Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Մեթրը՝ Որ Մնաց Հաստատ Իր Կեցուածքին Ու Հաւատացածին Մէջ

Նուիրուած՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Ծննդեան 88ամեակին (ԶԱՐԹՕՆՔի Յատուկ Թիւ)

Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը ճանչցած էի անձնապէս։ Գիտէի թէ ունէր հօրս հետ ծանօթութիւն՝բայց նոյնքան եւ աւելի գործակցութիւն հօրեղբօրս՝Տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի հետ։ Ունեցած էի զրոյցներ Մեթրին հետ՝լսած էի իր դասախօսական ելոյթները բայց աւելիով հետեւած էի իր հրապարակագրական յօդուածներուն թէ մասնագիտական գրութիւններուն։ Այս բոլորին մէջէն կրցած էի ծանօթանալ իր մտքին, կեցուածքին եւ այն որուն կը հաւատար։ Տեսած էի իր ազգային գաղափարախօսական հայեցակէտերը եւ ըմբռնումները։

Հաւաքական կեանքի մէջ կը հաւատամ մտքի ու տեսակէտ-համոզմունքի տարբերութիւններուն։ Այլազանութիւնը արուեստ է, ուր պարտինք վեր առնել զայն առարկայական եւ շրջահայեաց տեսլականով։ Եւ այս իմաստով՝հաւաքական կեանքի մէջ կայ մտքի փոխանակումներ որոնք եթէ մէկ կողմէ կրնան միանշանակ ըլլալ՝ բայց նոյնքան նաեւ տարբեր իրենց տեսադաշտերով եւ ընկալումներով։ Եթէ ոչ բոլոր մտքերու մէջ կրնաս անձի մը հետ համընկնիլ՝բայց այդ տարբերութիւնները եթէ կարելի ըլլայ յարգել եւ ընդունիլ որպէս «տարբեր»՝այդ գործընթացքը կրնայ ըլլալ ոչ թէ միայն առողջ՝բայց նոյնքան նաեւ կը հարստացնէ անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքերը։ Մտքերու փոխանակումները եւ այլազանութիւնը կրնան նաեւ նորութիւններ ներմուծել հաւաքական մեր կեանքերու մէջ եւ յառաջխաղացք ապահովել՝եթէ կարենանք լաւապէս համադրել այդ բոլորը։ Եւ իմ փորձառութիւնը Մեթրին եւ անոր կեցուածքին եւ հաւատացածին մէջ այս իրավիճակն էր։ Կը տեսնէի եւ կը հետեւէի իր համոզմունքներուն՝որոնք ոչ միշտ ալ կը համընկնէին իմ համոզմունքներուս հետ։ Բայց կուզէի ընդունիլ իր տեսակէտները որպէս «տարբեր» միտք եւ համոզմունք՝եւ թէ ինչպէս կարելի կրնար ըլլալ զայն ներմուծել մեր պահանջատիրութեան ու հաւաքական ինքնութեան ու անոր անվտանգութիւնը երաշխաւորող ռազմավարութիւններուն։ Եւ մեր ազգային կեանքին մէջ մենք պէտք ունինք այս «տարբերութիւնները»՝բայց մանաւանդ զանոնք քով-քովի բերելու հրամայականը։

Բայց կար իմ եւ Մեթրին համոզմունքներուն մէջ միացնող օղակը…։

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան ջատագովն էր համահայկական եւ համասփիւռքեան կազմակերպչական կառոյց-միաւոր մը ստեղծելու տեսլականին՝ուր սփիւռքահայ իրականութիւնը պիտի կարենար ունենալ հասարակ յայտարար մը՝ ուր աւելի լաւ ու համադրուած ձեւով կրնար դրսեւորել իր պահանջատիրութիւնը։ Եւ իր այս կառոյցի միտք բանին՝Մեթրը միշտ ալ հիմնեց իրաւական ենթահողի վրայ՝ինչ որ աւելիով կ՚արժեւորէր իր տեսլականին արժանահաւատութիւնը եւ զայն իրականացնելու գրաւականը։

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան ունէր իր ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ համոզմունքները։ Եթէ մէկ կողմէ կը բարձրաձայնէր զայն՝բայց այդ բոլորը կուգար նոյնքան ներքին համոզմունքէ եւ հաւատքի մը մէջէն։ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան երբեք չի փոխեց իր համոզմունքը եւ հաւատացածը՝եւ իր երկրային կեանքի ամբողջ տեւողութեանը մնաց հաստատ անոր։ Եւ այս հաստատակամութիւնը արդիւնք է ներքին զօրաւոր ուժին։ Ուժը որ ունի մտաւոր կարողականութիւն, միտք, պաշար, գիտելիք եւ փորձ։ Մեթր Տէրտէրեանի այս հաստատակամութիւնը նաեւ արդիւնք էր իր արժանիքներուն՝որով ան մեծցաւ եւ կոփեց ու ամրագրեց իր կեանքին համար իր այս «նուիրուածութիւնը»։ Նուիրուածութիւն մը որուն համար ան մնաց հաստատ եւ երբեք չի շեղեցաւ անկէ։

Այս հաստատակամութիւնը յարգանք կը պարտադրէ։ Այս յարգանքն է որ կուզեմ տածել այսօր իմ այս գրութեամբ ՝Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի ապրած կեանքին եւ վաստակին։ Կեանք մը, վաստակ մը հայուն, հայրենիքին եւ համահայկական ու տարագիր հայուն պահանջատիրութեան եւ այս պահանջատիրութիւնը իրականացնելու իր տեսիլքին։ Ան ոչ մէկ ճիգ չի խնայեց այս տեսիլքին համար մղուող հայուն պայքարին մէջ իր կարեւոր բաժինը բերելու։

Հայուն պատմութիւնը կը շարունակուի երբ կայ ազգային գաղափարախօսութիւն մը որ հաստատ է եւ վճռական՝համոզմունքով եւ հաւատքով։ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան եղաւ հաստատ ու վճռական զինուոր մը հայուն այս շարունակական պատմութիւնը կերտելու ջանքին մէջ։

Յարգանք…

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին