Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Եգիպտականք (3)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ 

Առաջին վերծանումները

Ռոզեթեան քարի առաջին շերտին մէջ յստակօրէն զանազանելի  են հինգ յատուկ ձուաձեւ շրջանակներ, իւրաքանչիւրը ձախ ծայրէն օժտուած ուղղահայեաց գծիկով մը:

Շամպոլիոն դիւրաւ կրցաւ ենթադրել, թէ այդ շրջանակներուն մէջ կը գտնուի Պտղոմէոս  (Ptolmis)  փարաւոնին անունը, քանի որ յունական հատուածին մէջ ճիշդ հինգ անգամ յիշուած է այդ անունը:

Այս շրջանակները, որ եգիպտագիտութեան մէջ cartouche “փամփուշտ” կը  կոչուին եւ յատկացուած են արքաներու, թագուհիներու եւ աստուածներու միայն, մեր սերտած շերտին մէջ ունին տարբեր ծաւալ. անոնցմէ երկուքը կը բովանդակեն եօթը մեհենագիր տառեր, մինչ միւսները աւելի  կը բովանդակեն: Սա՛ կայուն ու յստակ տուեալով, որ բոլորին  մէջ առաջին եօթն նո՛յնն են: Ռոզեթեան քարի եգիպտական  բաժնի հետեւեալ տարբերակին մէջ շատ յստակ է այդ զանազանութիւնը, ի պահանջել հարկին՝ կրնաք ազատօրէն մեծցնել զայն՝ աւելի նկատելի դարձնելու համար.

Ուրեմն երեք փամփուշտ կը գտնենք 6-րդ տողին վրայ. ձախէն առաջին երկուքը  օժտուած են եօթը մեհենագրով,  մինչ երրորդը, ինչպէս նաեւ  վարէն առաջին եւ երրորդ տողերուն վրայ գտնուող  փամփուշտները այդ եօթը մեհենագրերէն անդին ունին  շարունակութիւն մը (ստորեւ  բացատրուած է այդ շարունակութիւնը):

Շամպոլիոն կրցաւ որոշել, թէ առաջին եօթը մեհենագրերը կը ձեւացնեն ունենալ նո՛յն բովանդակութիւնը.   յունական շերտին մէջ այս հինգին կը համապատասխանէ Πτολεμαις (Ptolémaïs) արքայական անունը:

Շամպոլիոն, խորագոյն յուզումով  կանգ առնելով այս իրողութեան վրայ, սկսաւ մտովի ձայնային արժէք մը տալ  այդ անունին  համապատասխանող եօթը մեհենագրերէն իւրաքանչիւրին՝ այսպէս.

Մարդկային պատմութեան վերջին մէկուկէս հազարամեակին մէջ առաջին անգամն էր, որ այսպէս եօթը մեհենագրեր իրենց գաղտնիքը կը բացայայտէին:

Ծանօթ.−  Միւս երեք փամփուշտներուն մէջ երեւցող յաւելեալ  մեհենագրերը, որոնք առայժմ վեր էին Շամպոլիոնի հասողութենէն՝                                               

աջէն դէպի ձախ կարդալով կը  հնչեն  Ptah  mery «Փթահէն սիրեցեալ[1]»:                    

Այնուհետեւ, դէպքերու բարեբաստիկ զուգադիպութեամբ,  Շամպոլիոնի ձեռքը անցաւ  ուրիշ արքայական արձանագրութիւն մը եւս, որ նոր գտնուած էր վերին Նեղոսի Philae կղզիէն. այստեղ շրջանակի մէջ առնուած էր  անուն մը, որ անծանօթ էր իրեն: Շամպոլիոն անոր տառերը մէկ առ մէկ բաղդատեց Պտղոմէոսի անուան տառերուն հետ եւ գտաւ չորս հասարակաց նշաններ՝  

 կարճ շփոթէ մը ետք ան մտածեց Կղէոպատրայի մասին, քանի որ  փամփուշտի այդ չորս տառերը  ունէին  թագուհիի անուան տառերուն հետ  նո՛յն շարքը:

Շարունակելով խորհրդածել՝ ան նկատեց, որ Կղէոպատրայի անունին վերջը կը գտնուի   t  տառը,

որ սեմական իգական  անուններուն վրայ կը դրուի, եւ վերջապէս նոյն Կղէոպատրայի անուան վերջին շեղակի շրջանակին համար ալ եզրակացուց, թէ ան գաղափարագիր  մըն է պարզապէս, որ արտասանական արժէք չունի:

Այսպէսով Շամպոլիոն բոլորովին ինքնավստահ էր այլեւս, որ երկու փամփուշտներու մէջ  չորս մեհենագրեր՝    

ձեւով եւ արտասանութեամբ կատարելապէս կը համապատասխանէին իրարու: Նոյնհետայն՝ այստեղ կը գտնուէին երկու հնչիւնակից տառեր եւս՝  

Այս դիտարկումները  եղան Շամպոլիոնի  ճիշդ մտածողութեան ու դատողութեան եւ յամառ փնտռտուքներու առաջին երաշխիքը: Որմէ ետք աւելի խորանալով՝ ան ինքնավստահ անուանեց մնացեալ  մեհենագրերը եւս:

Այսպէսով Շամպոլիոն վերծանեց  երկու փամփուշտներու բոլոր տառերը՝ թիւով 12: Հազարաւոր տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով եգիպտական 12 մեհենագրեր կը վերծանուէին այսքան վստահութեամբ ու վաւերականութեամբ:                

Գիտնանք, որ առաջին փամփուշտին   ճիշդ    բովանդակութիւնն   է   Ptolmis, իսկ երկրորդինը՝ Cleopadrat, որուն կը յաջորդէ  շեղակի վերջին  հաւկթաձեւ շրջանակը,

տակ. ան գաղափարագիր մըն է եւ հնչիւնական  որեւէ արժէք չունի:  

Իսկ


[1] Ptah-ը աստուածութիւն մըն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին