Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Եգիպտականք (4)

 ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ 

Իր առաջին յաջողութիւններէն խրախուսուած եւ աւելի լուսաւորուած՝ Շամպոլիոն նախաձեռնեց մեկնաբանութեանը երկու այլ փամփուշտներու, որոնք շրջանառութեան մէջ էին այդ օրերուն եգիպտագիտական շրջանակներու մէջ: Այդ փամփուշտներն էին՝    

Գիտութիւնը յաջողութիւններու միօրինակ  շղթայ մը չէ միշտ. խարխափումներն ու վերանայումները բոլորովին մարդկային են,  պատրանքները եւս: Իր առաջին տպաւորութեամբ՝ Շամպոլիոն արդէն հարբած էր ստացած արդիւնքէն, եւ չկարենալով զսպել ինքզինք՝ փողոց նետուեցաւ ան,  գնաց-գտաւ եղբայրը, որ իր մեծագոյն նեցուկն էր, իր վրայ հիացողը եւ իրմով հպարտացողը: Ան անվերապահ հաւատք ունէր կրտսեր եղբօրը հանճարին վրայ  եւ առաջնորդած էր անոր առաջին քայլերը թէ՛ ծննդավայրին մէջ, թէ՛ ընկերանալով անոր մինչեւ Փարիզ՝ Collège de France-ի մէջ անոր ուսանողութեան երկու տարիներուն:

Ուրեմն օրը 14  սեպտեմբեր 1819-ին էր, երբ, մտնելով եղբօրը գրասենեակը՝ շնչահեղձ փղձկեցաւ.

 −Je tiens mon affaire!

Յաջողած եմ: Գործս գլուխ հանած եմ:

Եւ սեղանին վրայ շաղ տուաւ սեւագրութիւններու ամբողջ տրցակ մը՝  հանդերձ եզրակացութեամբը՝ Ռամսէս եւ Թութմէս  փաrաւոններու անուններուն վերծանումը:    

Ապա, սպառած,   ուշակորոյս ինկաւ ու երկու օր ետք միայն վերագտաւ ինքզինք:


Հետագային, երբ շատ աւելի զարգացաւ եգիպտագիտութիւնը, բերուած երկու վերծանումներուն առնչութեամբ եղան հետեւեալ ճշգրտումները.          

Գալով այս վերջինին յաջորդող լորիկին, ան այլուր  “ու” ձայնաւորն է եւ կը  լրացնէ sw դերանունին արտասանութիւնը՝ առանց ինքնին այստեղ արտասանական որեւէ արժէք ունենալու: Քիչ անդին պիտի գտնենք փամփուշտի տարբերակ մը ՝ առանց  լորիկի:

Եգիպտագիտութեան ամենախրթին դրուագներն են ասոնք, ուր հնչիւնագիր գրանշաններու կողքին  հանդէս կու գան  այլ մեհենագրեր, որոնք արտասանական արժէք չունին, լուռ կը մնան, սակայն կը գրուին եւ տուեալ բառը կարելի չէ պատկերացնել առանց անոր չարտասանուող տարրերուն: Եգիպտերէն գրողը իր կարգին պիտի յիշէ ասոնք ու աւելցնէ իր գրութեան մէջ, որ այլապէս թերի կ’ըլլայ:

            Գալով Թութմէսի անունին, ուրեմն ան ունի հետեւեալ բաղադրիչները.

Ասոնք կու տան՝ Thoth. msi,     որ կը նշանակէ Թոթէն ծնեալ, Թոթածին, Թոթորդի:

Այստեղ աւարտին կը գտնենք  ծնրադիր մարդու մը մեհենագիրը, որ շատ ուրիշ  մարդկային անուններու կը կցուի՝  իբրեւ գաղափարագիր եւ արտասանական արժէք չունի:


 Ռամսէսի մէկ ուրիշ փամփուշտն է այս.

Ամէն փարաւոն կ’ունենար հինգ տարբեր փամփուշտներ, որոնցմէ մէկը կը բովանդակէր անոր ծննդեան անունը, միւսները՝ մակդիրներ էին: Երբեմն նոյն փամփուշտին մէջ կը գտնենք երկու մակդիր, ինչպէս այս բերուածն է:

–Աջակողմեան չորս մեհենագրերուն արդէն ծանօթ ենք` Râ.msi.sou “Ռան ծնաւ զայն”:

Ձախակողմեան խումբը կը կարդացուի՝ mery.Amon, որ կը նշանակէ՝ սիրեցեալ Ամոնէն: Ամոնը աստուած   մըն է:

            Բաղադրիչներն են՝


  Ռամսէս Բ. Նոյնին մոմիան                Amon եւ Mout աստուածներու միջեւ                

[1] Եգիպտական անուններու համատարած  աղաւաղումին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են երկու պատմիչներ՝ Հերոդոտոսը եւ Մանեթոնը, յատկապէս այս վերջինը, որ Գ. դարու եգիպտացի յունաբան պատմիչ է, որ գրած է Եգիպտոսի ամբողջական պատմութիւնը. պատճառ՞ը… յունարէնը ի վիճակի չէր տարադարձելու  եգիպտերէնը.  Արեւմուտքը ասոնց աղաւաղ ձեւերն է որ  իւրացուցած է:

[2] Բուն անունով Djḥouty, յոյները զայն հնչեցին Thoth: Կը համապատասխանէ մեր Տիր աստուծոյն:

[3]  Սեմական  Ալեֆն է այս, որ ընդհանրապէս  i “ի” կը տառադարձուի, երբեմն ալ  a  “ա”:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին