Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը 40-րդ Տարեշրջանը Կը Բանայ Թեքնիք Կրթութեան Ամբողջական Ծրագիրով

Պուրճ Համուտի մէջ հաստատուած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը իր հիմնադրութեան 40-րդ տարին մուտք կը գործէ թեքնիք կրթութեան ամբողջական ծրագիրով եւ չորս տարբեր պետական վկայականներու համար նախատեսուած բաժիններով:

Նախապէս գործող BP, BT եւ TS ծրագիրներուն կողքին, 2022-2023 տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով եւ այսուհետեւ մշտապէս՝  Մեսրոպեան արուեստիցին մէջ պիտի գործեն նաեւ CAP եւ ԼT բաժինները: Այսպիսով, Մեսրոպեանը հայ համայնքի պարման-պարմանուհիներուն ու երիտասարդներուն կ՛առաջարկէ թեքնիք կրթութեան ամբողջական շրջան՝ 6-րդ դասարանին համապատասխանող տարիքէն մինչեւ բարձրագոյն կրթութիւն: Այս փաստը կ՛ամրապնդէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին իւրայատուկ դիրքն ու նշանակութիւնը շրջանի ու լիբանանահայ համայնքի կրթական միջավայրին մէջ, մեծապէս սատարելով թեքնիք կրթութեան յառաջդիմութեան եւ զայն որպէս կրթական ընտրանք ամրօրէն հաստատելուն: Վարժարանը իր 40-րդ տարեշրջանը բացաւ 307 աշակերտներով, որոնք յանձնուած են մասնագէտ եւ փորձառու ուսուցիչներու կրթութեան ու հոգածութեան, լաւապէս պատրաստուելու համար պետական քննութիւններուն: Անցեալ տարի, BP, BT եւ TS բաժիններու աւարտական բոլոր աշակերտները յաջողութիւն արձանագրեցին եւ ստացան իրենց վկայականները կրթական նախարարութենէն։

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ՝ 1129 ԱՇԱԿԵՐՏ

Միւս կողմէ, Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը այս տարի շարունակեց աճ արձանագրել աշակերտութեան թիւով եւ տարեշրջանը բացաւ 822 աշակերտներով՝ մանկամսուրէն մինչեւ Բ. Պաքալորէայի աւարտական դասարան: Այսպիսով, Արուեստից վարժարանին հետ միասին Մեսրոպեանը այս տարի կ՛ունենայ 1129 աշակերտներ: 2019-ին, այդ թիւը 913 էր:

Այս առիթով Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանին տնօրէնութիւնը կը վերահաստատէ իր կամքն ու յանձնառութիւնը լաւագոյն կրթական ծառայութիւնները մատուցելու իր աշակերտներուն: Մեր առաքելութիւնն է զարգացնել մեր սաներուն կարողութիւններն ու անհատականութիւնը ակադեմական  ամուր պատրաստութեան եւ հայկական ու քրիստոնէական դաստիարակութեան ներդաշնակութեամբ, հնարաւոր դարձնելով, որ անոնք աճեցնեն եւ իրացնեն ինքնակայացման իրենց ներուժը, ապահովութեան, հոգատարութեան, վստահութեան եւ սեփական կարողութիւններուն հանդէպ հաւատքի մթնոլորտի մը մէջ:

Տնօրէնութիւն
Հայ Կաթողիկէ  Մեսրոպեան Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին