգրան Զէյթճեան:
*****
Այս առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ կը շնորհաւորէ բոլոր յաղթողները, ի մասնաւորի, տակաւին շատ փոքր տարիքէն, ճատրակի աշխարհի մէջ փայլուն ապագայ խոստացող Լիքա Ապաճեանը, որ ի դէպ դուստրն է Լիբանանի մօտ ՀՀ արժանաւոր հիւպատոսին: