Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ փուլի մրցումներուն գծով, ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ՝ 89-87 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլասը:

Մրցումը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի «Անդրանիկ» մարզադաշտին մէջ եւ ուղիղ հաղորդումով սփռուեցաւ հեռատեսիլի MTV կայանէն, ինչպէս նաեւ դիմատետրի SBI էջէն:
Շնորհիւ այս յաղթանակին, ՀԵԸ Անդրանիկ տղոց խումբը ինը կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման հինգերորդ դիրքը: Ախոյեանութեան կը մասնակցին տասներկու խումբեր:
ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի մարզիչն է Սապահ Խուրին, օգնական՝ Իլիաս Մուաուատը: Խումբին պատասխանատու տնօրէնն է Թոնի Ճունթոյեանը:
Նորանոր յաղթանակներ կը մաղթենք ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի տղոց: