Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

ՀԵԸ  Անդրանիկ  Պէյրութ  Պարտութեան Մատնեց  Աթլասը

Լիբանանի  տղոց  պասքեթպոլի Ա.  դասակարգի ախոյեանութեան  6-րդ փուլի  մրցումներուն գծով,  ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 89-87 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլասը:

Մրցումը  տեղի ունեցաւ  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի «Անդրանիկ» մարզադաշտին մէջ եւ ուղիղ   հաղորդումով  սփռուեցաւ  հեռատեսիլի MTV կայանէն, ինչպէս նաեւ  դիմատետրի   SBI էջէն:

Շնորհիւ այս  յաղթանակին, ՀԵԸ Անդրանիկ տղոց խումբը ինը կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման  հինգերորդ դիրքը:  Ախոյեանութեան  կը մասնակցին տասներկու խումբեր:

ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիչն է Սապահ Խուրին, օգնական՝ Իլիաս Մուաուատը: Խումբին պատասխանատու  տնօրէնն  է Թոնի Ճունթոյեանը:

Նորանոր յաղթանակներ  կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին