Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

Ազգային Ազատ Հոսանքին Ֆրէնժիէի Նախագահական Թեկնածութիւնը Ընդունելու Հաւանականութիւնը Պիտի Չկայանայ

Մինչ Լիբանանի խորհրդարանը իր 6րդ անպտուղ նիստով, կը շարունակէ իր նախագահ ընտրելու-չընտրելու անհեթեթ խաղը, երէկ արդէն յայտնի դարձաւ, Ազգային Ազատ Հոսանքին կողմէ Սուլէյման Ֆրէնժիէ թեկնածութեան հաւանական որդեգրումը պիտի չկայանայ հակառակ այն փաստին, որ վերջինս նշեալ հոսանքին գլխաւոր դաշնակից՝ Հըզպալլայի հովանաւորութիւնը կը վայելէ:

Այս բանը յայտնի եղաւ, երբ հրապարակուեցաւ Ազգային Ազատ Հոսանքի նախագահ Ժըպրան Պասիլի գաղտնի հանդիպումը Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին հետ, որուն ենթահողը Ֆրէնժիյէի թեկնածութեան ձախողութիւնն էր: Այս բանը կը փորձած է Պասիլ չկարենալով սակայն համոզել Պըրրիին, իր ծրագրով:

Պասիլ ալ համոզուած ըլլալով նախագահական պալատ հասնելու առնչութեամբ իր դժուար կացութեան, իր աշխատանքներով կը փորձէ բոլոր հաւանական թեկնածուներուն քարտերը կերպով մը այրել ինքն իր անձին յաջողութեան հաւանականութիւնները բարձրացնելու համար: Ի դէպ ան ամէն առիթով սկսած է բոլոր կողմերուն յիշեցնել, թէ իր գլխաւորած կազմակերպութիւնը ունի երեսփոխանական ամենամեծ պլոքը, որուն հետ հաշուի պէտք է նստիլ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին