Հինգշաբթի, 28. 03. 2024

spot_img

Մարտահրաւէր

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Վաղ արթնացիր, սերմնացան, այս պատուէրը քեզ վաղուց տրուած է.
Բայց ունե՞ս աչքեր սրատես, որ մթնում հերկերը տեսնես:
Ե. Չարենց

“Հացի, օդի, ջուրի նման մենք պէտք ունինք հպարտութեան” (Վ.Թէքէեան). որքա՜ն ճշմարիտ, սակայն երբ այդ հպարտութիւնը արդարացուած չէ կ՝ունենանք հակառակ արդիւնք:

Բազմիցս, տեղի անտեղի կը լսենք  “Մենք առաջին Քրիստոնեայ ժողովուրդն ենք”: Աղէկ, պատիւ իրենց կամ՝ մեր անցեալին, հայրերուն որոնք Աստուածաշունչը թարգմանեցին հայերէնի, որուն առաջին նախադասութիւնն իսկ պատգամ ունի  “Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ  զբանն հանճարոյ“: Արդ, որքանո՞վ հետամուտ ենք կատարելու վերոյիշեալ միքանի բառերէ կազմուած նախադասութեան միտք բանին: Խնդիրը սակայն հոս չի վերջանար: Շարքը երկար է եւ դարերու պատմութիւն ունի:  Նորանոր գիւտերով կը ծանրանայ,  ուստի նիւթերու բաժանում  անպայման պէտք է որ ըլլայ որպէսզի մասնագէտներ կարենան լաւագոյնս կատարել իրենց պարտականութիւն ինկած բաժինը դերերու պարունակին մէջ:

Հին  կտակարանի առաջին հինգ գիրքերը (Հնգամատեան) արդէն հիմն  են հրէութեան Մովսէսի հեղինակութեամբ որոնցմէ այսօր իսկ կրնանք դասեր քաղել՝ եթէ խոհաբար սերտենք եւ օգտուինք յանուն մեր բարուոքութեան: Առնենք միայն Բ. Օրինացէն տրուած խորհուրդները՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն՝ ի  հարկէ ամէն մէկուն իր պէտքին համեմատ: Առնենք միայն Ասերի ցեղին տրուած մաղթանքին  «Քու կօշիկներդ երկաթէ ու պղինձէ ըլլան եւ քու ուժդ քու օրերուդ չափ ըլլայ» քանի որ Ասերիին ինկած հողակտորը քարքարուտ էր… եւ օրէնքներ ու օրէնքներ կերտելու, դաստիարակելու, ուղղելու  իր ժողովուրդը:

Ի հարկէ ժողովուրդի մը կեները  դարերու ընթացքին կը կերտուին ու բնութիւնը որ կեանք իսկ է, ժողովուրդին պատմական անցեալը, օդը, ջուրը ու անցած ճանապարհը կը կերտեն  զինք ու ներկայի մէջ կ՛ըլլայ այն՝ ինչ որ եղած է արդէն:

Դժբախտաբար ինչ որ եղած ենք կարելի է եզրակացնել ե՛ւ ընդհանուրէն դատելով (Ժողովուրդի խաւէն) եւ մասնակիէն՝  Ազգային Ժողով ըսուած կռուադաշտէն, անմոռանալի յուշերով միջազգային մակարդակով: «Անկախութեան» արգասիքը արիւնոտ ու կը շարունակուի տակաւին տարբեր տարողութեամբ. հայավարի՝ զի «ՆԵՐՍԻՑ ԵՆՔ ՓՃԱՑԱԾ»:

Աղէկ,  բայց ո՞ւր է, կամ ո՞ւր են անոնք, որոնք պիտի ըլլային առաջնորդները Հայրենիքին եւ ոչ թէ հասցնէին այն մակարդակին որուն հասած ենք այսօր:

«Մեր ժողովուրդին մեծ հոգեբան է պէտք, բայց երբեմն հոգեբոյժ էլ է պէտք լինում» (Ժիրայր Դադասեան. 2014 ՄՈՆՈԼՈԿ )… եւ ոչ միայն: Շարքը կրնայ շատ երկարիլ սակայն այս մէկը եւս աւելցնենք «Զանգուածները պէտք է հասցնել գիտակցութեան» (Յ. Պալեան):

Ուրիշ դեղատոմսեր ալ կան սակայն բաւարարուինք որ կարենանք «տանիլ»: Քիչ մըն ալ երգի բաժին մը՝ «Ճարը գիտեմ ճար չունեմ» :

Կարծեմ հոս Վերջակէտ մը հանգստացուցիչ պիտի  ըլլայ ի շահ ընթերցողներուն …:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին