Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Լիբանան Դարձեալ Առանց Նախագահի

Ամէն իրավիճակի հետ համակերպող լիբանանցին դարձեալ յայտնուեցաւ առանց նախագահի երկրի մը մէջ երբ շրջանաւարտ նախագահ՝ Միշէլ Աուն հրաժեշտ տուաւ նախագահական պալատին:

Առաջին անգամը չէ, որ այս երեւոյթը կ՛ապրի երկիրը, սակայն սոյն պարագան եթէ գումարենք ներկայ աննախընթաց ճգնաժամին վրայ, ապա վիճակը իրապէս անմխիթար կը դառնայ:

Աւելի ցաւալին այն է, որ հակառակ նախագահական ընտրութիւններու քանի մը անգամ կրկնուած բեմադրութիւններուն, խորհրդարանը չկրցաւ նախագահ ընտրել, մինչ ակնկալելի էր, որ գոնէ նկատի ունենալով երկրին իրավիճակը խորհրդարանը կատարէր իր ազգային պարտականութիւնը, շրջանցելու համար նախագահական հաստատութեան թափուրը մինչ երկիրը կը տուայտի պետական գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն անգործութենէն:

Նշենք, թէ Աուն իր պաշտօնը չլքած վաւերացուց նաեւ նախարարաց խորհուրդի հրաժարականը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին