Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Եգիպտականք (6)

            ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ  

Եգիպտերէնը իր հարցերով

Եգիպտերէնը կը նկատուի ափրո-ասիական լեզու մը, որ մէկ կողմէ կը յարի զինք շրջապատող ափրիկեան լեզուներուն, միւս կողմէ՝  ասիական լեզուներուն. այս վերջիններուն պարագային պէտք է նկատի ունենալ յատկապէս սեմական շերտը, որուն  հայրենիքը եղած է Բաբելոնը, ուրկէ յառաջացած են հետագային փիւնիկերէնը, եբրայերէնը, արամէերէնն ու ասորերէնը:

Այսպէս, օրինակ, եգիպտերէնի մէջ կը գտնենք արաբական բառեր, ինչպէս՝ mt (mot կամ  mout)՝ մահ, st, որ է սըթ՝ կին, ndjs, որ է նեճիս, այսինքն՝  մանր, նիհար, արհամարհելի եւ  նման ուրիշներ: Անշուշտ այսպիսի պարագաներու պէտք չէ եզրակացնել, թէ եգիպտերէնը հարկատու է արաբերէնին կամ փոխառութիւններ կատարած է արաբերէնէն, ոչ, այլ երկու լեզուներն ալ ունեցած են հեռաւոր հասարակաց աղբիւր մը:

Եգիպտերէնի գրաւոր լեզու ըլլալը հաստատող հնագոյն գտածոն  3200 թուականէն է Քա.. ան երանգապնակ մըն է (palette)[1], որուն բոլոր երեսներուն վրայ քանդակուած են  մեհենագրեր[2], մասնաւորաբար օրուան թագաւորին անունը՝ Nar.mer:

Այս անունը կը կազմեն  թագաւորի թագին անմիջական աջին գտնուող  երկու մեհենագրերը, որոնց  մէկը հորիզոնական է՝ կատուաձուկ մը (catfish),  միւսը ուղղահայեաց  է  առաջինին եւ գրոց, փորիչ, դուր (chisel) մըն է: Երանգապնակի այս երեսին վրայ արքան կը կրէ

Ստորին Եգիպտոսի կարմիր երկճաղ թագը, իսկ միւս երեսին վրայ՝  Վերին Եգիպտոսի կոնաձեւ սպիտակ թագը: Բաղդատել անոր պարթեւ հասակը  գաճաճ գերիներու  հետ:

Այստեղ կիրարկուած մեհենագրերն ու միւս քանդակները իրենց  ճաշակով ու  գեղեցկութեամբ ոչ մէկ ուրիշ ժամանակակից մրցորդ ունեցած են: Եւ անշուշտ  այդ  թուականին չէ որ անոնք ծնունդ առին ու հասան գեղարուեստական  նման կատարելութեան մը, այլ կ’ենթադրեն  փորձառական եւ արհեստագիտական շատ երկար անցեալ մը, որուն  տարողութիւնը  հաստատող տուեալները կը պակսին արդի գիտութեան:

Սեմական լեզուներուն պէս՝ եգիպտերէնը եւս ձայնաւոր չի կիրարկեր, այլ հարց թէ զայն կազմող բառերը օժտուած ըլլային ձայնաւորով: Այսպէս, օրինակ, Nr.mr-ը կ’արտասանենք  Նար.մեր: Այս ձայնաւորները՝ a “ա” եւ e “ե” բառերուն մէջ բոլորովին պայմանականօրէն աւելցնողը եղած է արդի եգիպտագիտութիւնը:

Չկայ լեզու մը, որուն իմացումը դիւրացնէ եգիպտերէն ուսանողին կացութիւնը, ինչպէս ֆրանսերէնի իմացումը զգալիօրէն կ’օգնէ իտալերէն սորվողին, կամ իտալերէնի իմացումը կ’օգնէ սպաներէն սորվողին: Միակ լեզուն, որ ուղիղ առնչութիւն ունեցած է եգիպտերէնի հետ՝ ղպտերէնն է, որ պատմականօրէն շարունակութիւնն է  եգիպտերէնի, սակայն   ղպտերէնը  մեռեալ լեզու է,  միւս կողմէ ինքը՝ ղպտերէնը, այնքան հեռացած է իր հեռաւոր մայրէն, որ դժուար թէ ուսանողը դիւրին-դիւրին կապեր գտնէ  երկուքին միջեւ, եւ առաջինը օգնէ հասնելու համար երկրորդին:

Կ’ըսուի, թէ այսուհանդերձ ղպտերէնի իմացութիւնը մեծապէս օգտակար եղաւ Շամպոլիոնին՝ վերծանելու մեհենագրերը. պէտք չէ մոռնալ, որ Շամպոլիոն հանճար մըն էր, եւ եթէ որեւէ ձեւով օգտուեցաւ մինչ այդ  իր հաւաքած գիտելիքներէն, ապա ղպտերէնը միակը չէր, այլ անոր կողքին իւրացուցած էր նաեւ այլ հին լեզուներ, որոնց բոլորը համատեղ   որոշ չափով  լուսաւորեցին անոր միտքն ու առաջնորդեցին  առաջին քայլերը:                                                                                                                                                               

Թեբէ, Լուքսոր (Վերին Եգիպտոս)
Նարմեր փարաւոնի կնիքը(3200 Քա.)

[1] Փոքրիկ սափոր (Գահիրէի թանգարան), որուն մէջ սնգոյր, ծարիր եւ այլ շպարներ դնելու կը ծառայէ:

[2] Անոր  բոլոր երեսները՝ համապատասխան քանդակներով ու այլ տարբերակներով,   կարելի է տեսնել  Google-ին ապսպրելով  Palette Nar.mer:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին