Ուրախութեամբ իմացանք, որ հրապարակի վրայ է պոլսահայ երգչուհի՝ Մարալ Այվազի նոր երգը՝ Կռունկ:
Արդարեւ, երգին տեսերիզին մէջ ակներեւ է անոր արտադրութեան համար տարուած մեծ աշխատանքը: Մարալի հետ հաղորդակցութեան ընթացքին ան նշեց, թէ իր ընտրած այս նոր երգով ուզած է սիրուած երգերու անմոռանալի հեղինակ՝ Ալեքսէյ Հեքիմեանի ազդեցիկ երաժշտութիւնը ունենայ համապատասխան պատկերներ որոնց միջոցով ինք հնարաւորութիւնը ունենայ հոգեպարար զգացումներ պարգեւել իր ունկնդիրներուն: Մարալի վկայութեամբ, տեսահոլովակին պատրաստութեան մէջ մեծ դեր ունեցած է է նկարչուհի՝ Մարիամ Գէորգեանը:
Կռունկ երգին ձայնագրութիւնը իրագործուած է Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրդ քաղաքի մէջ, որուն մշակումը կատարած, կիթառ նուագած ու երգեցողութեան մասնակցած է՝ Ֆրանքֆուրդաբնակ Հայ երաժիշտ Առէն Էմիրզէն: Տեսահոլովակի նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի յայտնի վայրերուն մէջ, ինչպէս՝ Սաղմոսավանքի տարածքին, Սեւանայ լիճի կողքին և բարձունքներուն։
Տեսահոլովակը հովանաւորած է Պոլսահայ գործարար, բարերար՝ Պրն. Տիգրան Կիւլմէզկիլը։
Յիշեցնենք, թէ երգին բառերը Գէորգ Էմինինն են: Երաժշտութիւնը՝ Ալեքսէյ Հեքիմեանին: Երաժշտական դասաւորումն ու նուագակցութիւնը՝ Էմիրզեանին (Արէն Էմիրզ)
Ձայնագրումը՝ Ton Studio Bieber – Oliver Rüger / Frankfurt: Արտադրութեան տնօրէն, գեղարուեստական ղեկավարը՝ Մարիամ Գէորգեան:
Յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ սիրելի երգչուհիին:
«Զ.»