Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներուն յիշատակը՝

նախագահութեամբ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

պիտի պատարագէ

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

(Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմի)

Յայտնենք, որ երեք կուսակցութեանց կազմակերպութեամբ առաւօտուն քայլարշաւ տեղի պիտի ունենայ՝ Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիասի Մայրավանք, ուր Սրբոց Նահատակաց Յուշարձան-մատրան առջեւ տեղի պիտի ունենայ սրբոց նահատակաց բարեխօսական կարգ եւ ապա Վեհափառ Հայրապետը մեր ժողովուրդի զաւակներուն պիտի ուղղէ իր Հայրապետական պատգամը։

Ուստի, կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մասնակցելու եկեղեցական արարողութեան ու ժողովրդային քայլարշաւին եւ իրենց արժանի յարգանքը ընծայելու մեր բիւրաւոր նահատակներու անմահ յիշատակին, ինչպէս նաեւ զօրավիգ կանգնելու անոնց նուիրական դատին։

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին