Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Մեսրոպեան Վարժարանը եւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (AVC) Կը Քննարկեն Գործակցութեան Ծրագիրներ

Նախաձեռնութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան, 16 Նոյեմբեր 2022-ին առցանց հանդիպում մը կայացաւ մէկ կողմէ վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասանիւթերու ուսուցիչներուն ու բաժիններու պատասխանատուներուն եւ միւս կողմէ՝  ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի (Armenian Virtual College) պատասխանատու աշխատակիցներուն միջեւ՝ Երեւանէն:

Հանդիպումը նուիրուեցաւ Մեսրոպեանի մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան առկայ ծրագիրները առաւել հարստացնելու միջոցներու քննարկման եւ այդ առաջադրանքին մէջ Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծրագիրներէն օգտուելու հնարաւորութիւններու ծանօթացման:

Հայկական Համացանցային Համալսարանի համագործակցութեան եւ գործառնական բաժինի ղեկավար տիկին Արփինէ Թաւաքալեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ՀՀՀ-ի ծրագիրները, որոնցմէ կ՛օգտուին հազարաւոր ուսանողներ, դպրոցներ եւ համայնքային կազմակերպութիւններ, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասանիւթերուն մէջ:

ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի բաժինի պատասխանատու ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեան իր հերթին ներկայացուց հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերող դասանիւթերու բովանդակութեան եւ ուսուցման եղանակներուն, ինչպէս նաեւ անոնց նպաստող առկայ աղբիւրներուն վերաբերող սպառիչ տեղեկութիւններ: Մեսրոպեանի ուսուցիչները յատկապէս ծանօթացան ՀՀՀ-ի հիպրիտ կրթութեան ծրագիրին, որ նախատեսուած է դպրոցներուն համար:

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ այս առիթով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկական Համացանցային Համալսարանի պատասխանատուներուն՝ հայագիտական նիւթերու դասաւանդումը արդիականացնելու նպատակին մէջ Մեսրոպեանին օգտակար դառնալու պատրաստակամութեան համար: Ան մեծապէս գնահատեց այն գործունէութիւնը, որ ՀՀՀ-ը կը տանի վասն հայկական կրթութեան, ամբողջ աշխարհի տարածքին, հաստատելով, որ Մեսրոպեան վարժարանը ընդառաջ պիտի մնայ ՀՀՀ-ի հետ գործակցութեան, հարստացնելու համար վարժարանին մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան առկայ ծրագիրները, յատկապէս ուսուցման արդիական եւ գրաւիչ ոճերու որդեգրումով:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին