Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

«Պիտի Հականեխենք Կառավարութեան Շէնքը». Հակակազային Դիմակներով «Զինուած» Քաղաքացիներ Բողոքի Գործողութիւն Կատարեցին

Մենք կը պատրաստուինք երկիրը մաքրելու այլասաերումէն. կը պատրաստուինք ախտահանելու կառավարութեան շէնքը, եւ մեր հիւանդը վերադարձնենք բնակութեան վայր: Այս մասին, երէկ Ապրիլ 27-ին, Հանրապետութեան հրապարակին մէջ շարժման ժամանակ յայտարարեց Ազատագրական շարժում նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն Վահագն Չախալեանը:

Ան ու շարժման կարգ մը անդամներ,  խորհրդանշական կերպով հագած են հակակազային դիմակներ, բժշկական խալաթներ, ձեռքերնին ունին ախտահանման համար նախատեսուած գործիքներ:

Չախալեան ըսաւ, որ հակակազը պիտի ըլլայ նոր իշխանութեան լաւագոյն գործիքներէն մէկը, կոչ ըրաւ բոլոր ընդդիմադիրներուն ձեռք բերելու հակակազ:

Շարժման մասնակիցները իրենց ձեռքին ունին «ոչ այլասերման», «Նիկոլ հեռացիր» գրութիւններով պաստառներ:

Նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն Արա Զոհրապեանը յայտարարեց, որ իշխանութիւնները ամէն ինչ ըրած են, որ այլասերուածութիւնը տեղ գտնէ մեր երկրին մէջ. «Յիշում էք Սթամպուլեան կոնվենցիա, Լանզարօթէի կոնվենցիա: Մենք պէտք է ազատուենք այլասերութիւնից: Այսօրուայ ակցիան այդ նպատակն ունի», ըսաւ Զոհրապեանը:

Մինչ շարժման մասնակիցները կը քալէին կառավարութեան շէնք, ոստիկանները կանգնեցուցին, հարցուցին` ո՞ւր կ’երթան, ապա յայտնեցին, կառավարութեան շէնքը յատուկ պահպանուող տարածք է, կոչ ընելով շրջանցել կառավարութեան շէնքը:

Քիչ անց ոստիկանները բերման ենթարկեցին Վահագն Չախալեանը, Նայիրի Հոխիկեանը եւս մի քանի հոգի,  միւսները հրելով հեռացուցին կառավարութեան շէնքէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին