Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Արցախ եւ Աշխարհակարգ

Քաղաքական Առակագրութիւն – 2

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ

Մուտք

Զարթօնքի 9 Յունիս 2022ի թիւին մէջ գրութեամբ մը խոստացայ քաղաքական առակագրութեամբ արտայայտել դիտարկումներս, որոնք ամէն օր կը ցցուին աչքիս:

Նիւթիս միջուկը

Պիտի ուզէի գրել մեզի հրամցուող կամ բարձրաձայնուող «խաղաղութեան դարաշրջան»ին մասին: Պիտի ուզէի լուսարձակով առակագրել Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Տաւուտ Չաւուշօղլուի «դրացիներուն հետ զերօ խնդիր» քաղաքականութեան, նաեւ՝ Թուրքիոյ անցեալ օր Իրաքի Տհոք շրջանը ռմբակոծելուն, իսկ Սուրիոյ հանդէպ ապահովութեան գօտի ստեղծելուն մասին: Այս եւ Թուրքիոյ այլ շահատակութիւններուն (աւելի ճիշտը՝ քաղաքական գործունէութեան)  տալով առակի տարազ, պիտի ուզէի այս զանոնք հրամցնել սիրելի, մտացի՛ ընթերցողներուս:

Բայց կը կարծեմ որ աւելի կարեւոր գրելիք ունիմ՝ ըստ նորագոյն դիտարկումներուս: Պիտի անդրադառնամ Արցախի տագնապին, պիտի միասին երթանք պատմական մօտիկ անցեալ, ապա հասնիլ Ա. եւ Բ. համաշխարհային պատերազմներուն, եւ այս բոլորը դիտել համաշխարհային քաղաքական համապատկերին վրայ, եւ առնչել մեր անելիքին:

ԱրցախԸ երէկ, Առջի օր, այսօր եւ վաղը

Միասին վերյիշենք 1988ի օրերը, երբ ծայր առած էր Սովետ Միութեան տարանջատումը, տապալիլ սկսած էր Վարշաւիոյ Ուխտը եւ ձեւաւորուիլ սկսած էր նոր աշխարհակարգը: Այդ տակնուվրայութեան օրերուն, այդ քաղաքական մեծ ու փոքր դոհուբոհին մէջ մենք քանի որ աւելի արթուն եւ պատրաստ էինք՝ կրցանք իրագործել Արցախի մեր երազանքը եւ հռչակել Արցախի Հանրապետութիւնը: Այլ խօսքով, Արցախի կարգավիճակը մենք փոխեցինք երբ աշխարհի կարգը կը փոխուէր երկբեւեռութենէ ուրիշ բանի:

Ի յայտ եկաւ որ աշխարհակարգի այդ փոփոխութիւնը վերջնական չէր, այլ՝ 1980ականներու աւարտէն երկրագունդը եւ անոր քաղաքական կենցաղը «պարզապէս» անցումային հանգրուան մը կը մտնէին: Նոր աշխարհակարգի մը, կամ հինը քանդելու վճռական քայլը առնուած էր այդ օրերուն: Եւ այդ օրերուն մենք կրցանք իրագործել Արցախի երազը:

Իսկ այսօր, արդեօ՞ք ձեւաւորուած է նոր աշխարհակարգը:

Դժուար թէ գտնուին երկու բանական մարդիկ որոնք պնդեն թէ նոր աշխարհակարգը ձեւաւորուած է:  Բայց շատ են այն բանական մարդիկը, որոնք կը հաւաստեն թէ կը շարունակենք գտնուիլ աշխարհակարգի անցումային շրջանին մէջ: Այլ խօսքով, աշխարհի նոր համակարգի ձեւաւորման գործընթացը ընթացքի մէջ է այսօր եւս:

Հետեւաբար, կարելի է անցնող 30 տարիներու համաշխարհային քաղաքական ընթացքը բնութագրել իբրեւ աշխարհակարգի վերափոխման անցումային շրջան մը: Այդ շրջանին (1988-2022) մենք ականատես եղանք տաք ու պաղ տարիներու՝ Արեւելեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներու (մանաւանդ Եուկոսլաւիոյ) պատերազմներուն, ապա նաեւ Արաբական Գարնան, որ աշուն բերաւ արաբ երկնակամարին: (Այստեղ կը թուեմ միայն երկուքը մեզի անմիջականօրէն մօտիկ տարածքներուն մէջ պատահածներէն):

Պատկերը աւելի ամբողջական դիտելու համար, պէտք է ուղղուիլ Ա. համաշխարհայինի սկիզբ եւ յաջորդող տարիները, գէթ 1914-1923 շրջանը, այսինքն մինչեւ Լոզանի Դաշնագիր, որով հանդարտեցաւ – գէթ ժամանակաւորապէս – համաշխարհային իրավիճակը: Սակայն Բ. համաշխարհայինն էր, որ վերջ դրաւ աշխարհակարգի ձեւաւորման անցումային երկար տասնամեակներուն, այսինքն՝ 1914-1944 շրջանին, ուրկէ ետք յառաջացաւ երկբեւեռ աշխարհակարգը երկրագունդին:

Արդ, արդեօ՞ք Ա. աշխարհամարտով թափ չէր առներ նոր աշխարհակարգի անցումային հանգրուանը (1914-18): Այդ տարիներուն մենք կորսնցուցինք Արեւմտահայաստանը եւ այնքան ուժ գտանք մեր մէջ ու կրցանք օգտագործել առիթը որ հռչակեցինք Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Արդեօ՞ք յաջորդ հանգրուանը (1918-23) պէտք չէ նկատել անցումային երկրորդ հանգրուան, երբ քաղաքական քաշքշուքի նիւթ դարձան Կիլիկիան, Արեւմտահայաստանը, Նախիջեւանը, Ղարաբաղ-Արցախը…:

Հասկնալի է, անշուշտ որ ուրիշ շատ ազգերու եւ տարածքներու ճակատագիրը եւս քաշքշուքի նիւթ դարձաւ: Մենք այստեղ, մերի՛նը լուսարձակի տակ կ’առնենք:

Ամփոփելով, կարելի է հետեւցնել, թէ գէթ վերջին հարիւրամեակին, աշխարհակարգի ցնցումներուն հետեւանքով մենք հողային խնդիրներ կ’ունենանք եւ եթէ արթուն ենք, պատրաստ, ու գիտենք օգտուիլ պայմաններէն ապա մեր պապենական հողերուն մէկ մասը կը տարազենք հայկական գերիշխանութեամբ:

Առակս զի՞նչ ցուցանէ՞:

Անցնի՛նք գործի:


[1] Լոյս տեսած Զարթօնքի 9 Յունիս 2022ի թիւին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին