Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Լիբանան Իր 79-րդ Անկախութեան Տօնը Պիտի Դիմաւորէ Նախագահական Թափուրով ու Տնտեսապէս Փլուզուած

Լիբանան իր Անկախութեան 79-րդ ամեակը պիտի բոլորէ առանց նախագահի, տնտեսապէս փլուզուած, քաղաքականապէս հանգուցաւորուած վիճակով: Ամէն պարագայի առաջին անգամը չէ, որ լիբանանցին իր երկրին Անկախութեան տօնը կը դիմաւորէ ի բացակայութիւն երկրին ղեկավարներուն:

Արդարեւ 79 տարի, մինչ Լիբանան չվայելեց լիարժէք անկախութիւն, ներքին անհաշտութեան եւ արտաքին միջամտութիւններու պատճառով:

Մինչ, բոլոր տուեալները կը նշեն, որ մինչեւ Նոյեմբերի 22, խորհրդարանը պիտի չյաջողի երկրին նախագահ ընտրել: Հետեւաբար նախագահական աթոռը պիտի մնայ թափուր: Այս իրավիճակով, արդեօ՞ք կարելի պիտի ըլլայ պաշտօնապէս տօնել համալիբանանեան մօտալուտ առիթը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին