Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ոչ Եւս Է Ընկ.հի Իրմա Տէր Ստեփանեանը

ԳՈՅԺ

Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք ընկ.հի Իրմա Տէր Ստեփանեանի մահը, որ պատահեցաւ 26 Մայիս 2022-ին, Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ-ի մէջ:

Իրմա Տէր Ստեփանեան եղած է ծանօթ տնտեսագէտ, ազգային-կուսակցական առաջնորդ, Մայր Աթոռի Ս. Էջմիածնի հաւատացեալ զաւակը: ՀԲԸՄի եւ ԹՄՄի անդամ էր ան ինչպէս նաեւ Ռամկավար Ազատական հաւատաւոր կուսակցական:

Իրմա Տէր Ստեփանեան ծնած է Դամասկոս Յունիս 10, 1936ին. դուստրն էր ռամկավար երախտաւորներ՝ ընկեր եւ ընկ.հի Միհրան եւ Ալիս Տէր Ստեփանեաններուն: Միհրան Տէր Ստեփանեան յայտնի գրող եւ լրագրող էր. «Զարթօնք»ի եւ ռամկավար մամուլի նուիրեալ աշխատակիցը:

Տէր Ստեփանեան ընտանիքը փոխադրուած է Լիբանան, ուր Իրմա իր բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է ֆրանսական համալսարանին մէջ: 1970ականներուն տեղափոխուած են Նիւ Ճըրզի ուր ապրած եւ ստեղծագործած է:

Իրմա Տէր Ստեփանեանի թաղմանական կարգը պիտի կատարուի Շաբաթ, 4 Յունիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:30ին Թենըֆլայի Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ մէջ:

Այս տխուր առիթով «Զարթօնք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալ ընկերուհիին քրոջ՝ ընկ.հի Սիլվային, զարմուհիին ընկեր եւ ընկ.հի Տոքթ. Վաղինակ եւ Շողիկ Չալեան Դարբինեաններուն, զարմիկին` Յովսէփ Չալեանին եւ գաղափարի ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին