Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Շատ Ապրիր Շա՜տ Կը Տեսնես»

Տեսանկիւն

Վերջերս ընկերային համացանցի օգտատէրերուն էջերը թնդացին այստեղ երեւցող յայտարարութեան նկարին նիւթով:

Լիբանանի Կրթութեան նախարարին վերագրուած սոյն յայտարարութեան նիւթը, ծանուցումն է Քաթարի մէջ ուսուցչական ասպարէզի վերաբերող՝ 2022-2023 տարեշրջանին համար, տարբեր նիւթեր դասաւանդելու պաշտօնի կոչուելու կարելիութեան մասին:

Յայտարարութեան մէջ, Լիբանանի Կրթութեան նախարարը «կը քաջալերէ» լիբանանցի ուսուցիչները, առցանց դիմումնագիր լեցնելով դիմելու վերոյիշեալ պաշտօններուն: Աւելի եւս դիւրացնելու համար գործընթացը, փափաքողներուն տրամադրուած է նաեւ կայքէջի հասցէ…:

Անհաւատալի թուացող սիւն նիւթը զարմանքով հրապարակուած է նաեւ կրթութեան հետ կապակցուած լուրջ կայքերու վրայ: Պնդողներ ալ կան, թէ սոյն յայտարարութիւնը պահ մը տեղադրուած էր Լիբանանի Կրթութեան նախարարութեան կայքէջին վրայ ու յետ աղմուկի՝ շուտով վերցուած:

Ամենայն վերապահութեամբ կը մօտենանք սոյն լուրին, սակայն կը զարմանանք, որ հակառակ յարուցուած մեծ աղմուկին, ան երբեք պաշտօնապէս չհերքուեցաւ տակաւին: Կայ աւելի վատը: Այցելեցինք յայտարարութեան վրայ նշուած կայքէջը, ուր մեզի յայտնի դարձաւ, որ տուեալ պաշտօնները վերապահուած են Քաթարի քաղաքացիութիւնը կրողներուն: Այսինքն, յայտարարութիւնը իրաւ ըլլալու պարագային, խնդրոյ առարկայ պետական պաշտօնեան նոյնիսկ այս մանրամասնութիւնը չէ նկատած իր «ամբողջանուէր բարեգործութեան» չդիմած:

Շատ ապրիր շա՜տ կը տեսնես (իիշ քթիր պթշուֆ քթիր) կ՛ըսէ արաբերէն ասացուածքը:

Լուրը ստոյգ ըլլալու պարագային, անհեթեթութեան գագաթնակէտը հանդիսացող սոյն յայտարարութիւնը վերջին հարուածը կու տայ լիբանանեան արդէն իսկ տատանուող դպրոցին, որուն դիմագրաւած մարդուժի պակասն ու «ուղեղներու արտահոսքին» պատճառով երկրին մէջ մնացածին մասնագիտական որակը, լուրջ հարցականի տակ կը դնէ, նոյնինքն Լիբանանի 2022-2023 կրթական տարեշրջանը…:

Ամէն պարագայի շատ բան կարելի չէ յուսալ պետութեան մը մէջ, ուր դրամատնային համակարգի մասնագէտ մը կրթութեան նախարար կը նշանակուի, կամ նախարարութիւններու ընդհանուր տնօրէններ արձակուրդի մէջ կը գտնուին, մինչ նախարարութիւններն  ալ շաբթուայ ընթացքին մի քանի օր կ՛աշխատին, եթէ ամենեւին կ՛աշխատին: Հետեւաբար երբ կրթութեան նախարարութիւն մը շփոթուի ուսուցիչներուն արտերկրին մէջ աշխատանք ապահովող գործակալութեան մը հետ՝ պէտք չէ շատ զարմանալ:

Վերջապէս, սրտանց սպասելով, որ սոյն լուրը պաշտօնապէս կը հերքուի այսօր, բարի լոյս եւ բարի օր ձեզի:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին